Լարա Գազանճեան 2 կոլ նշանակեց Գանատայի համար FIFA U-17 աղջկանց Աշխարհի Բաժակի ոտնագնդակի մրցաշարքին
(«Հորիզոն»).- Մոնթրէալահայ 16-ամեայ Լարա Գազանճեան Գանատայի կազմին հետ մասնակցեցաւ 2018-ի FIFA U-17 աղջկանց Աշխարհի Բաժակի մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ Ուրուկուէյի մէջ, 13 Նոյեմբերէն 1 Դեկտեմբեր:
Խմբակային փուլին ընթացքին Գանատայի ազգային խումբը խաղցաւ Սպանիոյ, Հարաւային Քորէայի եւ Գոլոմպիոյ դէմ, որոնց ընթացքին Գանատան յաղթեց Հարաւային Քորիայի եւ Գոլոմպիոյ, մինչ պարտուեցաւ Սպանիոյ դէմ խաղին: Այսպիսով Գանատայի խումբը առաջադրուեցաւ նախակիսաեզրափակիչ փուլ: Նշենք, որ Հարաւային Քորէայի դէմ մրցումին Գանատայի խումբը յաղթեց 2-0 արդիւնքով, որուն երկրորդ կոլը նշանակեց Լարան եւ ստացաւ «Խաղի լաւագոյն խաղացող» տիտղոսը:
Հուսկ, Գանատայի խումբը գրաւեց չորրորդ դիրքը, որուն երրորդ դիրքի Նիու Զելանտայի դէմ մրցումին ընթացքին, հակառակ որ Գանատա պարտուեցաւ 2-1 արդիւնքով, սակայն Լարան արձանագրեց Գանատայի խումբին միակ կոլը: Նշենք, որ գանատական ոչ մէկ U-17 խումբ ցարդ կրցած էր հասնիլ նախակիսաեզրափակիչ փուլ:
Հարաւային Քորէայի դէմ Լարային արձանագրած կոլը առաջադրուած է որպէս «Մրցաշարքի լաւագոյն կոլը»:
Լարան մինչեւ վեցերորդ դասարան յաճախած է Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարան։ Ներկայիս ուսումը կը շարունակէ Գոլէճ Տէ Մոնթրէալի մէջ։ 4 տարեկանէն ի վեր ոտնագնդակի խաղադաշտերուն վրայ սուրացող Լարան 2016-ին առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուած է Գանատայի կրտսեր աղջկանց ոտնագնդակի ազգային խումբ, ապա 2017-ի աշնան ընդգրկուած է Գանատայի 17 տարեկան աղջիկներու կազմին մէջ եւ մասնակցած զանազան մրցաշարքերու: Լարան կը կրէ թիւ 12 շապիկը։
Տեսանիւթի յղումով կարելի է դիտել կարայի նշանակած կոլը Հարաւային Քորէայի դէմ։