Իշխանութիւնները չեն կրնար նշել գեթ մէկ օրինակ, երբ խաղաղութիւն կը հաստատուի առանց զաւթիչ զօրքերու դուրսբերման. Արթուր Խաչատրեան
- (0)

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանն Ազգային ժողովի յայտարարութիւններու ժամուն ունեցած իր ելոյթին մէջ ըսած է, թէ իշխանութիւնները կը խօսին խաղաղութեան մասին, սակայն չեն կրնար բերել գեթ մէկ օրինակ, երբ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութիւն կը հաստատուի, բայց զաւթիչը իր զաւթիչ զօրքերը միւս երկրէն դուրս չի բերեր։
«Երբ TRIPP-ի համաձայնագիրը կը նայիս ու կը փորձես հասկնալ՝ հոս շրջափակումը ո՞ւր կը տեսնէք։ Հայաստանը Ատրպէյճանին կու տայ անցում, ճամբայ, երկաթուղի, կազամուղ, նաւթամուղ, ելեկտրական հոսանքի գիծեր, կապի մալուխ, իսկ Հայաստանը ի՞նչ կը ստանայ։ Այսպիսով ինչպէ՞ս կը ճեղքուի Հայաստանի շրջափակումը։ Փաստաթուղթերուն մէջ որեւէ ակնարկ չկայ, թէ Ատրպէյճանը Հայաստանին կը տրամադրէ անխոչընդոտ անցում։ Խօսքը ինչ-որ անորոշ փոխադարձ շահերու մասին է»,– ըսած է Խաչատրեանը։
Ան նշած է, թէ եթէ Հայաստանի շրջափակումը ճեղքուի, ապա անոր զուգահեռ՝ նոյն մանրամասնութիւններով եւ նոյն խոստումներով, Ատրպէյճանը պարտաւոր էր խոստանալ Հայաստանին առնուազն Նախիջեւանի միջով անխոչընդոտ անցում, ինչպէս նաեւ կազամուղ եւ նաւթամուղ։
«Նման բան չկայ։ Աւելին՝ կան վտանգներ։ Կասկածը այն է, որ սա կրնայ ըլլալ այն քայլը, որուն յետեւանքով Ատրպէյճանն ու Հայաստանը ունենան մէկ միասնական ուժանոյթի համակարգ եւ նոր կախուածութիւն»,– ըսած է Խաչատրեանը։