Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան զինանշանը 1509-ի մանրանկարին մէջ

 

Հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին բացառիկ դեր խաղացած է Կիլիկիոյ հայկական պետականութիւնը, որ ստեղծուած եւ գոյատեւած է Միջերկրական ծովու ափին, Փոքր Ասիոյ հարաւարեւելքը, 1080 թուականէն մինչեւ 1375: Մինչեւ 1198 թուականը այն եղած է Մեծ իշխանապետութիւն, այնուհետեւ՝ թագաւորութիւն: Ներկայացնենք բացառիկ մանրանկար մը, որ կը պատկերէ Կիլիկիոյ Հայկական թագաւորութեան զինանշանը: Այն տեղադրուած է փորթուկալական «Զինանշաններու գիրք»ին (“Livro do Armeiro-Mor”) 1509 թուականին ստեղծուած ձեռագիր մատեանին 19-րդ էջին մէջ: Մանրանկարին վարի մասին մէջ տեղադրուած է «Հայաստանի թագաւորութիւն» (“Rei d Ermenia”) մակագրութիւնը:

«Զինանշաններու գիրք»ին մէջ, որ 16-րդ դարու առաջին կէսի հերալդիկայի հանրագիտարան կը համարուի, ներկայացուած են Եւրոպայի եւ յարակից տարածքներու թագաւորական, իշխանական, նահանգային եւ տարբեր այլ զինանշաններ: 161 էջէ բաղկացած փորթուկալական միջնադարեան մանրանկարչութեան այդ գլուխ գործոցը կը պահուի Լիզպոն՝ Փոլթուկալի ազգային արխիւին մէջ: Անիի Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումէն ետք Կիլիկիան կարեւորագոյն դեր խաղաց հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին՝ առաջին հերթին հայկական պետականութեան պահպանման առումով: Կիլիկեան Հայաստանը եղած է տարածաշրջանի պետութիւններու շարքին, հաւասարապէս յարաբերելով եւրոպական երկիրներու հետ, եւ իր պետական կարգը գերազանցապէս ձեւաւորած է այդ պետութիւնները կառավարող մարմիններու ազդեցութեամբ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.