Իրանի մէջ ռեժիմի փոփոխութիւնը կրնայ «շրջափակման» վտանգներ ստեղծել Թուրքիոյ համար

Թրքական «Yeni Şafak» թերթի սիւնակագիր Սուլէյման Սէյֆի Օղիւն անդրադարձած է Իրանի շուրջ թէժացող լարուածութեան եւ փորձած է գնահատել, թէ Իրանի մէջ հնարաւոր ռեժիմի փոփոխութիւնը ինչպիսի հետեւանքներ կրնայ ունենալ Թուրքիոյ համար։

Հեղինակը կը ներկայացնէ երկու հաւանական զարգացում։ Առաջինը կ՚ենթադրէ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին ծանր հարուածներով կաթուածահար ընեն Իրանը, որուն կրնայ յաջորդել ներքին ապստամբութիւն։ Անոր գնահատմամբ՝ նման զարգացումներու պարագային Թեհրանի մէջ կրնայ կազմուիլ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի մօտ իշխանութիւն։ Օղիւն կը գրէ, որ այդպիսի զարգացում կրնայ «ծանր հետեւանքներ» ունենալ Անգարայի համար՝ ստեղծելով Թուրքիոյ «արեւելքէն շրջափակման» կացութիւն մը։

Հեղինակը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ նաեւ Հարաւային Կովկասին վրայ՝ նշելով, որ եթէ Իրանը տկարանայ, շրջանին մէջ Իսրայէլի եւ Հնդկաստանի ներկայութիւնը կրնայ ուժեղանալ։ Անոր կարծիքով՝ այդ մէկը կրնայ փոխել տարածաշրջանային ուժերու հաւասարակշռութիւնը եւ Թուրքիոյ համար նոր ճնշումներու պատճառ դառնալ։

Օղիւն կը շօշափէ նաեւ Սուրիոյ գործօնը՝ պնդելով, որ Ամերիկայի քայլերը կրնան յանգեցնել այն վիճակին, ուր Անգարան եւ Թել Աւիւը աւելի ուղղակի մրցակցութեան պայմաններու մէջ յայտնուին։ Ան չի բացառեր, որ Իրանի շուրջ լայնածաւալ պատերազմ մը կրնայ վերածուիլ տարածաշրջանային բախումի՝ ընդգրկելով զանազան դերակատարներ։

Յօդուածին մէջ կը յիշուին նաեւ հնարաւոր ընկերատնտեսական հետեւանքներ՝ փախստականներու հոսք, նաւթի գիներու աճ եւ կազի մատակարարման խնդիրներ։ Բացի ասկէ, հեղինակը կ՚ենթադրէ, որ արտաքին դերակատարները կրնան փորձել աշխուժացնել Իրանի ներսի ազգային եւ քաղաքական զանազան գործօնները։

Նիւթը կ’արտացոլէ թրքական պահպանողական շրջանակներուն մէջ առկայ մտահոգութիւնները՝ Իրանի մէջ հնարաւոր փոփոխութիւններուն եւ անոնց տարածաշրջանային ազդեցութեան վերաբերեալ։