Լաւրով․ ԵՄ անդամակցութիւնը անհամատեղելի է ԵԱՏՄ-ի հետ, սակայն Մոսկուան կը յարգէ Երեւանի ընտրութիւնը
- (0)

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով անդրադարձած է Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան հետ հնարաւոր անդամակցութեան հարցին՝ նշելով, որ նման որոշում անհամատեղելի է այն պարտաւորութիւններուն հետ, զորս Հայաստանը ստանձնած է Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) ծիրին մէջ։ Այդուհանդերձ, ան ընդգծած է, թէ Մոսկուան պատրաստ է յարգել Երեւանի կողմէ ընդունուելիք որեւէ քաղաքական որոշում։
«Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ ըլլալը չի համընկնիր այն սկզբունքներուն հետ, որոնց վրայ կը հիմնուի Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութիւնը, իսկ առաւել եւս՝ անդամակցութիւնը։ Սակայն, այդ ձեր ընտրութիւնն է, եւ մենք անոր պիտի մօտենանք լիակատար յարգանքով», — նշած է Լաւրովը Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հետ հանդիպման ընթացքին։ Այս մասին կը հաղորդէ ՌԻԱ Նովոստի գործակալութիւնը։
Լաւրովի համաձայն՝ Ռուսիա տեղեկացուած է Հայաստանի իշխանութիւններուն այն մտադրութեան մասին, որ նպատակ ունին շարունակելու եւ ամրապնդելու յարաբերութիւնները Մոսկուայի հետ։ Սակայն, ըստ անոր, Եւրոպական Միութեան շրջանակներուն մէջ այդ դիրքորոշումը միշտ չէ, որ դրական արձագանգ կը ստանայ։
«Մենք հաղորդ ենք Հայաստանի ղեկավարութեան յայտարարութիւններուն՝ Ռուսիոյ հետ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան մակարդակը պահպանելու պատրաստակամութեան մասին, բայց միեւնոյն ժամանակ կը տեսնենք, որ այդ մօտեցումը առանձնապէս ընդունելի չէ որոշ արտատարածաշրջանային պետութիւններու համար։ Մեր եւրոպացի գործընկերները աւելի աշխոյժ կերպով կը գործեն հակառակ ուղղութեամբ», — ընդգծած է ան։
Յիշեցնենք, որ 2025 թուականի դեկտեմբեր 2-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան–ԵՄ գործընկերութեան խորհուրդի վեցերորդ նիստին աւարտին, կողմերը ստորագրած են գործընկերութեան ռազմավարական օրակարգը։ Փաստաթուղթը ստորագրուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյանի եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր յանձնակատար Կայա Կալասի կողմէ։