Լոյս Տեսաւ «Դրօշակ»-ի 2022-ի 11-րդ Թիւը
Լոյս տեսաւ «Դրօշակ»-ի 2022 թուականի 11-րդ թիւը: ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթի առաջնորդող յօդուածը նուիրուած է հայութեան համար տագնապալի քաղաքական գործընթացներուն եւ անոնց հաւանական հետեւանքներուն` հայութեան եւ հայոց երկու զոյգ պետականութեան համար:
Անդրադառնալով վերջին շրջանի բանակցային գործընթացներուն եւ անոնց հետեւանքներուն` «Դրօշակ» կ՛եզրակացնէ, որ Հայաստանի ներկայի իշխանութեան համար այս գործընթացները ինքնանպատակ բնոյթ ունին եւ կը ծառայեն իբրեւ Արցախի ու Հայաստանի կործանման հաշուոյն իշխանութիւնը պահպանելու հնարաւորութիւն:
Թրքագէտ Սապինա Մուրադեանը թրքացեղ պետութիւններու, ինչպէս նաեւ յատկապէս Վրաստանի օրինակով կը բացայայտէ, թէ որքա՛ն վտանգաւոր է տուրք տալ թրքական փափուկ ուժին եւ, բանալով երկրի դարպասները, դարաւոր թշնամիին ու ցեղասպանին թոյլ տալ խաղաղ ուղիով զաւթելու սեփական երկիրը:
Միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Սեդօ Պոյաճեան դատապարտելի կը նկատէ Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու շահերու հակադրումը` փաստելով, որ անոնք միասնական են, ուստի կա՛մ երկուքին հետ ես, կա՛մ երկուքին դէմ:
Քաղաքագէտ Հրանդ Մելիք Շահնազարեան, խօսելով Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցող գործընթացներու ծիրին մէջ Իրանի համար ապահովութեան առումով կարմիր գիծերուն մասին, կը հաստատէ դրացի երկրի շահագրգռութիւնը` Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան հարցին մէջ: Միւս կողմէ` կը խօսի Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու ցուցաբերած ոչ համարժէք քայլերուն մասին` բնական դաշնակիցին հետ, համապատասխան հարցերու մէջ սերտ գործակցութեան ուղղութեամբ:
Արեւելագէտ Արմէն Պետրոսեան եւ իրանագէտ Կարինէ Մկրտչեան, խօսելով այն մասին, որ ազրպէյճանական հոգեկերտուածքը հիմնուած է հակահայկականութեան, հակաիրանականութեան եւ հակառուսականութեան վրայ, կը ներկայացնէ այն հակառուսական ջղագրգիռ ատելութիւնը, որով ներծծուած է Ազրպէյճանի հասարակութիւնը:
«Դրօշակ»-ի այս այս թիւով կ՛եզրափակուի հրապարակագիր, բանասէր, Հալէպի հայագիտական հիմնարկի Հայ դատի դասախօս Աւօ Գաթրճեանի «Հայ ազատագրական շարժման մեծագոյն նուիրեալ Գէորգ Չաւուշին ձօնուած երգերը» յօդուածը: Հայ մեծ հերոսին նուիրուած ընդարձակ եւ, թեմայի առումով, ամբողջական այս ուսումնասիրութեան մէջ Գէորգ Չաւուշի կեանքի մանրամասներուն անդրադառնալով, հեղինակը կը ներկայացնէ Սասնոյ «Սարերու Ասլանին» նուիրուած երգերը, անոնց ստեղծման շարժառիթները, ինչպէս նաեւ` այդ երգերուն հեղինակները: Ազգային ազատագրական պայքարի պատմութեամբ եւ այդ պայքարին ձօնուած երգարուեստով հետաքրքրուողներուն համար օգտակար ու հաճելի կ՛ըլլայ այս յօդուածին ընթերցանութիւնը:
«Դրօշակ»-ի 2022-ի 11-րդ թիւը կրնաք կարդալ` այցելելով https://www.arfd.am