Կան Հաստատուած Խաղաղութիւնը Վիժեցնել Ուզող Ուժեր. Փաշինեան
- (0)

10 Սեպտեմբերին, հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մասին՝ յայտարարելով, որ 8 Օգոստոսին, Ուաշինկթընի մէջ կնքուած է խաղաղութիւն, սակայն ներկայիս Հայաստանի մէջ եւ անկէ դուրս կան ուժեր, որոնք կը փափաքին քայքայել եւ վիժեցնել այդ խաղաղութիւնը:
«Հնարաւոր չի չտեսնել, որ այդպիսի շահագրգռութիւն ունեցող ուժեր կան ե՛ւ Հայաստանում, ե՛ւ հեռաւոր եւ մերձակայ մօտակայքում: Հաստատուել է խաղաղութիւն, այլ բան, որ էդ խաղաղութիւնը հաստատուած պէտք է էս կէտից մենք զարգացնենք դէպի ինստիտուցիոնալ (կառուցային) ուժեղացում` ի հեճուկս նրանց, ովքեր ուզում են էս կէտից զարգացնել դէպի ինստիտուցիոնալ ոչնչացում», յայտարարեց Փաշինեան:
Իբրեւ պատասխան Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ «Զանգեզուրի միջանցք» ձեւակերպումին, զոր Իլհամ Ալիեւ գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ կը գործածէ՝ Փաշինեան խորհրդարան եկած էր Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած եռակողմ հռչակագիրին մեծ լուսապատճէնով: Խորհրդարանի ամպիոնէն ցոյց տալով իր, Ատրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն ստորագրութիւնները՝ Փաշինեան պնդեց, որ կայ առարկայական իրականութիւն մը, իսկ այդ իրականութիւնը այն է, որ երեք երկիրներու ղեկավարները իրենց ստորագրութիւնը դրած են փաստաթուղթի մը տակ, որուն մէջ կը խօսուի Հայաստանի տարածքին մէջ «Թրամփի ճամբայ» անունով ենթակառուցուածքի մը մասին:
«Էս թղթի 4րդ կէտում արձանագրուած է, որ TRIPP նախագիծը, ուրեմն, Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների քննարկման օրակարգի հարց է: Հիմա հարց կը ծագի` ինչի՞ Ադրբեջանը, որ այդ դէպքում ի՞նչ կապ ունի էս թեմայի հետ: Կապը հետեւեալն է, որ էս նախագիծը` տարածաշրջանային կոմունիկացիաների (հաղորդակցութիւններու) բացումը պէտք է կպնի Ադրբեջանին, եւ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի կոմունիկացիաները պէտք է կպնեն իրար», ըսաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ այդ հռչակագիրէն բացի, ինք նախագահ Թրամփի հետ նաեւ ստորագրած է յուշագիր մը «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի զարգացման մասին, որուն մէջ կայ պայմանաւորուածութիւն, որ այդ նախագիծը պիտի իրականացուի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան, սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքներու հիման վրայ, եւ Միացեալ Նահանգները հետաքրքրուած է այդտեղ ներդրումներ կատարելով:
Փաշինեան շեշտեց, թէ այս է իրականութիւնը, մնացածը հնարուած է:
«Բայց ես չեմ կարող բացառել նաեւ, որ այդ անունը Ադրբեջանում օբյեկտիւ (առարկայական) եւ սուբյեկտիւ (ենթակայական) հանգամանքների բերումով էնքան պոպուլեար (ժողովրդական) է դարձել, որ Ադրբեջանը կարող է իր տարածքով անցնող որեւէ ենթակառուցուածք, այդ թւում` այն ենթակառուցուածքներից, որը պէտք է միանայ, օրինակ, «Թրամփի ուղուն», անուանել ցանկացած անունով եւ ցանկացած մարդու անունով: Բայց դա Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի, Հայաստանի Հանրապետութեան օրակարգի, Հայաստանի Հանրապետութեան ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների, առաւել եւս Վաշինգտոնում ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների հետ որեւէ կապ չունի», վստահեցուց Փաշինեան, որ պատասխանելով ընդդիմադիր պատգամաւոր, «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեանի հարցումին, թէ ի՛նչ ժամկէտով պիտի գործէ հայ-ամերիկեան յուշագիրը՝ ըսաւ, թէ մտադրութեան յուշագիրները կը ստորագրուին մէկ կամ երկու տարիով` մինչեւ երեք տարի երկարաձգման կարելիութեամբ, իսկ պատճառը այն է, որ այդ մտադրութիւնները այդ ժամկէտին ընթացքին պէտք է իրականութիւն դարձնել:
Փաշինեան ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի գործունէութեան մէջ ոչ մէկ օգտակար բան նկատեց։ «Յետահայեաց վերլուծելով` պէտք է ասեմ, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի գործունէութեան մէջ չեմ տեսնում որեւէ օգտակար բան: Չի եղել այդ խմբի գործունէութեան մէջ երբեք որեւէ օգտակար բան: Այդ խմբի գործունէութիւնը եղել է նրա համար, որ կոնֆլիկտը (հակամարտութիւնը) խորանայ եւ դառնայ լծակ` մարիոնէտային (խամաճիկի) իրավիճակում պահելու ոչ միայն Հայաստանը, այլ նաեւ ողջ տարածաշրջանը», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ Արցախի հարցը վաղուց լուծուած եղած է: «Մեզ չեն ասել դրա մասին: Եթէ լուծուած է եղել, ինչո՞ւ չեն ասել, որովհետեւ օրակարգում է եղել Հայաստանի հարցը: Ինչպէ՞ս լուծել Հայաստանի հարցը: Ի՞նչ էր լինելու Հայաստանի հարցի լուծման արդիւնքում: Լինելու էր Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան մասնատում եւ ինքնիշխանութեան ու անկախութեան կորուստ», յայտնեց ան՝ դիտել տալով, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ձեւաչափով տեղի ունեցած բոլոր բանակցութիւնները եղած են այն մասին, որ հայկական կողմի բոլոր կախուածութիւնները կրկնապատկուին, եռապատկուին, քառապատկուին, հնգապատկուին եւ տասնապատկուին:
«Որովհետեւ այդ ճանապարհով գնալը նշանակում էր հրաժարուել ՀՀ անկախութիւնից դէ ֆակտօ (իրողապէս): Մենք իրար հետ չենք գնացել այդ ճանապարհով: Այսօր Հայաստանն անկախ է` աւելի, քան երբեւէ, պետութիւն է աւելի, քան երբեւէ, ինքնիշխան է` աւելի, քան երբեւէ, եւ դա այդ թւում մեր նահատակների զոհողութիւնների շնորհիւ», ընդգծեց Փաշինեան: