Խմբագրական. Զօրավիգ կանգնինք Թորոնթոյի մեր կրթութեան տաճարին
«Հայրենապաշտական հասարակութիւնը պէտք է լինի մեր փրկութեան խարիսխը, հայ դպրոցը պէտք է վերածուի հայրենագիտութեան տաճարի»:
Գարեգին Նժդեհ
Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդող ժամանակահատուածին, տարասփիւռ հայկական գաղթօճախներուն մէջ, հայ վարժարաններուն վիճակուած էր ազգային եւ հոգեւոր արժէքներով կրթել սերունդները եւ կերտել գաղափարապաշտ եւ ազգային իր պատկանելիութեան գիտակից հայ երիտասարդութիւն։
Սփիւռքի իրերայաջորդ սերունդներուն գոյատեւելիութեան մէջ անժամանցելի դերակատարութիւն ունեցած է Հայրենիք, Ազգ եւ եկեղեցի երրորդութիւն գաղափարախօսութեան տարածումն ու ամրագրում,ը եւ այդ ազգային հասկացութիւնը գործնականօրէն հայ նորահաս սերունդին ջամբող կռուանը՝ հայ դպրոցն է։
Այսօր, համաշխարհայնացման պատճառով նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի հայ վարժարանը, յատկապէս սփիւռքի կրթական ոլորտին մէջ, որպէս հայապահպանման գլխաւոր բաղադրիչ գործօն, անհրաժեշտ է, որ գերակայ ուշադրութեան արժանի դառնայ հայեցի դաստիարակութիւնը։
1979-ին, Թորոնթոյի մէջ, Հայ Օգնութեան Միութեան եւ Գոլոլեան ընտանիքի բարերարութեան շնորհիւ հիմը դրուեցաւ Ամէնօրեայ վարժարանին, որուն շուրջ համախմբուած կրթական մշակներու եւ ազգային գործիչներու տքնաջան աշխատանքին իբրեւ արդիւնք՝ 69 մատղաշ աշակերտներով սկիզբ առած կրթական այս առաքելութիւնը՝ այսօր հպարտութեամբ իր մէջ կը պարփակէ 600 աշակերտներ։
Այս օրերուն, վարժարանը իր ամէնամեայ նուիրահաւաքը հունի մէջ դրաւ։ Թորոնթոյի ամէնօրեայ վարժարանի հիմերը ամրագրելու համար, Սփիւռքի մէջ կրթական այս անզուգական հիմնարկը կարիքը ունի իր հայրենակիցներու նիւթական անմիջական զօրակցութեան, որովհետեւ այդ յարկին տակ է, որ հայ աշակերտը իր մասնագիտական կարողութիւններն ու հմտութիւնները պիտի զարգացնէ, հիմք ընդունելով ազգային դաստիարակութեան չափորոշիչները։ Աւելի՛ն այսօրուան բարձրագոյն կրթութեամբ զարգացած սերունդը՝ Սփիւռքի կառոյցներու ամրապնդման ուղղութեամբ, ի՛նք պիտի իրականացնէ եւ իրագործէ համակարգուած եւ նպատակաուղղուած հայապահպանման քաղաքականութիւն:
Հայապահպանութիւնը այսօր չի կրնար ինքնահայեաց եւ ինքնանպատակ ըլլալ. սփիւռքահայութեան զանգուածներու հեռակայ նպատակը՝ սեփական հայրենիքին մէջ վերամիաւորման տեսլականն է եւ այդ գերագոյն իտէալին համար՝ Թորոնթոյի կրթական մարտկոցէն թրծուող սերունդները գործած են գիտակից եւ տեսլապաշտ, յանուն հայրենիքին, Հայ Դատին եւ հայոց պահանջատիրութեան, որովհետեւ այդ համայնական գոյապայքարին մէջ իւրաքանչիւր շրջանաւարտ եւ աշակերտ լաւապէս ըմբռնած է, որ երդմնազանցութեան համազօր է հրաժարիլ գերագոյն տեսլականէն։
Իր կրթական առաքելութեան գիտակից՝ Թորոնթոյի հայպահպանման ամրոցը իր աշխարհըմբռնման մէջ ներառած է ազգային արժէքներու համակարգը եւ տարիներէ ի վեր աշակերտութեան մէջ սերմանած է ազգային ինքնաճանաչման արժէքները՝ հայոց լեզուն, մշակոյթը, պատմական յիշողութիւնը եւ ազգային մտածողութիւնը։
«Հորիզոն»