Իշխան Սաղաթէլեան Պրիւքսէլի մէջ հանդիպեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Կոստաս Մաւրիտէսի հետ
- (0)

ՊՐԻՒՔՍԷԼ— ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի ընկերակցութեամբ, Պրիւքսէլ կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի ընկերվար-ժողովրդավարական քաղաքական խմբակցութեան անդամ Կոստաս Մաւրիտէսի հետ։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին հայ եւ կիպրացի ժողովուրդները մտահոգող շարք մը հարցեր, Հայաստանի ներքաղաքական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած արտաքին մարտահրաւէրները։
Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուց Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն վերաբերեալ ՀՅԴ-ի գնահատականներն ու դիրքորոշումները՝ անդրադառնալով նաեւ տարածաշրջանային մարտահրաւէրներուն։
Հանդիպումին անդրադառնալով՝ Սաղաթէլեան Կոստաս Մաւրիտէսը բնութագրեց իբրեւ հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ, որ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ հետեւողականօրէն աջակցած է հայկական հարցերուն առնչուող նախաձեռնութիւններուն։
Ան յիշեցուց, որ Մաւրիտէս ամիսներ առաջ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ նախաձեռնած էր միջազգային խորհրդաժողով մը՝ նուիրուած Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ Եւրոպական Միութեան ներգրաւուածութեան ընդլայնման անհրաժեշտութեան։
Հանդիպման աւարտին Սաղաթէլեան Կոստաս Մաւրիտէսը հրաւիրեց Հայաստան՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու երկրի կացութեան եւ քննարկելու հետագայ համատեղ աշխատանքներու կարելիութիւնները։