Ծանիր Զքեզ, Սփիւռք

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ցեղասպանութեան հետեւանքով եւ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք աշխարհացրիւ հայութեան համայնքային կազմակերպումը, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ինքզինք ճանչցաւ իբրեւ սփիւռք, իր գոյապայքարը իմաստաւորեց եռակի յարացոյցով մը` վերապրում, հայապահպանում, հայրենադարձութիւն:

Քաղաքականապէս իրարու հակադրուած, համայնքային ղեկավարման համար իրարու հետ մրցակից եւ գաղափարախօսական թէ այլ բնոյթի հարցերով շարունակական բախման մէջ ըլլալով հանդերձ, համայնքային կազմակերպութիւնները իրենց կառոյցներուն ճամբով իրերայաջորդ սերունդներու հայեցի ինքնութեան դաստիարակութիւնը հիմնաւորեցին ազգային ինքնաճանաչման այս երեք տիրապետող միտքերով` անկախ անոնցմէ իւրաքանչիւրին գործնականացման բոլոր տարբերութիւններէն: Սփիւռքի այս մտապատկերը դրոշմուեցաւ 1920-70-ական թուականներուն, Ցեղասպանութենէն ետք իրերայաջորդ երեք սերունդներու ազգային ինքնութեան գիտակցութեան մէջ: 1965-1985 երկտասնամեակին Ցեղասպանութեան ճանաչման ու Հայ դատի հետապնդման քաղաքականացումն ու սփիւռքեան զօրաշարժը սփիւռքի յարացոյցի փոփոխութիւն չնշանակեց: Ընդհակառակն` կարելի է մինչեւ իսկ ըսել, որ ճակատագրական այդ տարիները, որոնք նաեւ միջինարեւելեան հայահոծ համայնքներէն դէպի Արեւմուտք զանգուածային տեղաշարժի ժամանակաշրջան մը եղան, հասունացումն ու, միաժամանակ, տագնապն էին այդ յարացոյցին, առանց երբեք յստակ իմանալու, թէ ի՛նչ պիտի յաջորդէր անոր:

Պատմական իրադարձութիւնները իրե՛նք բերին յարացուցային փոփոխութեան մը (paradigm change) անհրաժեշտութիւնը:

Անկիւնադարձը եղաւ արցախեան ազատամարտն ու 1991-ին Հայաստանի անկախացումը, երկու անկանխատեսելի իրողութիւններ, որոնք սփիւռքի ազգային ճակատագիրի ցարդ քիչ թէ շատ կայուն մտապատկերն ու հեռանկարը տակնուվրայ ըրին: Սփիւռքը, այնպէս ինչպէս հասկցուած էր քսաներորդ դարուն, կրնա՞ր իր գոյութիւնը նոյն իմաստաւորումով շարունակել. այս եղաւ լռելեայն այն հարցումը, որ ինքզինք պարտադրեց, բայց հազիւ թէ հրապարակային բանավէճի համար օրակարգի դրուեցաւ, որովհետեւ սփիւռքեան յարացոյցի վերջին տարրը` հայրենադարձութիւնը այլեւս բաղձանք չէր միայն, այլ` կարելիութիւն: Սպասելիօրէն, հետեւաբար, հայրենադարձութիւնը իր ամենալայն իմաստով` նիւթական ներդրումներէն մինչեւ Հայաստան հաստատուելու յստակ ծրագիր, վերածուեցաւ քաղաքականապէս ճշգրիտ մէկ եւ միակ հանրային դիսկուրսի:

Արցախեան ազատամարտի եւ անկախութեան առաջին տարիներուն առկայ հայրենադարձութեան խանդավառութիւնն ու կարելիութիւնը հարցականի տակ չի դրուիր: Վկայ` ազատամարտին սփիւռքեան մասնակցութենէն մինչեւ երկրաշարժի աղէտի օժանդակութիւնը, բայց նաեւ բազմաթիւ սփիւռքահայերու համար, անհատ թէ ընտանիք, իրենց կեանքը Հայաստանի մէջ շարունակելու կամ վերսկսելու որոշում: Միաժամանակ, սակայն, քանակական իմաստով առնուազն, երկրէն ընկերային ու տնտեսական պատճառներով արտագաղթի երեւոյթի աղէտը հանրային ելոյթներու մէջ երբեք չհնչեց այնքան տիրական, որքան հայրենադարձութեան հրաւէր-հրամայականը: Առնուազն մինչեւ որ Արամ Ա. վեհափառը այդ ահազանգը, ի լուր հայրենի իշխանութեանց ու հայաշխարհին, բարձրաձայնեց 2017-ի Հայաստան-սփիւռք համաժողովին:

Աւելի՛ն, մինչ հայրենադարձութիւնը կը մնայ քաղաքական օրակարգի վրայ` առանց տակաւին գտնելու իր գործնականացման հետեւողականութեան երաշխիքը հանդիսացող ընկերատնտեսական ենթահողը, հայրենիքէն հիմնականօրէն տնտեսական պատճառներով արտագաղթը, որուն յաճախ կու տան շփոթ յառաջացնող «նոր սփիւռք» անունը, վերածուած է նոր մարտահրաւէրի: Այս «հին» ու «նոր» բաժանումը արտասահմանեան հայութեան գոյավիճակի ցարդ միակ յղացք ճանչցուած սփիւռքին թոյլ չի տար ինքնին արդէն բարդ սփիւռքեան ընկերային իրավիճակի ու ինքնաճանաչման անհրաժեշտ յստակութիւնը ունենալու, որպէսզի յստակ իմաստով նոր օրակարգի ծրագրաւորում տեղի ունենայ: Նման շփոթի մեծագոյն ռիսքը սփիւռքի մեծագոյն մարտահրաւէրի` արեւմտահայ մշակոյթի, լեզուամտածողութեան եւ Զարթօնքէն ժառանգուած ու Ցեղասպանութեամբ ընդհատուած քաղաքակրթութեան մը զարգացման յանձնառութեան արդիականացման հրամայականի նսեմացումն է:

Հայրենադարձութեան դիսկուրսով բանաձեւուած եւ բարոյական պայմանաւորում յառաջացուցած քաղաքական ճշգրտութեան նախանձախնդրութիւնը հրապարակային ելոյթներու մէջ սակայն պատճառ չէր, որ սփիւռքի նոր յարացոյցի մը մասին հարցումին քննարկման համարձակութիւնը բացառուէր մտաւորական շրջանակներու մէջ: Ընդհակառակն` այն պարտադրեց անցնող երեք տասնամեակներուն, որքան ալ որ այն մնաց շատ աւելի սահմանափակ, իմա` ակադեմական, քննարկումներու ոլորտին մէջ, եւ մամուլը հազիւ թէ տեղ տուաւ աւելի շատ քննադատական համարձակ կեցուածքներու: Ինքնաճանաչողական կարգով նման քննարկում անշուշտ կը վերաբերի նախ եւ առաջ սփիւռքին եւ անոր մտաւորական արտայայտութիւնը ի դէմս Վահէ Օշականի եւ Խաչիկ Թէօլէօլեանի յօդուածներուն ու ուսումնասիրութիւններուն սփիւռքեան մտածողներուն: Բայց անով ամէնէն շինիչ իմաստով շահագրգռութիւն պիտի ունենայ նաեւ Հայաստանը, ուր անկախ պետականութեան իրերայաջորդ իշխանութիւնները այնպէս ալ մինչեւ օրս նպատակաուղղուած հասկացողութիւն ու քաղաքական հայեցակարգ չեն կրցած մշակել սփիւռքի նկատմամբ:

Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը 2008-ին կարեւոր քայլ մըն էր սփիւռքեան գոյավիճակի գիտակցումին եւ ոլորտ մը, որ իր բոլոր սահմանափակումներով հանդերձ ուսումնասիրութեանց, քննարկումներու, առաջարկներու բանաձեւման եւ մինչեւ իսկ Հայաստան-սփիւռք համարկման գործընթացի մը ամրագրման առիթ ստեղծած էր: Թաւշեայ յեղափոխութիւնը այդ ոլորտը դիտեց իբրեւ բաժնետիրական ձեռնարկութիւն մը, որուն լուծարման որոշումը տրուած էր: Ազգային ժողովին մէջ արտակարգ ընտրութեանց ճամբով բացարձակ մեծամասնութիւն ապահովելէ յետոյ, իշխանութիւնները այդ քայլին դիմեցին` պետութեան համակարգի «օպտիմալացման» նոր ազատական գաղափարախօսական կարգախօսով, առանց բանավէճի, առանց սփիւռքեան կառոյցներու եւ հաստատութիւններու հետ հարցը քննարկելու, բացառելով քանի մը ամսուան համար նախարար ու փոխնախարար նշանակուած պետական նոր այրերու դերասանութիւնը, որ ոչ թէ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու նոր հայեցակարգ ստեղծելու նպատակաուղղուած էր, այլ` այդ ոլորտի լուծարումը նախապատրաստելու: Նախարարութեան փոխարինող նոր համակարգը, որ վարչապետի գրասենեակին հովանաւորութեան տակ է, սփիւռքեան հարցերու համապարփակ ծրագիրի օրակարգ չունի. «հայրենադարձութիւնը» դնելով իբրեւ նպատակ, եւ նկատի ունենալով ցարդ այն քանի մը նախաձեռնութիւնները, որոնք առնուած են նորանշանակ պատասխանատուներու կողմէ, ուշադրութեան կիզակէտի վերածած են Ռուսիոյ հայութիւնը, «նոր սփիւռքը»: Հասկնալի եւ տրամաբանական ուղղուածութիւն, եթէ նկատի ունենանք, որ Հայաստանէն տնտեսական պատճառներով արտագաղթը հիմնականօրէն դէպի Ռուսիա է եւ, հետեւաբար, հայրենադարձութիւնն ալ շատ հաւանաբար անոնց մօտ յաջողելու աւելի կարելիութիւն ունի: Այս իմաստով հայրենի իշխանութիւններու քայլը ողջունելի է: Կը մնայ, որ սփիւռքն ալ այն ընկալէ որպէս wake-up call, եւ հայրենի իշխանութեանց սփիւռքեան քաղաքականութիւնը հասկնայ իր իրապաշտ սահմաններուն եւ կամաւոր որոշմամբ հաստատուած սահմանափակումներուն մէջ` առանց ինքնախաբէութեամբ տարուելու:

Բաղձալով հանդերձ որ հայրենադարձութիւնը վերածուի ակնբախ երեւոյթի, յստակ է որ սփիւռքեան գոյավիճակը 21-րդ դարուն պիտի շարունակուի: Խորքին մէջ, տակաւին հինգերորդ դարէն հայութեան համաշխարհային ներկայութեան պատմական փաստերը չեն պակսիր: Ճիշդ է, աշխարհացրիւ հայութիւնը երբեք չէ ունեցած ազգային քաղաքական ինքնութեան այն գիտակցութիւնը, որ սփիւռքեան գոյավիճակը կը ներկայացնէ: Բայց եւ այնպէս հաւաքական ինքնութեան գիտակցութիւնը ինքնին եթէ նոյնիսկ ամբողջապէս չէ պայմանաւորուած պատմական ժամանակաշրջանի մը արժէքներով ու պահանջներով, այդուհանդերձ կը զարգանայ ժամանակաշրջանի պայմաններուն հետ փոխյարաբերելով: Այս իմաստով, սփիւռքը 20-րդ դարուն ծնած ու զարգացած գոյավիճակ է, իսկ սփիւռքեան յարացոյցը պատմական այդ յատուկ ժամանակաշրջանին կազմաւորուած եւ իր գործնականութեան փաստը տուած է: Բայց 21-րդ  դարուն պայմանները ո՛չ միայն փոխուած են, այլեւ արհեստագիտութեան արագընթաց զարգացման բերումով փոփոխութեան ընթացքը արագացած է:

Սփիւռքի մէջ արդէն չորրորդ սերունդ մը հասակ առած է եւ ազգային-հաւաքական մարտահրաւէրներու դիմագրաւման պատասխանատուութիւնը ստանձնած է կամ ստանձնելու վրայ է: Արցախեան ազատամարտին ու անկախութեան սերունդին մասին է, որ կը խօսինք, համացանցի ու բջիջայինի սերունդին մասին է, որ կը խօսինք, այն սերունդին, որուն համար հայրենիքի հետ յարաբերութիւնը կամ հայրենադարձութիւնը մարտահրաւէր չէ, այլ` ենթակայական որոշում: Այդ սփիւռքի ինքնաճանաչման խնդիրն է այսօր, որ սեղանի վրայ կը դրուի:

Ինքնաճանաչման այս նորագոյն հրամայականը չ’ենթադրեր անպայման ցարդ սփիւռքը սահմանած եռակի յարացոյցի իմաստազրկումը կամ ժխտումը: Բայց անհրաժեշտ կը դարձնէ անոր քննադատական ընկալումն ու այժմէականացումը: Հաւաքականութիւններու մէջ տիրապետող կարծիքներու ճանաչումը կ’ենթադրէ հանրային կարծիքի հետազօտման գիտական միջոցի կիրարկում, որ սփիւռքի մէջ նախընթաց չունէր մինչեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամին ֆինանսաւորումով անցեալ տարի սկիզբ առած Լոնտոնի Հայ հիմնարկի նախաձեռնութիւնը` Հայ սփիւռքի հետազօտութեան ծրագիրը: Առաջին տարուան փորձը արդէն հիմնարկի կայքին վրայ զետեղուած եւ հանրութեան տրամադրելի ընդարձակ զեկուցում մըն է, ուր ամփոփուած են սփիւռքեան առաջին չորս համայնքներուն մէջ տեղի ունեցած հարցախոյզի արդիւնքներն ու անոնց շատ սկզբնական վերլուծումը: Ծրագիրի այս երկրորդ տարուան համար նկատի առնուած են հայահոծ չորս տարբեր եւ աշխարհագրականօրէն իրարմէ հեռու երկիրներու մէջ կայացած համայնքներ` Լիբանան, Քանատա, Արժանթին եւ Ռումանիա: Ծրագիրը արդէն ընթացքի մէջ է եւ ո՛չ միայն մեծ հետաքրքրութիւն, այլեւ` խանդավառութիւն յառաջացուցած է: Աւելի՛ն, համայնքային ղեկավարութիւններ ողջունած են ծրագիրը եւ անոր տուած են իրենց անվերապահ աջակցութիւնը: Այս խանդավառութեան ու զօրակցութեան հիմնական պատճառը ո՛չ միայն նախաձեռնութեան բերած նորութիւնն է, այլ նաեւ ծրագիրի պատրաստութեան ու գործադրութեան մասնագիտական որակը, քաղաքական թէ գաղափարական չէզոքութեան խստապահանջութիւնը, համայնքին մէջ գործուն թէ համայնքէն դուրս իր հայ ինքնութեան յանձնառու թէ ինքզինք հայ զգացող ամէն անհատի մասնակցութեան քաջալերումը եւ արդիւնքներուն բաց, թափանցիկ ու բոլորին տրամադրելի ըլլալու իրողութիւնը:

Ծրագիրին ֆինանսաւորումը նկատի առնուած է առայժմ երեք տարուան համար: Այլ խօսքով` գալ տարի եւս տեղի պիտի ունենայ անիկա չորս այլ համայնքներու մէջ, եւ 2021-էն սկսեալ, թուական մը, որ կը զուգադիպի անկախութեան 30-ամեակին, արդէն կ’ունենանք սփիւռքի մէջ հանրային կարծիքի առարկայական տուեալներու զօրաւոր ենթահող մը, որուն վրայ սփիւռքի նոր յարացոյցի բանավէճը կրնայ զարգանալ: Եթէ, անշուշտ, սփիւռքեան ղեկավարութիւնը առաջին հերթին եւ հայրենի իշխանութիւնները եթէ փափաքին, տրամադիր ըլլան այդ ընելու® Այսինքն` Հայ սփիւռքի հետազօտման ծրագիրէն կերտելու Լուսաւորութեան դարուն Քանթի բանաձեւած (ինքնա)ճանաչման համարձակութեան (Dare to Know) հրաւէրին հետեւութեամբ նոր յարացոյց մը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.