Իշխան Սաղաթէլեան Ընդունեց Եւրոպական Խորհրդարանի Պատգամաւորները

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան 23 փետրուարին ընդունեց Եւրոպական խորհրդարանի` Հարաւային Կովկասի երկիրներուն հետ պատուիրակութեան ղեկավար Մարինա Քալիւրանտը եւ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Եոազես Օլեգասը. հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ ՀՅԴ-ի անդամներ, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Արծուիկ Մինասեանը, Արթուր Խաչատրեանը, Քրիստինէ Վարդանեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեանը:

Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուց ՀՅԴ-ի դիրքորոշումները` ղարաբաղեան հիմնախնդիրին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին առնչուող` նկատել տալով, որ հիմնախնդիրը լուծուած չէ եւ վերջնական լուծումը կարելի է բացառապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ:

Սաղաթէլեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ազրպէյճանի շարունակուող ոտնձգութիւններուն

Մարինա Քալիւրանտ ընդգծեց տագնապին համապարփակ լուծման անհրաժեշտութիւնը, որուն պէտք է հասնիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ` հիմնուած տարածքային ամբողջականութեան, ուժ չկիրարկելու եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման ու իրաւահաւասարութեան սկզբունքներուն վրայ: Եւրոպացի գործընկերները վերահաստատեցին իրենց կառուցողական եւ հաւասարակշռուած դիրքորոշումները:

ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները մտահոգութիւն յայտնեցին Հայաստանի մէջ արձանագրուող ժողովրդավարական յետընթացին գծով` նկատել տալով, որ իշխանութիւնները հետեւողական ապատեղեկատուութեամբ կը փորձեն մոլորեցնել եւրոպացի գործընկերները:

Յատկապէս քննարկուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Եւրոպական խորհրդարանի Ընկերվար ժողովրդավարական քաղաքական խումբին հետ յարաբերութիւններու որակական զարգացման ուղղութեամբ հետագայ քայլերու եւ գործողութիւններու իրականացումը:

ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները անդրադարձան ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան եւ Եւրոպական խորհրդարանի Ընկերվար ժողովրդավարական քաղաքական խումբին հետ նախապէս առկայ համագործակցութեան յուշագիրին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.