Լոյս տեսաւ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանի «Բժիշկին Զ. խօսքը»

«Բժիշկին Զ. խօսքը» լոյս տեսաւ Պսակաձեւ ժահրի համաճարակի տխրահռչակ ժամանակաշրջանին: Մենք կարողացանք այս հատորը պատ-րաստել Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով մեզի պարտադրուած տնակեցութեան ամիսներուն: «Ամէն չարիք իր հետ կը բերէ բարիք մը», կ’ըսէր մեր լուսահոգի եւ ողորմած մայրը: Ուրեմն «Բժիշկին Զ. խօսքը» արգասիքն է… Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին: Ան հրատարակուեցաւ 2022-ին դարձեալ հովանաւորութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի Հայկական Բաժանմունքին, Մոնթրէալի «Մելան» հրատարակչատունէն, նաեւ Պէյրութի մէջ՝ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն:

Անմիջապէս արձանագրենք, որ ընթերցողը վստահաբար պիտի նկատէ, թէ այս համաճարակին անդրադարձած ենք մէկէ աւելի առիթներով: Պատճա՞ռը. որովհետեւ այդ սիւնակները գրուած են տարբեր թուականներու, որոշ ծանօթութիւններու յաւելումով, համընթաց՝ ախտին մասին ծանօթութեանց խորացման: Նոյն պատճառով ալ, նման անխուսափելի կրկնութիւններ կրնան նկատուիլ նաեւ այլ հիւանդութեանց պարագային, մեր այս շարքի տարբեր հատորներուն մէջ: Պարտք կը զգանք այս «անպատեհութիւնը» յանձնել ընթերցողի ուշադրութեան:

Այս հատորը կը պարփակէ բժշկական-առողջապահական 48 պատկերա-զարդ գրութիւններ եւ բժշկապատմական եօթը յօդուածներ: Անոնցմէ միայն մէկ քանին լոյս տեսած են մեր մամուլին մէջ, իսկ մնացեալը՝ մեծ մասը անտիպ է: Գիրքի վերջին էջերուն, տեղադրուած-կցուած են այս հատորին բառացան-կերուն համար գործածուած աղբիւրները, անգլերէն-հայերէն, հայերէն-անգլերէն բառացանկերը, մեր կողմէ՝ հայերէն բժշկական նոր բառերու առա-ջարկները (աստղանիշով նշուած), ինչպէս նաեւ «Բժիշկին խօսքը» շարքին վեց հատորներուն ընդհանուր եւ մանրամասն բովանդակութիւնը (346 յօդուած)՝ համախմբուած ըստ նիւթի եւ հատորի: Այստեղ կ’ուզենք կատարել նաեւ այլ նշում մը. կարգ մը գլուխներու մէջ, ընթերցողը պիտի տեսնէ աստղանիշներ, որոնք ցոյց կու տան մեր առաջարկած՝ նոր բառերը: Հետեւաբար, նման գլուխներու հետ այս բացատրութիւնը պիտի չկրկնենք, երբ բոլոր նիւթերը կը համախմբենք նոյն կողքին տակ:

Այս հատորն ալ, «Բժիշկին խօսքը» նախորդ հինգ հատորներուն, նման ունի մէկ առաքելութիւն՝ հայ անհատին եւ հայ հանրութեան հասցնել հայերէն ոսկեղնիկ լեզուով  եւ հարստացած բժշկական-առողջապահական  հայկական բառամթերքով բժշկական-առողջապահական նիւթեր, գիտելիքներ, նորութիւն-ներ եւ ցուցմունքներ: Ասիկա բժշկական մասնագիտական գիրք մը չէ: Այլ խօսքով անոր հասցէն միայն ու միայն ժողովուրդն է, լայն զանգուածը:

«Բժիշկին Զ. խօսքը»-ին պատրաստութեան եւ լոյս ընծայման աշխատանքին մէջ մեծ դեր ունեցան մեր երկու մտաւորական բարեկամները՝ Վրէժ-Արմէն Արթինեանը եւ Սարգիս Մահսէրէճեանը: Առաջինը, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս հաճոյքով եւ սիրայօժար կատարեց գիրքիս 55 յօդուածներէն  10  հատին լեզուական սրբագրութիւնը, իսկ երկրորդը դարձեալ սիրայօժար եւ հաճոյքով կատարեց մնացեալ 45 յօդուածներուն լեզուական սրբագրութիւնները եւ մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ գիրքիս խմբագրական աշխատանիքին: Ան  նաեւ գիրքս հարստացուց  իր «Այս հատորին տեղն ու արժանիքները» յառա-ջաբանով:

Շնորհակալութիւն սիրելի Վրէժ-Արմէն եւ Սարգիս Մահսէրէճեան: Ձեր վարձքը կատար: Թող ձեր գրիչը միշտ անսպառ եւ ձեռքերը միշտ դալար մնան, սիրելիներ:

Յատուկ շնորհակալութիւն Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին եւ անոր տնօրէն՝ Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանին, որոնց կատարած նիւթական յատկացումին շնորհիւ իրականացաւ սոյն հատորին հրատարակութիւնը:

«Բժիշկին Զ. խօսքը» գիրքի կողքին համար, դարձեալ օգտագործած ենք ողբացեալ արուեստագէտ-գծագրիչ Վազգէն Թիւթիւնճեանին կողմէ պատ-րաստուած յատուկ գծանկարը: Իրեն կը մնանք երախտապարտ: Իսկ կողքի ձեւաւորումը սիրայօժար կատարեց արուեստագէտ Եղիա Պէքմեզեան, որուն նոյնպէս շնորհակալ ենք:

Ահաւասիկ Սարգիս Մահսէրէճեանի «Այս հատորին տեղն ու արժանիքները» յառաջաբանը:

Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեան

***

Այս հատորին (ինչպէս նաեւ «Բժիշկին խօսքը» հատորներու շարքին) հեղինակը՝ Կարպիս Հարպոյեան, կը պատկանի բժիշկներու այն փաղանգին, որոնք իբրեւ կեանքի եւ գործունէութեան սկզբունք՝ որդեգրած են բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցը անմահ պահող տողերէն մէկը. «Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական…»:

        Ոեւէ բժիշկ, վկայուելու պահուն, կու տայ Հիպոկրիտի երդումը, որուն խորքա-յին իմաստը այն է, որ բժիշկը իր ծառայութիւնները անմնացորդ եւ անշահախնդիր կերպով պիտի նուիրաբերէ մարդկութեան, այն մարդուն՝ որ կեանքի ընթացքին, ներքին եւ արտաքին գործօններու բերումով, կրնայ կորսնցնել իր առողջութիւնը: Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան բանիւ եւ գործով հաւատարիմ մնացած է այդ երդումին: Իբրեւ բժիշկ ու գիտնական-դասախօս, ան իր գիտելիքները ի սպաս դրած է հիւանդներու, բժշկութեան ուսանողներու, սակայն չէ բաւականացած այդքանով (ոեւէ բժիշկէ սպասուածը այս է ընդհանրապէս), այլ քալած է բազմաթիւ մղոններ անդին, տասնամեակներ շարունակ իր գիտելիքները մամուլի էջերէն, ապա նաեւ հատոր-ներով մատուցած է ընթերցողին, որպէսզի հայ հանրութիւնն ալ օժտուի առողջա-պահական տարրական, եւ ո՛չ միայն տարրական գիտելիքներով, անակնկալներու պարագային, եւ բժիշկի կամ հիւանդանոցի խնամքին ապաւինելէ առաջ, դիմէ ԻՆՔՆՕԳՆՈՒԹԵԱՆ, կանխարգիլէ վիճակի բարդա-ցում: Մէկ խօսքով, ան չէ բաւականացած բժշկական-առողջապահական գիտելիքներու կուտակումով, ինքնահարստացումով, այլ ապրած է զանոնք անանձնականօրէն ընթերցողներու հետ բաժնեկցելու բերկրանքը:

    Կարելի է երկար գրել այս հատորին, հատորներու այս շարքին բազում արժանիքներուն մասին, սակայն կը բաւականանանք մէկ քանի հիմնական նշումով:

    «Բժիշկին խօսքը» հատորներու շարքը կարելի է հայ տան մէջ հիւրընկալել իբրեւ սեղմ համայնագիտարան, օգտակար խորհուրդներու աղբիւր: Բժիշկ Կ. Հարպոյեան հանրաճանաչ է իբրեւ քիթի, ականջի եւ կոկորդի մասնագէտ, սակայն թէ՛ ներկայ հատորը եւ թէ ամբողջ շարքը վկայութիւն են, որ անոր գիտելիքներուն ծիրը սահմանափակում չի ճանչնար: Ան ո՛չ միայն թելադրանքներ – հետեւաբար՝ խոր ծանօթութիւն – ունի մարդկային մարմինի տարբեր մասերուն եւ անոնց հասնող ախտերուն մասին, այլ նաեւ հեղինակաւոր ցուցմունքներ կը կատարէ անոնց դարմանումին համար: Եթէ ընթերցողը հպանցիկ ակնարկ մը նետէ հատորի աւարտին տեղադրուած ցանկին վրայ, պիտի տեսնէ, որ շարքը ընդգրկած է շուրջ 345 տեսակի հիւանդութիւն ու առողջական հարց: Կան, այսպէս կոչուած՝ «դասական-ները», սակայն նաեւ մարդկութեան կեանքը պատուհասող նորագոյն ախտեր, ինչպէս՝ Պսակաւորին համաճարակն ու անոր տարածած ալիքները, կանխարգիլման միջոցները: Այլ խօսքով, իբրեւ իր ասպարէզին հաւատարիմ ծառայող՝ օրը օրին քայլ պահած է ասպարէզի նորութիւններուն հետ ու ահա զանոնք հատոր(ներ)ով մատչելի կը դարձնէ ընթերցողին:

       Բժիշկ Կ. Հարպոյեանի համար, ՀԱՅ ԸՆԹԵՐՑՈՂը առաջնահերթ տեղ ունի իբրեւ սեւեռակէտ: Ան ո՛չ միայն մատչելի եւ հեզասահ հայերէնով կը մատուցէ իր գիտելիքներն ու թելադրանքները (օտար լեզուներով, նման բովանդակութեամբ բազմաթիւ հրատարակութիւններ կան, նաեւ առատ նիւթ՝ համացանցի վրայ), այլ ունի յանձնառու եւ նախանձախնդիր մօտեցում՝ հանդէպ Մայրենիին: Ան բոլոր ախտերուն, մարդկային մարմինի մասերուն եւ դեղանիւթերուն մասին կը նախընտրէ գրել հայերէնով, այսինքն՝ ըստ կարելւոյն կը խուսափի տուեալ բառերուն օտար եզրերը գործածելէ, ի հարկին, եւ պարզապէս ընկալումը դիւրացնելու համար, մերթ ընթ մերթ հայերէնին կ’ընկերացնէ հանրութեան աւելի ծանօթ՝ օտարաբանութիւնը, ապա նաեւ քայլ մըն ալ անդին անցնելով՝ կը յօրինէ հայերէն եզրեր եւ զանոնք առ ի գործածութիւն՝ կ’առաջարկէ ընթերցողին, ինչպէս նաեւ հայ գիտաշխատողին: Այս առումով, ան վիթխարի (թող պարզ գերադրական չսեպուի այս որակումը) ներդրում ունի մեր բժշկագիտական բառամթերքի զարգացման մէջ, լռելեայն խորհրդատուու-թիւն կատարելով բժշկագիտութեան մարզին ծառայող հայրենի պաշտօնակիցներուն: Յամենայնդէպս, չենք անտեսեր այն իրողութիւնը, որ քանի մը տասնամեակ առաջ, նման նախանձախնդրութիւն տիրական էր մեր հայրենիքի տարբեր գիտաշխատող-ներուն մէջ, այսօր ալ այդ ճիգը բոլորովին չէ սպառած: Սոյն հատորին իբրեւ «յաւելուած» կցուած պատկառելի բառարանը կը բացայայտէ այս արժանիքը եւ չի կարօտիր երկար մեկնաբանութեան:

    Այս ու նախընթաց հատորներուն մէջ տեղադրուած նիւթերը (յաւելուած մըն ալ՝ բոլոր հատորներուն նիւթերու ցուցակը) մեծ մասամբ լոյս տեսած են հայկական մամուլին մէջ: Պէտք է ընդգծենք, որ հայ մամուլին՝ օրաթերթերու, շաբաթաթերթերու թէ բժշկագիտական-մասնագիտական պարբերականներու՝ անոր աշխատակցու-թիւնը կը տարածուի մօտաւորապէս հինգ տասնամեակներու վրայ: Շաբաթէ շաբաթ կամ այլ յաճախակիութեամբ լոյս տեսած անոր սիւնակները պիտի մատնուէին այն ճակատագիրին, որ սահմանուած է նման սիւնակագիրներու գրիչի արգասիքին, այսինքն՝ մոռացութեան եւ իրողական կորուստի, որքան ալ որ արժէքաւոր եւ օգտակար ըլլան նման սիւնակներ: Մինչդեռ, այդ բոլորին հատորի մը – կամ հատորներու – մէջ հաւաքագրումը ո՛չ միայն զանոնք կը փրկէ նման ճակատագիրէ, այլ նաեւ մեր գրադարանները կը հարստացնէ օգտաշատ եւ մնայուն գործերով: Եւ հոս ալ կարելի է տեսնել գոնէ երկու արժանիք. նախ՝ ԳԻՐՔ արժէքին հանդէպ այս հեղինակին հաւատքն ու հաւատարմութիւնը, իսկ աւելի մասնաւորելով՝ հայերէնով բժշկագիտական-առողջապահական հատորներով՝ մեր գիտաշխա-տութիւններու գրադարանին հարստացումը: Փաստօրէն, հեռաւոր ու մօտիկ անցեալին, ունեցած ենք երախտաւոր բժիշկներ եւ մասնագէտներ, որոնք նմանապէս օգտակար եղած են հանրութեան, սակայն որքան գիտենք, վերջին տասնամեակներուն նման հրատարակութիւններ հազուադէպ են, եթէ ոչ՝ բացակայ. Եւ ահա, բժիշկ Կ. Հարպոյեան նման բաց մը կը լրացնէ իր հետեւողական ու երկար շունչ պահանջող աշխատանքով:

    Վստահ ենք, որ այս հատորը պիտի չըլլայ հանրութեան ծառայութեան նուիրեալ այս մարդուն վերջին գործը: Փաստօրէն, ան կը շարունակէ երթը, տարբեր ախտերու մասին պարբերաբար սիւնակներ ստորագրելով մեր մամուլի էջերուն, երբեմն նորութիւն մը մատուցելով «հին» ախտի մը մասին: Պէտք է ընդգծենք նաեւ այն, որ անոր լոյս ընծայած հատորները միայն բժշկութեան-առողջապահութեան կալուածով չեն սահմանափակուած, այլ վերջին  տասնամեակին, նոյն բծախնդրու-թեամբ «պեղումներ» կը կատարէ Հայկական Ցեղասպանութեան ծանօթ եւ նուազ ծանօթ դաշտերուն մէջ: Մասնագիտական եւ գրաւոր վաստակին կողքին, այս հայորդին լուռ ու մունջ գործած է նաեւ մեր ուսումնական եւ մշակութային համա-կարգերուն մէջ, սկսելով Լիբանանէն ու հասնելով մինչեւ Քանատա:

    Իբրեւ բժիշկ վկայուելու օրէն ասդին իր կտրած ճամբան ան վստահաբար պիտի շարունակէ նոյն յանձնառութեամբ, որովհետեւ երդում տուած է իր գիտելիքներով, ու կարելի բոլոր միջոցներով օգտակար ըլլալ մարդուն, ամոքել անոր ցաւերը, փորձել զայն զերծ պահել առողջական վտանգներէ, ու այս բոլորին կողքին, հայ բժշկագիտական գանձարանը հարստացնել նոր բառերով: Ան երախտագէտ երախտաւոր մըն է:

 

 

 

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.