Ինչո՞ւ ատրպէյճանցիները կը պահանջեն փակել Արցախի հանքավայրերը

«Երկիր» – Ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար Ալվինա Աղաբաբեան կը գրէ․

«Ատրպէյճանը այսօր փակած էր Արցախ-Հայաստան միակ ճանապարհը՝ առաջ քաշելով 2 հիմնական պահանջ՝

1․ փակել Դրմբոնի պղինձ-ոսկիի և պղինձ-արճիճաքարային հանքավայրերը,
2․ ապահովել ատրպէյճանցի “փորձագէտներու խումբի” ազատ մուտքը Արցախի հանքերու տարածք՝ օգտակար հանածոներու “ապօրինի շահագործման” “հետաքննութիւն և մշտադիտարկում” իրականացնելու։

ԻՆՉՈՒ՞

1․ Դրմբոնի պղինձ-ոսկիի և պղինձ-արճիճաքարային հանքավայրերը, որոնք կ՚ընդգրկեն Մարտակերտի շրջանի Վարդաձոր, Ճանկաթաղ եւ Ներքին Հոռաթաղ գիւղերը, կը շահագործէ «Փէյզ Մեթըլս» ընկերութիւնը։ Արցախի Հանրապետութեան Պետական եկամուտներու կոմիտէի 2021 թ․ տուալներով՝ «Փէյզ Մեթըլս» ընկերութիւնը առաջին 300 խոշոր հարկ վճարողներու ցուցակին առաջինն է, որուն՝ պետական պիւտճէին վճարած հարկերը 4-5 անգամ կը գերազանցեն 2-րդ դիրքի վրայ գտնուող ընկերութեան վճարած հարկերը, իսկ գումարային առումով մոտաւորապէս հաւասար են 2-15-րդ դիրքերու վրայ գտնուող ընկերութիւններու վճարած հարկերուն։ 2022 – ի տուեալները դեռ չկան, սակայն վստահաբար կարելի է ըսել, որ նոյն պատկերը պիտի ըլլայ այս տարի եւս։ Այսինքն՝ «Փէյզ Մեթըլս» ընկերութիւնը Արցախի տնտեսութեան առաջատարն է։
Պղինձ-ոսկի եւ պղինձ-աճիճաքարային հանքավայրերու փակումը կը նշանակէ Արցախի տնտեսութեան ողնաշար հանդիսացող ընկերութեան գործունէութեան դադրեցումը, ինչ որ իր կարգին կը յանգեցնէ Արցախի տնտեսութեան փլուզման։ Սա կը նշանակէ, որ Ատրպէյճան այս ձեւով կը փորձէ Արցախը կանգնեցնել տնտեսական աղէտի դէմ յանդիման, զրկել զայն գոյատևելու կարելիութենէն։

2․ Երկար ատեն է՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները բացայայտօրէն կ՚ըսեն, որ Հայաստանէն հատուցում՝ ռազմատուգանք պիտի պահանջեն՝ այսքան տարի «Ղարաբաղի գրաւումին ու շահագործումին համար»։ “Օգտակար հանածոներու ապօրինի շահագործման հետաքննութիւն և մշտադիտարկում” իրականացնելու համար Արցախի հանքավայրեր ատրպէյճանցի “փորձագէտներու խումբի” ազատ մուտքի պահանջը կը փաստէ, որ Ատրպէյճան լրջօրէն հետամուտ է Հայաստանէն ռազմատուգանք պահանջելու գծով և խօսքերէն արդէն անցած է գործուն քայլերու։

Լրացում – Թուրքերու պահանջներէն մէկը՝ մուտք գործել Արցախի հանքավայրերու տարածք՝ օգտակար հանածոներու “ապօրինի շահագործման” “հետաքննութիւն և մշտադիտարկում” իրականացնելու, փաստօրէն բաւարարուած է։
Միւս պահանջին գծով դեռ տեղեկութիւն չկայ, բայց կասկած չկայ որ հանքավայրերու մէջ աշխատանքներու դադրեցումէն ետք, միւս պահանջը եւս պիտի բաւարարուի. ․․»։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.