Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ներկայացուց սպաներէն իր աշխատասիրութիւնը Միջին Արեւելքի տագնապին մասին

Արժանթինեան Փաիտոս հրատարակչատունը անցեալ Օգոստոսին լոյս ընծայեց Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի աշխատասիրութիւնը Միջին Արեւելքի տագնապին մասին: Գիրքը հրատարակուեցաւ «Ամէն ինչ որ անհրաժեշտ է իմանալ» շարքին մէջ Ամէն ինչ որ անհրաժեշտ է իմանալ Միջին Արեւելքի տագնապին մասին խորագրով: Գիրքին մասին անդրադարձաւ արժանթինեան գրաւոր եւ բանաւոր մամուլը, ի մասնաւորի՝ ամենատարածուն Գլարին օրաթերթի շաբաթական յաւելուածը ուր գրախօսական մը լոյս տեսաւ եւ Փերֆիլ թերթը որ վերահրատարակեց գրքէն լայն հատուածներ:

Գրքին առաջին ներկայացումը տեղի ունեցաւ Լանուսի Պետական Համալսարանին մէջ Հոկտեմբերի ընթացքին կազմակերպուած Կլոր Սեղանի մը ծիրէն ներս: Նոյեմբեր 14ին, գիրքը ներկայացուեցաւ Արմենիա Մշակութային Ընկերակցութեան մէջ կազմակերպութեամբ Ա. Մ. Ընկերակցութեան եւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին: Ձեռնարկը հովանաւորուած էր համայնքային կազմակերպութիւններու համախմբման (ԻԱՐԱ) կողմէ:

Գրքի ներկայացման եւ հրապարակային քննարկումը կատարեցին Փրենսա Արմենիայի հիմնադիր եւ ներկայի պատասխանատու Պողօս Քենտիքեան, Փերֆիլ թերթի միջազգային բաժնի պատասխանատու Սանթիակօ Ֆարրէլ եւ թուային Տիարիօ Սիրիօ-Լիպանէս շաբաթաթերթի խմբագիր Խոտոր Խալիտ:

Բացման խօսքով հանդէս գալով Քէնտիքեան անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ լրագրողներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն՝ արագընթաց իրողութիւններու առարկայական տարածման համար հակառակ ամէն տեսակի սպառնալիքներու: Գրքին մասին խօսելով ան յիշեց Պիլլ Քովաչի սահմանումը որ լրագրութիւնը կը նկատէ «Պատմութեան առաջին տարբերկը» եւ ընդգծեց գրքին մէջ տեշ գտած առատ տեղեկութիւնները որոնք ներկայացուած են պատմական իրենց ոլորտին մէջ:

Խոտոր Խալիտի համար գրքին հիմնական արժէքներէն մէկը կը կայանայ իր ե՛ւ մատչելիութեան տարածաշրջանին մասին հիմնաւորուած գաղափար մը ուզող ոեւէ ընթերցողի, ե՛ւ Միջին Արեւելքը վերլուծողներուն տեսական իւրայատուկ դիտանկիւն մը հրամցնելու զոյգ յաջողութիւններուն մէջ:

Սանթիակօ Ֆարրէլ վեր առաւ գրքին եզրակացութեան մէջ վերլուծուած գաղափարը ըստ որուն Միջին Արեւելքի մէջ տագնապի վերարտադրութեան ժխատական հոլովոյթը կրնայ կասեցուիլ միայն երբ ազգային, կրօնական թէ էթնիկական տարբերութիւնները ընդունելի դառնան եւ համագոյակցին:

Վերջաւորութեան խօսք առաւ հեղինակը որ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն, ներկայացնողներուն եւ մասնակիցներուն: Ան անդրադարձաւ գրքի ծննդոցի հոլովոյթին որպէս հետեւանք տարիներու ընթացքին Միջին Արեւելքի մասին իր դասաւանդութեանց եւ մամուլին մէջ տարածաշրջանային իրադարձութիւններու մասին իր գրած յօդուածներու ծնունդ ընդհանրական հետեւումներու: Միջին Արեւելքի մէջ ծնած ու մեծցած ըլլալու իրողութիւնը կրնայ ապրումներու եւ իրադարձութիւններու հետ անմիջական հաղորդակցութեան առաւելութիւնը տալ վերլուծողին, ըսաւ ան: Այդ մէկը, սակայն, ոչ անհրաժեշտ ոչ ալ, մանաւանդ, բաւարար պայման է նման բարդ ու յարափոփոխ տագնապի մը հասկացողութեան եւ անոր ընդհանրական պատճառ-հետեւանքները կարելի եղած յստակութեամբ բացատրելու կարողութեան: «Գիրքը գրելու գլխաւոր մարտահրաւէրը եղաւ գտնել տեսական այն մօտեցումները որոնք ամենէն աւելի յստակօրէն թոյլ կու տան ընդհանրական բայց ոչ պարզացուած վերլուծում մը ներկայացնելու», ըսաւ ան:

Տէր Ղուկասեան ծնած է Լիբանան եւ հաստատուած Արժանթին ուր վարած է ԱՐՄԵՆԻԱ թերթի խմբագրութիւնը: Մասնագիտանալով Միջազգային Յարաբերութիւններու մարզին մէջ, Տէր Ղուկասեան նուիրուեցաւ ակադեմական ասպարէզի: Հեղինակ է սպաներէն, անգլերէն եւ հայերէն գիրքերու, մասնագիտական աշխատասիրութիւններու եւ յօդուածներու: Հոկտեմբերի աւարտին ան ստացաւ տեղւոյն Սուրիա-Լիբանանեան Ակումբի Ուկարիդ 2017 մրցանակը մշակոյթի դասակարգին մէջ՝ ակադեմական ասպարեզէն ներս տարիներու իր ներդրումին համար:

Ներկայացուած գիրքը Միջին Արեւելքի մէջ տագնապը եւ ուժային յարաբերութիւնները կը վերլուծէ Պետական համամակարգերու ծագման, զարգացման եւ պառակտման եւ քաղաքական հասարակագիտութեան տեսական զոյգ մօտեցումներէն եւ անոր պատմական հոլովոյթը կը բացատրէ ազգային երկու ծրագիրներու բախումին եւ ներ-իսլամական կրօնական պատերազմի իրերայաջորդ հանգրուաններով: Նախատեսուած են գրքի այլ ներկայացումներ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.