«Կար ու չկար»
- (0)

Կիրակի, ապրիլ 26-ին, Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի Բաստրմաճեան թատերասրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգային-Քեպէգի Սանահին մասնաճիւղի ՆՈՒՌ (POM) Մոնթրէալ շարժանկարի յանձնախումբին, ցուցադրուեցաւ «Լինում է, չի լինում» (There Was, There Was Not) վաւերագրական, բայց միաժամանակ գեղարուեստական ժապաւէնը։
Ան նուիրուած էր Արցախի բնակչութեան կրած արհաւիրքներուն, 44-օրեայ պատերազմին, հուսկ՝ տեղահանութեան, ցոյց տալով, թէ հայոց ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի տակաւին։ Նուիրուած էր նաեւ Արցախի չքնաղ բնութեան՝ մեր կորուստին տարողութիւնը աւելի՛ զգալի դարձնելով։
Ըստ երիտասարդ շարժանկարիչին՝ Էմիլի Մկրտիչեանի, 2024-ին հրապարակուած այս ժապաւէնի իրականացումը տասը տարի առած է՝ սկսեալ իր Հայաստան ճամբորդութենէն, որմէ ետք ինք հոն մնացած է ու հետապնդած այս գործը։
Ան ընտրած է չորս արցախաբնակ հայուհիներ՝ Սվետլանա Յարութիւնեանը, Գայիանէ Համբարձումեանը, Սոսէ Բալասանեանն ու Սիրանուշ Սարգսեանը, իրենց ապրած մտերմիկ միջավայրին մէջ՝ վերապրումի իրենց առտնին կեանքով, երազներով, ուրախութիւններով ու տառապանքներով։ Անոնք կը խաղան իրենք զիրենք՝ ամենէն պարզ ու բնական ձեւով։ Առաջինը նախորդ կռիւներէն մնացած ականները հաւաքող կին մըն է, երկրորդը՝ կնոջական կեդրոն մը կը վարէ իր տունէն՝ փորձելով հարթել առօրեայ դժուարութիւնները, երրորդը կը պատրաստուի որպէս ճուտոյի մարզիկուհի՝ Ողիմպիականներուն Արցախը ներկայացնելու համար, իսկ չորրորդը ընտրարշաւի մէջ է՝ քաղաքապետական ընտրութիւններուն իբր թեկնածու՝ աւելցնելու համար իգական սեռի խորհրդականներու թիւը։ Ան նաեւ ճակատ պիտի երթայ՝ մարտիկներուն օգտակար ըլլալու համար։
Իսկ ցուցադրուող բնական տեսարանները, նոյն ինքն Էմիլիի ոսպնեակէն դիտուած, իրերայաջորդ գեղանկարչական կտաւներ ըլլան կարծես։
Հայերէն բայց անգլերէն մակագրութեամբ այս ժապաւէնը արժանացած է միջազգային գնահատանքի՝ ստանալով, ի միջի այլոց, շարժանկարի քննադատներու FIPRESCI մրցանակը (International Critics Award)՝ 2024-ի Ոսկէ ծիրան փառատօնին, Հանդիսականներու մրցանակին՝ Արժանթինի Mar del Plata փառատօնին, «Շաբթուան ժապաւէնը» գնահատումին՝ Շարժանկարի կին լրագրողներու միութեան (Alliance of Women Film Journalists) կողմէ 2025 հոկտեմբերին։
Աթոմ Էկոյեան զայն կը համարէ խորապէս զգացուած ու գեղեցկօրէն պատրաստուած ֆիլմ մը, իսկ շարժանկարի ծանօթ քննադատ Ռոպըրթ Տանիէլզ զայն կը կոչէ եղերերգական վաւերագրական մը։
Էմիլի Մկրտիչեան, որ արդէն հարուստ վաստակ մը ունի ֆիլմաշխարհին մէջ եւ իր կարգին բաւական մեծ թիւով մրցանակներ խլած է, ներկայիս կը դասախօսէ Ութայի համալսարանը։ Ան ծրագրած է իր գալիք ժապաւէններով արխիւագրել հայ մամիկներու յիշողութիւնը թէ՛ Արցախի եղեռնին առնչութեամբ, թէ՛ ալ ընդհանուր առմամբ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ՝ աշխարհի տարածքին։
Գալով Սիրանուշ Սարգսեանին, ան ալ այժմ լրագրութեան կը հետեւի՝ համայն մարդկութեան խիղճը ցնցելու համար՝ թէ՛ մեր, թէ՛ ալ այլոց արհաւիրքներուն ի տես։
Այս վերջին տեղեկութիւնները ի յայտ եկան ցուցադրութենէն ետք իրենց երկուքին ու ներկայ հանդիսականներուն, մանաւանդ մեծաթիւ երիտասարդներուն միջեւ կատարուած առցանց երկար ու համապարփակ զրոյցին ընթացքին։
Սոյն ներկայացումը հանդիսացաւ ամենէն պատշաճ աւարտը Մեծ եղեռնի 111-ամեակի նշումներուն։
Վ-Ա.Ա.