«Իրաւական Կարգաւորումները Դէպի Արտակարգ Դրութիւն Տանող Նախադրեալներ Չկան». Դաւիթ Իշխանեան
- (0)

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- 26 Մարտին, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հրաւէրով Ազգային ժողովի իշխանութիւններուն սատարող քաղաքական կուսակցութիւններու անդամներուն հետ հանդիպումէն ետք «Արցախփրէս»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան յայտնեց, որ իրենք ամէնօրեայ կապի մէջ են Արցախի առողջապահութեան նախարարին հետ՝ «Քորոնա» ժահրի տարածման վերաբերեալ տեղեկութիւն ստանալու համար:
Անդրադառնալով հանդիպումին՝ ան դիտել տուաւ, որ ծաւալած քննարկումները յուսադրող էին ոչ միայն իրավիճակին մասին տեղեկատուութիւն ստանալու առումով, այլ նաեւ իրաւական դաշտին մէջ կարելիութիւններուն եւ կանխարգելիչ քայլերուն ուղղութեամբ։
«Մենք ներկայումս չունենք այն նախադրեալները, որ իրաւական կարգաւորումները տանենք դէպի արտակարգ դրութիւն: Ի հարկէ, մենք հաշուարկել ենք բոլոր քայլերը, եւ, կարծում եմ, այն մօտեցումները, որոնք տեղեկատուական դաշտում փորձում են ուղղորդումներ մտցնել եւ բնակչութեան շրջանում խուճապային տրամադրութիւն ստեղծել, անհիմն են: Որպէս քաղաքական ուժի ներկայացուցիչ՝ մեզնից իւրաքանչիւրը յստակ գիտակցում է իր պատասխանատուութեան չափաբաժինը: Պէտք է քաղաքական համակարգում՝ կուսակցութիւնների, իշխանութեան եւ հասարակական դաշտի միջեւ, լինի երկխօսութիւն: Բոլոր այն փաստերը, որոնք ներկայացուեցին հանդիպմանը, յուսադրող են: Վստահ ենք, որ գործադիրը բաւարար պայմաններ կը ստեղծի համապետական ընտրութիւններն անցկացնելու համար», յայտնեց Դ. Իշխանեան: