Լիբանանի մօտ Գերմանիոյ դեսպանը այցելեց «Կիլիկիա» թանգարան

5 Օգոստոս 2021-ին, Լիբանանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտլ եւ տիկինը այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարան, ուր ընդունուեցան թանգարանի նախկին տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի եւ ներկայ տեսուչ Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեանի կողմէ։ Ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն անցած եւ սակայն յարութեամբ ոտքի կանգնած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութիւնը, հայր սուրբերը դեսպանին եւ տիկնոջ ծանօթացուցին թանգարանին տարբեր բաժանմունքները, անոր հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը եւ առաքելութիւնը։

Թանգարան շրջագայութեան աւարտին, դեսպանն ու տիկինը այցելեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճար եւ Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռ, ուր անոնք իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանեցին Հայոց Ցեղասպանութեան սրբացեալ նահատակներուն։

Յայտնենք, որ 2019 թուականին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, կազմակերպութեամբ Գերմանիոյ մէջ հիմնուած Հայ Մշակոյթի Ժառանգութեան Հիմնարկին (Armenian Cultural Heritage Foundation, Lüneburg, Germany) եւ հովանաւորութեամբ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մշակութային Պահպանութեան գրասենեակին, «Կիլիկիա» թանգարանի ձեռագիրները արձանագրուեցան իբրեւ եւրոպական մշակոյթին մաս կազող Սիսէն փրկուած ժառանգութիւն, եւ խումբ մը գերմանացի երիտասարդ մասնագէտներու ջանքերով պահպանութեան նոր մեթոտ կիրառուեցաւ թանգարանի ձեռագրատան բաժանմունքէն ներս։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.