Լոյս տեսաւ ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի փետրուարեան թիւը
Լոյս տեսաւ ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի փետրուարեան թիւը, որուն առանցքը Հայաստանի իշխանութիւններուն արտաքին քաղաքականութեան եւ Արցախի շրջափակման վերաբերող նիւթերն են:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեան, պատասխանելով «Դրօշակ»-ի հարցումներուն, կը խօսի շրջափակման պայմաններուն մէջ Արցախի ներքին վիճակին, հասարակական մթնոլորտին, Արցախի հարցին մէջ Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութեան եւ այլ հարցերու մասին:
Իրանագէտ Կարինէ Մկրտչեան կ՛անդրադառնայ Արցախի շրջափակումէն առաջ եւ այդ ընթացքին տուեալ գործողութեան վերաբերեալ ազրպէյճանցի քաղաքական եւ քաղաքագիտական շրջանակներու արտայայտած դիրքորոշումներուն:
Ամերիկեան հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնը այս անգամ «Դրօշակ»-ի ընթերցողին կը ներկայացնէ «Միացեալ Նահանգներու արձագանգը Արցախի շրջափակման» խորագիրով յօդուածը:
Թրքագէտ Սաբինա Մուրադեանի ուշագրաւ յօդուածը կը պատմէ, թէ` «Ովքե՛ր են թուրք մեսխեթցիները եւ ինչպիսի գործօն կրնան դառնալ տարածաշրջանին մէջ»: Ինչպէս յօդուածին խորագիրը կը յուշէ, այս քիչ արծարծուող թեման կը վերաբերի քանի մը հիմնահարցի, որուն նկատմամբ հայութիւնը պէտք է ուշադրութիւն դրսեւորէ:
Հրապարակագիր Վրէժ Արմէն այս անգամ կը ներկայացնէ Ամերիկայի Նոթր Տամ համալսարանի քաղաքագիտութեան ամպիոնի դասախօս Փաթրիք Տենինի աշխատութիւնը, որ վերնագրուած է` «Ազատութիւն ազատականութենէ անդին»: Հետաքրքրական այս աշխատութիւնը, ինչպէս որ կը մեկնաբանէ յօդուածին հեղինակը, «ճիշդ ատենին լոյս տեսած գիրք մը, որ ցոյց կու տայ «ազատութիւն» վեհ յղացքին վրայ հիմնուած «ազատականութիւն» հասկացողութեան իմաստազրկումը եւ կը նախատեսէ անոր վերջը»: Յօդուածէն կ՛իմանանք, որ յայտնի տեսաբանը կ՛անդրադառնայ ժամանակակից աշխարհին մէջ գերիշխող ազատականութեան (լիպերալիզմի) հակասութիւնը իր իսկ հռչակած իտէալներուն նկատմամբ, հասարակական կեանքին մէջ անոր բերած արատներուն, ինչպէս նաեւ` գաղափարաքաղաքական այս չարիքը յաղթահարելու ուղիներուն:
«Դրօշակ»-ի 2023 թուականի երկրորդ թիւը կը ներառէ հետաքրքրական այլ յօդուածներ եւս, որոնց կարելի է ծանօթանալ մուտք գործելով ՀՅԴ պաշտօնաթերթի կայքէջ: https://www.arfd.am