Իշխան Սաղաթէլեան Պելճիքայի Մէջ Քննարկած Է Հայ Ռազմագերիներու Եւ Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Ազատ Արձակման Հարցը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Պրիւքսելի մէջ գտնուող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպումներ ունեցած է Պելճիքայի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էլս Վան Հոֆի, Եւրոպայի Ընկերվարականներու կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Եանեք Փոլէյի եւ Պելճիքայի ֆրանսախօս մեծագոյն կուսակցութեան` «Էմ. Ար.»-ի խմբակցութեան ղեկավար Կայթան վան Կոյծնհովենի հետ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձ կատարած են`

– արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի իրականացման հրամայականին,

– Ազրպէյճանի վրայ միջազգային ճնշումներ բանեցնելու անհրաժեշտութեան եւ հայ ռազմագերիներու ու Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատ արձակման խնդիրին,

– Արցախի մէջ Ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղային զտումներու փաստերուն, ազրպէյճանական շարունակուող յարձակողապաշտութեան եւ Ազրպէյճանի կողմէ ուժի ու ուժի կիրարկման սպառնալիքի դրսեւորման շարունակական վարքագիծին,

– Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք ՔՈՓ29 համաժողովի ընթացքին միջազգային հանրութեան առարկայական կեցուածքի դրսեւորման կարեւորութեան,

– հայաստանեան ներքաղաքական իրավիճակին առնչուող հարցերուն եւ ընդդիմադիր գործիչներու քաղաքական հետապնդումներու կրկնուող դէպքերուն:

Եանեք Փոլէյի հետ հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են տարբեր ոլորտներու մէջ Եւրոպայի Ընկերվարականներու կուսակցութեան եւ ՀՅԴ-ի գործակցութեան սերտացման, միջկուսակցական յարաբերութիւններու զարգացման, Հայաստանի մէջ ընկերվար-ժողովրդավարական քաղաքական արժէքային համակարգի յառաջ մղման վերաբերեալ:

Comments are closed.