ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՆԵՐՔԻՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ԱՌԱՍՊԵԼԸ

Photo: Sputnik / Asatur Yesayants

Նիկոլ Փաշինեան և իր գլխաւորած պարտութեան վարչակարգը կը շարունակեն հոլովել խորհրդային ներքին սահմաններու վարկածը որպէս հիմ Հայաստանի և Ազրպէյճանի միջև «նոր սահմանագծի» մը ձևաւորման։ Մերկ իրականութիւնը հետևեալն է։ Խորհրդային ներքին սահմաններ գոյութիւն չունին միջազգային իրաւունքի բոլոր գործող նորմերով։ Անոնք առհասարակ գոյութիւն չեն ունեցած։ Անոնք կը ցոլացնեն Խորհրդային վարչահրամայական կեդրոնի՝ Մոսկուայի կամայական տնօրինումներու կեղծ էութիւնը։

Հայաստանի պարագային, անոնք կը բխին «Կարսի Պայմանագիր» անուամբ ծանօթ ապօրինի փաստաթուղթի ոգիէն և հետևաբար տեղ չեն կրնար ունենալ հայ անկախ պետականութեան կեանքին մէջ։ Բոլոր անոնք, որոնք կը համարձակին իրենց խօսոյթով և քաղաքական վարքագծով հարազատագրել (legitimize) այդ «սահման»ները, կը բռնաբարեն ՀՀ Սահմանադրութեան հիմնարար տրամադրութիւնները։

Պէտք չէ մոռնալ նաև այն իրողութիւնը, որ խորհրդային ներքին սահմանները պաշտօնապէս (և արդէն վաղուց) կորսնցուցած են իրենց կարգավիճակը մերժուած ըլլալով թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, թէ՛ Ազրպէյճանի և թէ՛ Ռուսաստանի Դաշնութեան օրէնսդիր համակարգերուն կողմէ։

Այն ինչ, որ տեղի կ՚ունենայ այսօր մէկ անուն միայն կրնայ ունենալ՝ ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄ, ԱԳՐԵՍԻԱ, AGGRESSION Ազրպէյճանի կողմէ! Ազրպէյճան և Թուրքիա իրենց կաշիէն դուրս կու գան Ազրպէյճանի նախայարձակումը ներկայացնելու որպէս ազատագրում և վերահաստատում Ազրպէյճանի «տարածքային ամբողջականութեան»։ Եւ Մոսկուա և Արևմուտք իրենց կրաւորականութեամբ ուժ կու տան Ազրպէյճանի այս ծաւալապաշտ քարոզչութեան։ Այդ չի նշանակեր, որ նոյնը ընելու իրաւունքը ունի ՀՀ Վարչապետը։ Այդ նաև կը նշանակէ, որ ՀՀ իշխանութիւնը բացէ ի բաց կը ծառայէ թշնամիի թէզերու իւրացման, երբ յայտնապէս  կ՚որդեգրէ խորհրդային սահմաններու կիրառման թէզը։ Այդ իսկ արարքով, ան բացայայտօրէն կը ծառայէ թշնամիի քաղաքականութեան։

Հանրութիւնը յստակ գաղափար չունի այսօր, թէ իսկապէս ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ տարածաշրջանի դիւանագիտութեան քուլիսային ոլորտին մէջ։ Եւ անշուշտ պարտաւորուած ենք ենթադրութիւններէ խուսափելու։ Հանրութիւնը պէտք է լիարժէքօրէն իրազեկուի։ Բանակցային ներկայ գործընթացը «քուրմ»երու սեփականութիւնը չի կրնար ըլլալ։

Մինչ այդ մենք իրաւունք և հիմքեր ունինք բարձրաձայնելու մեր լուրջ մտահոգութիւնը։ Իրաւունք ունինք յստակացում պահանջելու, թէ իսկապէս ի՞նչ քաղաքականութիւն կը հետապնդէ Մոսկուա սահմաններու խնդրին մէջ։ Եւ ի՞նչ քաղաքականութիւն՝ ՀՀ իշխանութիւնը։ Պարզ խօսքով, Հայաստանի և Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը պիտի յարգուի՞ թէ՝ ոչ։ Թէ՞պիտի գործէ գրաւման օրէնքը (law of occupation) և Մոսկուա պիտի ընդունի մեղսակից համարուիլ թուրքևազրպէյճանական ծաւալապաշտութեան…

Մոսկուա պէտք է որոշէ, թէ ինք ի՞նչ կ՚ուզէ ըլլալ Կովկասեան և Կասպեան տարածաշրջաններուն մէջ։ Ըսել, որ թէ՛ Հայաստան  և թէ՛ Ազրպէյճան «ռազմավարական» դաշնակիցներն են Մոսկուայի և գործել «չէզոքութեան» դիրքերէ, կը նշանակէ հովանաւորել թուրքևազրպէյճանական նախայարձակումը։ Մեր ակնկալութիւնն է, որ Մոսկուա մերժէ այս թակարդը և գործէ ղեկավարի և խոհեմ  իրաւարարի դիրքերէն և հասնի իրական հանգուցալուծումներու։ Որևէ այլ չափանիշ միայն ու միայն պիտի առաջնորդէ հակամարտութեան երկարաձգման և բարդացման։

Կարօ Արմենեան 

Նոյեմբեր 20, 2021

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.