Իշխող ուժը մերժեց ժողովրդավարութեան նահանջին վերաբերող ընդդիմութեան նախագիծը

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը նոյեմբեր 17-ին մերժեց խորհրդարանի օրակարգին վրայ ընդգրկել «Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութեան ներկայացուցած՝ ժողովրդավարութեան նահանջին եւ քաղաքական հալածանքներուն վերաբերող յայտարարութեան նախագիծը։ Առաջարկին դէմ քուէարկեց 54 երեսփոխան, իսկ 33-ը կողմ արտայայտուեցան։

Նախագիծը ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան եւ Ազգային ժողովի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Լիլիթ Գալստեան։

Յայտարարութիւնը կ՛անդրադառնար Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու թուլացման, դատական համակարգի անկախութեան, քաղաքական նկատառումներով իրականացուող հետապնդումներու, նախնական կալանքի անհամաչափ կիրառման, ինչպէս նաեւ խօսքի եւ հաւաքներու ազատութեան սահմանափակումներուն։

Գալստեան յիշեցուց, որ նախորդ օրը «Հայաստան» եւ «Ուժեղ Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութիւններու մասնակցութեամբ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած էին հանրային լսումներ, որոնց իշխող ուժը չէր մասնակցած։ Ան ընդգծեց, որ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերը ընդդիմութեան համար կը շարունակեն մնալ առաջնահերթութիւն։

Մերժումով խորհրդարանական մեծամասնութիւնը անգամ մը եւս փակեց ժողովրդավարութեան վիճակին եւ քաղաքական հետապնդումներու հարցին շուրջ լիագումար քննարկում ծաւալելու հնարաւորութիւնը։ Ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները կը պատրաստուին հրապարակել միասնական յայտարարութիւն։