Կիպրոսի Հայոց Հարցերուն Մասին Գիրք Մը
Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ «Բաժնուած կղզին» խորագրեալ գիրք մը, որու բովանդակութեան մէջ կ՚արծարծուին Կիպրոսի հայոց զանազան խնդիրները։ Հեղինակն է հրապարակագիր եւ հաղորդավար Սագօ Արեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակագիրներէն է։ Ան վերջերս նկարահանած է «Վիրաւոր կղզին» խորագրեալ վաւերագրականներու շարք մը, որու հիման վրայ պատրաստուած է այս գիրքը։ Բովանդակութեան մէջ կ՚արծարծուին տեղւոյն հայերուն բազմաբնոյթ խնդիրները՝ ունեզրկումէ սկսեալ, մինչեւ այսօրուայ իրաւունքի որոնումները։ Այս ամբողջը կը մատուցուի Կիպրոսի հիմնախնդրի ընդհանուր համայնապատկերին վրայ։ Տեղացի հայեր կը մեկնաբանեն վերջին տասնամեակներու առացքային բոլոր իրադարձութիւնները եւ անոնց ազդեցութիւնները։ Բացի 1960-70-ական թուականներու դէպքերէն, անշուշտ, այս ամբողջին մէջ պատերազմը առանձին ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։
Ի լրումն այս բոլորին, գիրքին բովանդակութիւնը ունի առանձնայատկութիւն մը։ Արդարեւ, հայկական հանրային կարծիքը երկար տարիներ Արցախի եւ Կիպրոսի հիմնախնդիրները բաղդատութեան մէջ դրած է։ Գիրքին բովանդակութիւնն ալ ունի երեսակներ՝ այդ համեմատութիւններուն կամ զուգահեռականներուն մասին։
«Բաժնուած կղզին»ի ականատեսներու վկայութիւնները լոյս կը սփռեն մերօրեայ հաշտութեան որոնումներուն վրայ, նաեւ մտահորիզոն մը կը պարզեն նպատակասլաց դիւանագիտութիւն վարելու եւ որոշումներ առնելու հորիզոնին տեսակէտէ։
Comments are closed.