Լոյս Տեսաւ Արցախեան Երկրորդ Պատերազմին Նահատակուած Ախուրեանցի Հայորդիներու Յիշատակին Նուիրուած «Յաւերժութեան Ճանապարհին» Գիրքը
Վերջերս հրատարակուեցաւ Մարինէ Խաչատրեանի «Յաւերժութեան ճանապարհին» գիրքը` նուիրուած Ախուրեան համայնքի Ախուրեան, Այգաբաց, Արեւիկ, Բասէն, Կամօ, Կառնուտ, Հովիտ, Ջրառատ բնակավայրերուն` 2020 թուականի արցախեան երկրորդ պատերազմին նահատակուած 24 հայորդիներուն: Գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ Գիւմրիի «Հոկտեմբեր» թատերասրահին մէջ:
«Երբ աւարտեցի առաջին գիրքս` «Ախուրեան համայնքի պատմամշակութային յուշարձաններ»-ը, սկսաւ պատերազմը, եւ ես չէի ուզեր առանց յիշողութիւններու ձգել մեր սերունդները: Նպատակս մէկն էր` յաւերժացնել մեր յաւերժի ճամբորդները, սերունդները կրթել ու դաստիարակել հայրենասիրութեան ոգիով` անոնց փոխանցելով հերոսներու կատարած սխրագործութիւնները: Գիրքի ստեղծման ճանապարհը դժուար ու ծանր ապրումներով էր», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց Մարինէ Խաչատրեան:
Գիրքին մէջ մանրամասն նկարագրուած է իւրաքանչիւրին կեանքը եւ մարտական փառաւոր ուղին, իսկ գիրքին ձեւաւորումը կատարած է Մարտին Գէորգեանը: Մինչ կենսապատումները աւարտած են` սկիզբ դնելով նոյնանուն տեսաշարերու, որոնք ստեղծուած են հերոսածին մայրերու եւ հարազատներու, զինակից ընկերներու յուշերու հիման վրայ:
«Իւրաքանչիւրս պէտք է մեր ուժերը ներդնենք, որպէսզի լրացնենք մեր եղբայրներուն, մեր հայրերուն, մեր ընկերներուն չապրած տարիները: Ինծի համար պատիւ էր մասնակցութիւն ունենալ այս գիրքին եւ ժապաւէններու ստեղծմանը` այս ձեւով յարգանքի տուրք մատուցելով հերոս տղաներուն», խօսելով կատարուած աշխատանքի մասին` նշեց Մարտին Գէորգեան:
Յայտնենք, որ գիրքը հրատարակուած է Ախուրեան համայնքի պատուէրով: