Իսրայէլ եւ «Հըզպոլլահ» համաձայնած են հրադադար հաստատել

ՊԷՅՐՈՒԹ — Իսրայէլ եւ «Հըզպոլլահ» համաձայնած են այսօրուընէ հրադադար հաստատել Լիբանանի մէջ, կը հաղորդէ Reuters-ը՝ վկայակոչելով ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը։

Դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն, համաձայնութիւնը մշակուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Քաթարի միջնորդութեամբ՝ Իրանի մասնակցութեամբ։ Զարգացումը տեղի ունեցած է Զուիցերիոյ մէջ նախատեսուած ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու յետաձգումէն քանի մը ժամ ետք։

Հրադադարի յայտարարութենէն առաջ Իսրայէլի բանակը նոր հարուածներ հասցուցած էր հարաւային Լիբանանի մէջ։ Գործողութիւններուն հետեւանքով զոհուած էր առնուազն 18 մարդ, վիրաւորուած՝ աւելի քան 30 ուրիշներ։ «Հըզպոլլահ»-ի պատասխան հարուածներէն սպաննուած էին իսրայէլացի չորս զինուորներ։

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահու յայտարարած էր, որ Իսրայէլ պիտի չհանդուրժէ իր զինուորներուն կամ տարածքին դէմ որեւէ յարձակում՝ զգուշացնելով, որ «Հըզպոլլահ» «ծանր գին» պիտի վճարէ։ Իր կարգին, «Հըզպոլլահ» Թել Աւիւը մեղադրած էր հրադադարը խախտելու մէջ եւ յայտարարած, որ կը պաշտպանէ Լիբանանի տարածքն ու ժողովուրդը։

Լիբանանի մէջ հրադադարի յայտարարութեան զուգահեռ, անորոշ կը մնայ ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու ընթացքը։ Սպիտակ տունը հանդիպման յետաձգումը բացատրած է կազմակերպչական խնդիրներով, մինչ իրանական լրատուամիջոցներ կը պնդեն, թէ Թեհրանն էր հետաձգած իր պատուիրակութեան այցը՝ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան հարուածներուն պատճառով։

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Լիբանանի մէջ պատերազմի դադրեցումը ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ ձեռք բերուած փոխըմբռնման անբաժանելի մասն է։ Թեհրան նաեւ զգուշացուցած է, որ անհրաժեշտ բոլոր քայլերը պիտի ձեռնարկէ իր անվտանգութիւնը, շահերը եւ դաշնակիցները պաշտպանելու համար։

Մինչ այդ, Հորմուզի նեղուցով երթեւեկութիւնը աստիճանաբար կը վերականգնուի։ Իրանը յայտարարած է, որ նեղուցով անցնող նաւերը պէտք է ժամանումէն առնուազն 48 ժամ առաջ պաշտօնական դիմում ներկայացնեն։ Զարգացումներուն զուգահեռ, Brent տեսակի նաւթի գինը շարունակած է նուազիլ՝ հասնելով շուրջ 78 տոլարի։