ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2023 թուականի առաջին թիւը արդէն համացանցի վրայ է: Նկատի ունենալով օրուան հրատապ հարցերը` «Դրօշակ»-ի այս թիւի նիւթերը հիմնականին մէջ առնչուած են Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած փորձութիւններուն եւ յատկապէս Արցախի շրջափակման:
Թիւին առաջնորդող յօդուածին մէջ անդրադարձ կը կատարուի արտաքին ազդեցութիւններու տակ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած անհեռանկար ու վտանգաւոր քաղաքականութեան, յատկապէս` իր դաշնակիցներուն նկատմամբ եւ նոյնքան վտանգաւոր սիրաբանութեան Հայաստանն ու Արցախը խեղդել փորձող թշնամիներուն հետ:
Քաղաքագէտ Հրանդ Մելիք Շահնազարեան «Ռուսիոյ տարածաշրջանային շահերը: Ինչպէ՞ս յարաբերիլ Մոսկուայի հետ» խորագիրին տակ քննական հայեացքով կը վերլուծէ Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութիւնը Ռուսիոյ նկատմամբ, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ` տարածաշրջանային ներկայ քաղաքականութիւնը: Իրանագէտներ Նարէ Գէորգեան եւ Ժաննա Վարդանեան կ՛անդրադառնան Հայաստանին եւ անոր շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հանդէպ դրացի ու դաշնակից Իրանի վերաբերմունքին, որ իր արտացոլումը կը գտնէ յատկապէս փորձագիտական շրջանակներու մեկնաբանութիւններուն մէջ: Իրանագէտ Լիանա Պետրոսեան իր կարգին կը լուսաբանէ Միացեալ Թագաւորութեան հետաքրքրութիւնները տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն նկատմամբ` դիտել տալով, որ ատիկա պայմանաւորուած է յատկապէս տնտեսական այն գործարքներով, որոնք գոյութիւն ունին այս երկրին եւ Ազրպէյճանին միջեւ:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան Արեւելագիտութեան հիմնարկի միջազգային յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Արաքս Փաշայեան կ՛անդրադառնայ հայ-հնդկական դարաւոր կապերուն եւ կ՛արժեւորէ համաշխարհային քաղաքական մեծ կշիռ ունեցող բարեկամ երկրի հետ Հայաստանին արդիւնաւէտ ու հեռանկարային կապերը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը: Ազգային անվտանգութեան հարցերու մասնագէտ Արփի Աբրահամեան լուսարձակի տակ կ՛առնէ Հայաստան-Եւրոպական միութիւն յարաբերութիւններու զարգացումը, ինչպէս նաեւ միութեան ոչ համարժէք արձագանգը` Ազրպէյճանին շեշտուած հակահայ գործողութիւններուն:
2023-ի մեկնարկային թիւին մէջ «Դրօշակ»-ը կը ներկայացնէ այլ հետաքրքրական հրապարակումներ եւս:
«Դրօշակ» 2023-ի առաջին թիւը համացանցի վրայ կրնաք գտնել https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2023/01/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-1-2023%D5%A9.pdf հասցէով: