Իրավիճակը սահմանին վրայ

  • Հայ-ատրպէճանական սահմանին վրայ պահպանուած է յարաբերական անդորր։ Հակառակորդը խախտած է կրակի դադարեցման կարգը 9 անգամ, օգտագործած է «ՀԱՆ-17» տիպի նռնականետ։ Հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակած է 137 կրակոց։
  • ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ հանդիպած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հետ։ Նախագահն ու վեհափառ հայրապետը խորհրդանշական սեպած են, որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւորականները, Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի, զօրավիգ են Հայրենիքին:
  • Ռուս զինուորական թղթակից, «WarGonzo» նախագծի հեղինակ Սեմիոն Փեկով Տաւուշի մարզի Բերդ քաղաքէն հարցազրոյց պատրաստած է: Ան պատմած է, որ ատրպէճանական բանակը «Դ-30» հովիցէր հրանօթէն 4 արկ նետած է հայկական բնակավայրերու ուղղութեամբ։
  • ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ տեսանիւթ հրապարակած է, որուն մէջ հայ զինծառայողները կը դիմեն ժողովուրդին՝ վստահեցնելով, որ անհոգ ըլլան եւ զբաղին առօրեայ գործունէութեամբ, քանի որ զինծառայողները կը կատարեն իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը եւ ամուր են հայոց լեռներուն պէս։
  • ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ եւս գրառում կատարած է՝ կոչ ուղղելով ձեռնպահ մնալ բանակին համար որեւէ գոյք ձեռք բերելու նախաձեռնութենէ: Բանակին նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել ցանկացողներուն ան յորդորած է նուիրատուութիւնները փոխանցել Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամին։ Վարչապետը վստահեցուցած է, որ հիմնադրամի գործունէութիւնը լիարժէք թափանցիկ է եւ կը գտնուի օրէնքով նախատեսուած վերահսկողութեան ներքոյ։
  • ՀՀ ՊՆ մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան տեղեկացուցած է, որ չնայած նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ կամաւորագրուելու անհրաժեշտութիւն չկայ, այնուամենայնիւ, արդէն զօրացրուած նախկին զինծառայողները, ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, այնպէս ալ Արցախի մէջ, եւ յատկապէս այն զօրամասերուն, որոնց ուղղութեամբ վերջին օրերուն արձանագրուած էին ատրպէճանական Զինուած ուժերու նախայարձակ գործողութիւններ, կը դիմեն զինկոմիսարիաներ՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով շարունակելու ծառայութիւնը եւ պաշտպանելու երկրի սահմանը։

Միջազգային

  • «Sky News Arabia» հեռատեսիլի ընկերութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ԱԳ նախարար Զօհրապ Մնացականեան նշած է, որ Ատրպէճանը եւս մէկ անգամ փորձած է միակողմանի զիջումներ պարտադրել Հայաստանին՝ Արցախի հարցին մէջ: Զօհրապ Մնացականեան ըսած է, որ հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում: Անդրադառնալով Թուրքիոյ հնչեցուցած յայտարարութիւններուն՝ ԱԳ նախարարը նշած է, որ այդ գործելակերպը չի նպաստեր հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:
  • ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղտալեան «Կոմերսանտ» պարբերականի հետ հարցազրոյցին մէջ նշած է, որ վերջին ամիսներուն Ատրպէճանի ղեկավարութեան կողմէ ատելութեան հռետորաբանութիւնը եւ սպառնալիքները, ռազմատենչ յայտարարութիւնները, որոնց հիման վրայ տեղի ունեցաւ վերջին սրացումը, խաղաղ գործընթացը վերադարձուցած են 2016 թուականի ապրիլեան դրութեան՝ հակառակ անոր, որ աւելի վաղ ձեռք բերուած էր ժողովուրդներուն խաղաղութեան նախապատրաստելու վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւն: Ըստ այդմ՝ դատելով վերջին իրադարձութիւնները՝ ոչ թէ Ատրպէճանի իշխանութիւնները պէտք է նախապատրաստեն ժողովուրդը, այլ հակառակը՝ Ատրպէճանի ժողովուրդը պէտք է իր ղեկավարութիւնը նախապատրաստէ խաղաղութեան:
  • Հռոմի Փրանկիսկոս Պապը մտահոգութիւնը յայտնած է հայ-ատրպէճանական սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ։ Կիրակնօրեայ Մարիամեան աղօթքի աւարտին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին մէջ հաւաքուած հաւատացեալներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքին մէջ յոյս յայտնած է, որ յանուն ժողովուրդներու բարօրութեան՝ երկխօսութեան ու բարի կամքի միջոցաւ հնարաւոր պիտի ըլլայ խնդրի խաղաղ լուծման հասնիլ։
  • Ուրուկուէի խորհրդարանէն ներս ընդդիմադիր «Լայն ճակատ» կուսակցութեան անդամ, զբօսաշրջութեան նախկին նախարարուհի, երիցփոխանուհի Լիլիան Քեշիշեան դատապարտած է ատրպէճանական գործողութիւնները։ Թուիթէրի վրայ դատապարտող գրառումներ ըրած են նաեւ իշխող Ազգային կուսակցութեան երիցփոխան Փետրո Խիստանեան ու առողջապահութեան փոխնախարար Խոսէ Լուիզ Սաչեան:
  • Արտասահմանեան լրատուամիջոցները յայտնած են, որ Թուրքիան ակնյայտօրէն կ’աջակցի Ատրպէճանին եւ կը պատրաստուի Սուրիական ազատ բանակի գրոհայիններուն ուղարկել Ատրպէճան, որպէսզի աջակցին Ատրպէճանին՝ Հայաստանի դէմ ռազմական գործողութիւններուն մէջ։
  • Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ յատուկ կարգով հոգեհանգստեան պաշտօն մատուցուած է հայ-ատրպէճանական սահմանագօտիին զոհուածներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
  • Թրանսիլվանիոյ հունգարախօս հայ համայնքը միացած է ատրպէճանական յարձակողականութիւնը դատապարտող յայտարարութիւններուն՝ կոչ ուղղելով միջազգային հանրութեան նպաստել խաղաղ բանակցային գործընթացին:
  • Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի խորհրդարանի Հայաստան-Աւստրալիա բարեկամական խումբը դատապարտած է Ատրպէճանի սադրիչ գործողութիւնները։
  • Ռուս երիցփոխաններ մտահոգութիւն յայտնած են Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ատրպէճանամէտ դիրքորոշման վերաբերեալ: Արտեմ Տմիթրուկը յայտարարութիւնն անուանած է չմտածուած։ Ան կոչ ուղղած է՝ խօսել է առաջ հարիւր անգամ մտածել անոր հետեւանքներուն մասին։
  • ՌԴ նախագահի մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Ռուսիան Հայաստանի եւ Ատրպէճանի միջեւ հակամարտութեան, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ մէջ երկու երկրներու ներկայացուցիչներուն միջեւ յուզական կարգավիճակի շուտափոյթ կարգաւորման յոյս ունի։ Ան յիշեցուցած է, որ ՌԴ-ը երկու կողմերուն ալ կոչ ուղղած է զսպուածութիւն ցուցաբերել, վերադառնալ հրադադարի կարգի պահպանման եւ դադարեցնել բռնութեան որեւէ դրսեւորում:
  • Ֆրանսայի ՀՅԴ «Նոր սերունդ» կազմակերպութիւնը բողոքի ցոյց իրականացուցած է Փարիզի մէջ։ Հանրահաւաքին ատրպէճանական ոտնձգութիւնները դատապարտող ելոյթով հանդէս եկած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան:
  • Ամսթերտամի հայերը բողոքի ցոյց կազմակերպած են Ատրպէճանի դեսպանութեան դիմաց եւ Տամ հրապարակին մէջ։

Համադրուած ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի «Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի Սփիւռքի բաժնի կողմէ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.