Կեանքին ուղեկից ու ընկեր՝ տրամաբանութիւնը
- (0)

Բժ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ
Տրամաբանութիւնը ուղեղին ձախ կիսամասին գործունէութեան ենթակայ գիտութիւն է: Տրամաբանական անձ կը նկատուի ան, որ բազմատեսակ կացութիւններու ընթացքին ձիրքը ունի զանազանելու բարին չարէն, ու անոր լոյսին տակ առնելու պատշաճ եւ յարմարագոյն որոշումները:
Մտածումի ամէն ցոլք ու գործունէութեան ամէն արարք պէտք է կրէ բանադատութեան դրոշմը, պատմութեան ընթացքին բանականութեան նախահայրը եղած է Aristotle-ը (384-322 Ն.Ք.): Դարերու ընթացքին իբրեւ հետազօտութիւն տրամաբանութիւնը ուսումնասիրութեան առարկայ դարձած է շատ մը քաղաքակրթութիւններու կողմէ ու մեծ դեր ունեցած է փիլիսոփայութեան ու գիտութիւններու զարգացման մէջ: Պատմութեան անցած է Aristotle-ի հետեւեալ պատգամը. «Բարին բաւարար չէ ապահովելու մարդուն երջանկութիւնը, սակայն չարը բաւարար է ապահովելու անոր դժբախտութիւնը»: Բանաստեղծութենէ մը պահանջուածը ոճ, երեւակայութիւն եւ զգացում է. բայց եթէ կը պակսի անոր տրամաբանական խորքն ու յղացքը, կ’արժեզրկուի ան:
17-րդ դարուն ապրած ֆրանսացի բանաստեղծ Nicolas Boileau երեք բան կը պահանջէր գրական գործերէ՝ տրամաբանութիւն, բնականութիւն եւ ճշմարտութիւն:
Տրամաբանութիւնը մտածելու եւ ճշմարտութիւնները երեւան հանելու արուեստն է. պէտք է փնտռել անոր նպաստը՝ հակակշռելու համար վրիպումի հակամէտ մեր միտքը: Մարդկային միտքը քարացած կաղապարումներ չունի. ժամանակի ընթացքին դաւանանքներն ու տեսակէտները կրնան ենթարկուիլ փոփոխութիւններու, կայուն ու տեւական ոչինչ կայ. ամէն ինչ ենթակայ է մշտաշարժ փոփոխութեան. այս է տեսակէտը գերմանացի փիլիսոփայ Friedrich Hegel-ի (1770-1831). ինչ որ ճիշդ է այսօր, ինչ որ հասարակաց պաշտամունքի առարկայ է, դէպքերու եւ գիտութեան լոյսին տակ կրնայ նկատուիլ սխալ ու դառնալ արհամարհանքի առարկայ: Տրամաբանականին պահանջը աւելի զգալի կը դառնայ, երբ կը մտնենք հոգեբանական, ընկերային ու հասարակագիտական հարցերու մէջ. այդ պարագային պատճառի ու դրութեան եւ համադրութեան վերլուծութեան օրէնքները կը դառնան պահանջ: Ահա թէ ինչու շքեղ ոճով գրուած կարգ մը գրութիւններ կը դադրին տպաւորիչ ըլլալէ, երբ անոնց կը պակսի տրամաբանական խորքը:
Հրապարակախօսութեան մէջ փաստերն են կարեւոր. ընթերցողները լեզուական գեղեցկութենէ աւելի, պայքարներու ընթացքին կը փնտռեն փաստական գեղեցկութիւն: Դատարաններուն մէջ ճառերէն աւելի փաստերն են, որ դեր կը խաղան:
Վկաներու ներկայութիւնը դարերու ընթացքին դատի մը շահուելուն առաջին ուժը եղած է: Տրամաբանութեան վրայ յենուելով հնդիկ մը տէր դարձած է իր ձիուն, զոր հարուստ սպանացի մը խլած էր իր ձեռքէն: Դատարանին մէջ սպանացին կը պնդէր, թէ իրն է ձին. փաստի պահանջը կը դառնար անհրաժեշտ. հնարամիտ հնդիկը նետելով իր վերարկուն ձիուն գլխուն, դատաւորին դառնալով կ’ըսէ. «Տէ՛ր դատաւոր, եթէ իրն է այս ձին, թող ըսէ՝ ո՛ր աչքն է կոյր»: Սպանացին, որ այդքան մանրամասնութեամբ չէր դիտած իր յափշտակած կենդանին, «աջ աչքը» կը գոչէ: «Տէ՛ր դատաւոր, կը ստէ,- կը գոչէ հնդիկը,- որովհետեւ ձիուն ոչ մէկ աչքն է կոյր…»:
Ինչպէս կը տեսնենք, դատարաններուն մէջ տրամաբանութիւնն ու փաստը միաձուլուելով կը յանգին արդար եզրակացութիւններու…:
Տրամաբանութիւնը ամէնէն երազային ապրումներու ընթացքին իսկ, կը դառնայ անհրաժեշտ, եթէ չենք ուզեր ծիծաղելիին մօտենալ: Ներկայիս աշխարհի թիւ մէկ տրամաբանող անձը կը նկատուի Աւստրալիա ծնած ու այժմ Գալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ ուսուցանող գիտնական-թուաբանագէտ Terence Tao-ն: Ան եօթը տարեկանին իսկ դիւրաւ կը լուծէր թուաբանական ամենաբարդ խնդիրները:
Բնածին տաղանդով օժտուած՝ ներկայիս ան իբրեւ գիտնական կը գործէ արուեստական բանականութեան ճիւղին մէջ: Իր մտային ուշիմութեան չափանիշը (QI) 240 գնահատուած է մասնագէտներուն կողմէ, բաղդատմամբ պարզ մարդոց հետ, որոնց ուշիմութեան չափանիշը կը տատանի 85-115-ի միջեւ: