Խաղաղութեան Տարբեր Առաջարկներ Եւ Միջնորդական Անորոշութիւններ
Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան յղուած «խաղաղութեան 5 առաջարկներու» թղթածրարի կէտերը հետեւեալներն են.
- . Ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, պետական սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ միմեանց քաղաքական անկախութեան փոխադարձ ճանաչում:
- Պետութիւններու` իրար նկատմամբ տարածքային պահանջներու բացակայութեան եւ ապագային նման պահանջներ չներկայացնելու իրաւական պարտաւորութեան փոխադարձ հաստատում:
- Զերծ մնալ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ իրար անվտանգութեան սպառնալէ, քաղաքական անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ սպառնալիքներ ու ուժ կիրարկելէ եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նպատակներուն անհամապատասխան քայլերէ:
- Հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանագծում եւ սահմանազատում, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում:
- . Փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու բացում, այլ համապատասխան հաղորդակցութիւններու հաստատում եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւն:
Այս կէտերէն 4-ը կը վերաբերին ուղղակի Արցախին: Ներառուած են տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման, տարածքային պահանջներ չներկայացելու իրաւական յանձնառութեան հիմնադրոյթներ: Սահմանազատում-սահմանագծումը այդ երկու առաջադրանքներուն տանող իրաւական ճանապարհն է, որ նաեւ միջազգայնօրէն կ՛ամրագրէ ընդհանուր սահմանները: 4-րդ կէտը, ըստ էութեան, նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտին վերաբանաձեւումն է: Այստեղ պարզապէս Պաքուն չէ օգտագործած «Զանգեզուրեան միջանցք» ձեւակերպումը:
Ազրպէյճանական առաւելապաշտութիւնը` Սիւնիքը, Սեւանը, Երեւանը ի՛րը համարելու, երկրորդ կէտով երեւութապէս կը վնասազերծուի: Այդ պահանջները նման փուլին օգտագործելու թեմա են եւ խաղաթուղթ: Հայկական կողմը կը հրաժարի Արցախի պահանջէն, փոխարէնը Պաքուն` Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներու իր պահանջներէն:
Ի՞նչ է հայկական կողմին պատասխանը:
- Հայկական կողմը կը նկատէ, որ 9 նոյեմբեր 2020-ի 11 յունուար 2021-ի եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններով ամրագրուած համաձայնութիւնները պէտք է լիարժէք կեանքի կոչուին, եւ հետեւողականութիւնը պահպանուի:
- Իրականացնել զօրքերու հայելային յետքաշումը
- Մեկնարկել միջազգային մշտադիտարկումի գործիքակազմի ներդրումով սահմանազատման գործընթացը:
- Դիմել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախագահութեան` կազմակերպելու խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ բանակցութիւններ` հիմք ընդունելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը, Քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքներու միջազգային դաշնագիրը եւ Հելսինքեան եզրափակիչ աքթը:
Հայկական կողմի պատասխանին մէջ չեն մասնաւորուած ռազմագերիներու, պահուող անձերու եւ աճիւններու վերադարձի նոյեմբերեան համաձայնութեան կարեւոր դրոյթը, նաեւ` տուժածներու եւ գաղթականներու վերադարձի յատուկ կէտը: Երկուքն ալ ներառուած են անուղղակի` եռակողմ յայտարարութիւններու պայմանաւորուածութեան ծիրին մէջ:
Անթալիոյ հանդիպումէն ետք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը խօսէր բանակցութիւններուն երրորդ կողմը բացառելու եւ ուղղակի երկկողմ քննարկումներ ծաւալելու առաջադրանքին մասին` յիշեցնելով, որ իրենք պատրաստ են աջակցելու, եթէ անհրաժեշտութիւնը զգացուի:
Հայկական կողմի պատասխանը կը յենի եռակողմ յայտարարութիւններուն եւ համաձայնութիւններուն վրայ: Այսինքն` Ռուսիոյ միջնորդութեամբ արձանագրուող գործընթացին: Աւելի՛ն. կը դիմէ անդամալուծուած-սառեցուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան, վերստանձնելու միջազգային իր պարտաւորութիւնները:
Ներկայ պայմաններուն մէջ անկարելի կը թուի պատկերացնելը Մոսկուայի, Ուաշինկթընի եւ Փարիզի համագործակցական ձեւաչափին գործարկումը: Քաղաքական իրավիճակներու կտրուկ փոփոխութիւնները սակայն չեն բացառեր պաշտօնական Երեւանի առաջադրած միջնորդական առաքելութեան վերադարձի կարելիութիւնը:
«Ազդակ»ի խմբագրական