Լոյս տեսած է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2025-ի 11-րդ թիւը
- (0)

Ընթերցողի դատին յանձնուած է «Դրօշակ»-ի 2025 թուականի նախավերջին թիւը։ Արդէն իսկ թիւի բովանդակութեան ծանօթանալով՝ ակնյայտ կը դառնայ, թէ ան յագեցած է բազմաբնոյթ յօդուածներով։ Այդ մասին կը վկայէ նաեւ այն հանգամանքը, որ պարբերաթերթի այս թիւին մէջ յօդուածներ տեղ գտած են «Քաղաքական», «Պատմաքաղաքական», «Իրաւաքաղաքական», «Հասարակութիւն», «Տարածաշրջանային», «Աշխարհաքաղաքական», «Ժառանգութիւն», «Ընկերական զրոյցներ» խորագիրներուն ներքոյ։
Պատմաբան Անի Մելգոնեան կը համեմատէ Հայաստանի իշխանութիւններու թեթեւ ձեռքով ստորագրուող փաստաթուղթերը 1921 թուականին բոլշեւիկեան կարգերու կողմէ կնքուած պայմանագրերուն հետ։ Իրանագէտ Լիանա Պետրոսեան նոյն երեւոյթը կը մեկնաբանէ՝ ներկայացնելով Հայաստան–Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մասին ազերի պետական–քաղաքական գործիչներու եւ հասարակութեան տեսակէտները։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխյարաբերութիւններու եւ մանաւանդ այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքի հարցին վերաբերեալ՝ իրանագէտ Նարէ Գէորգեան կը ներկայացնէ իրանական կողմի դիրքորոշումը։
Քաղաքագէտ եւ անվտանգութեան հարցերու մասնագէտ Արփի Աբրահամեան իր յօդուածով կ՚անդրադարնայ ՊՐԻՔՍ կազմակերպութեան։ Ան կը ներկայացնէ աշխարհի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմող, արագ զարգացող եւ փաստացիօրէն համաշխարհային ուժի երկրորդ բեւեռի վերածուած այս թափ հաւաքող կառոյցին բնոյթը, ներուժը եւ զարգացման հեռանկարները։
Բանասէր եւ մանկավարժ Անժելա Յարութիւնեան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ ատրպէյճանական դպրոցներ բանալու իշխանութիւններու որոշումին։ Մասնագիտական հիմնաւորումով յօդուածը կը պարզէ, թէ նման նախաձեռնութիւն մը ինչպիսի սպառնալիք կը ներկայացնէ հայ ազգային ինքնութեան համար։ Ընկերային զրոյցներ գլուխին տակ, լոյս տեսած է «Հորիզոն»-ի աւագ խմբագիր՝ Վրեժ-Արմէն Արթինեանի «Ի՞նչ կրնանք ընել Սփիւռքի մէջ…» հետաքրքիր յօդուածը։
Մենք ներկայացուցինք պաշտօնաթերթին մէջ լոյս տեսած քանի մը յօդուածներ, սակայն ընթերցողը անոր էջերուն մէջ պիտի գտնէ այլ հետաքրքրական հրապարակումներ եւս։ Դրօշակի նորագոյն թիւը կարելի է ներբեռնել այս յղումով։