Կեանքէն Հեռացաւ ՀՕՄ-ի Վաստակաշատ Գործիչ Եւ Ղեկավար Հայկուշ Գեղինեան-Քոհլըրը
- (0)

Եռանդուն գործիչ եւ Հայ Օգնութեան Միութեան ղեկավարներէն Հայկուշ Գեղինեան-Քոհլըր Ուրբաթ, 11 Յուլիսին՝ 95 տարեկանին, կնքեց իր մահկանացուն:
Իբրեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ ՀՕՄի նուիրեալ անդամ ու Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հաւատարիմ սատարող՝ Գեղինեան-Քոհլըր ռահվիրայ մըն էր, որուն՝ հայ ժողովուրդի իղձերուն նկատմամբ յանձնառութիւնը զայն դարձուցին յարգելի գործիչ մը եւ բարերար մը:
ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամը սկսելու գործին գծով անոր ստանձնած ղեկավարի դերը Ջաւախքի մեր հայրենակիցներուն ապահովեց գոյատեւելու համար պէտք եղած միջոցները: Ան դարձաւ ձայնը հայ իրականութեան մաս կազմող ձայն չունեցող Ջաւախքի հայութեան:
Անոր՝ Արցախին նուիրումը զայն մղեց ի մի բերելու նմանամիտ մարդիկ՝ ներդրումներ կատարելու Շուշիի մէջ, քաղաքին պատմութիւնը պահպանելու եւ այդ համայնքին մէջ աշխատատեղեր ստեղծելու համար:
«Ասպարէզ»ը հետագային պիտի հրատարակէ աւելին Հայկուշ Գեղինեան-Քոհլըրի եւ անոր՝ համայնքին եւ հայրենիքին մատուցած սպասարկութիւններուն մասին: