Իրան՝ ներքին ցնցումներ, զոհեր եւ դիւանագիտական լարուածութիւն

Չնայած համացանցի անջատմանն ու ապահովական ուժերու կողմէ ուժգնացող բռնաճնշումներուն՝ Իրանի մէջ հակակառավարական ցոյցերը կը շարունակուին արդէն տասնվեց օր է։ Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու տուեալներով՝ այս օրերուն սպաննուած է աւելի քան 500 ցուցարար եւ 48 իրաւապահ, իսկ ձերբակալուածներու թիւը անցած է 10.600-ը, կը հաղորդէ Ազատութիւն-ը։

BBC-ի փոխանցմամբ՝ գիշերը ցոյցերը նախորդ օրերուն համեմատ աւելի սահմանափակ ծաւալով շարունակուած են՝ իրաւապահներու արձագանգի կոշտացման պատճառով։

ԱՄՆ-ի նախագահը, որ այս օրերուն բազմիցս սպառնացած էր միջամտել, երէկ յայտնած է, թէ Իրանի ղեկավարութիւնը կապ հաստատած է Ուաշինկթընի հետ եւ պատրաստակամութիւն յայտնած՝ բանակցելու։ Սակայն Տոնալտ Թրամփ նշած է, թէ Միացեալ Նահանգները կրնայ որոշ քայլեր ձեռնարկել՝ նախքան իրանցիներուն հետ հանդիպումը։ Ան նաեւ յայտարարած է, որ միջամտութեան քանի մը տարբերակներ կը դիտարկուին, ներառեալ՝ ռազմականը, սակայն առանց մանրամասնիւթիւններ փոխանցելու։

CBS-ի համաձայն՝ Թրամփին զեկուցուած է հնարաւոր ռազմական հարուածներու տարբերակներու մասին։ The Wall Street Journal-ը, ամերիկացի պաշտօնատարներու վկայակոչմամբ, կը հաղորդէ, թէ կը քննարկուի նաեւ համացանցային տիրոյթին մէջ հակակառավարական աղբիւրներու աշխուժացումը, Իրանի զինուած ուժերուն դէմ արհեստագիտական զէնքի գործածութիւնը կամ նոր պատժամիջոցներու կիրարկումը։

Իրանը պատրաստ է թէ՛ պատերազմի, թէ՛ երկխօսութեան, այսօր յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը։ Աբպաս Արաղչի նշած է, որ Թրամփի յայտարարութենէն ետք ցոյցերը աւելի արիւնալի դարձած են։ Անոր պնդմամբ՝ ցուցարարներուն մէջ եղած են զինուած անձինք, որոնք կրակ բացած են թէ՛ իրաւապահներու, թէ՛ ցուցարարներու ուղղութեամբ։

Նախարարին համաձայն՝ ներկայ իրավիճակը ամբողջութեամբ վերահսկողութեան տակ է, իսկ համացանցը պիտի վերականգնուի՝ անվտանգութեան մարմիններու հետ համակարգմամբ։ Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակն ալ յայտնած է, թէ ներկայիս շփումներ կը կատարուին Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ։

Մինչ Իրանի մէջ ցոյցերը կը շարունակուին, աշխարհի տարբեր երկիրներէն կը հնչեն յայտարարութիւններ։ Չինաստանը, օրինակ, արտայայտուած է Իրանի ներքին գործերուն «միջամտութեան» դէմ, իսկ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը յայտարարած է, թէ «ցնցուած» է բռնութեան վերաբերեալ հաղորդումներէն եւ կոչ ուղղած է Իրանին՝ «զերծ մնալու անհարկի կամ անհամաչափ ուժի կիրառումէն»։

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարար Կայա Կալլաս յայտարարած է, թէ պատրաստ է առաջարկելու նոր պատժամիջոցներ Թեհրանի դէմ, մինչ Գերմանիոյ կանցլերը դատապարտած է բռնութիւնը եւ կոչ ուղղած Իրանին՝ պաշտպանելու սեփական ժողովուրդը, ոչ թէ սպառնալու։