Ի՞նչ կը փնտռէ Ատրպէյճանը Սէուտական Արաբիոյ մէջ

Արփինէ Յովսէփեան

Հայեացք վերլուծական կեդրոնի փորձագէտ

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը Սէուտական Արաբիա կատարած պաշտօնական այցին ընթացքին հանդիպած է միապետութեան գահաժառանգ, փոխվարչապետ եւ Պաշտպանութեան նախարար Մուհամետ Պըն Սալման Ալ Սէուտիի հետ: Կողմերը քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ ռազմական եւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան խորացման առնչուող հարցեր:  Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ կը նախատեսուի նաեւ Հասանովի հանդիպումը Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Սալման Պըն Ապտուլազիզ Ալ Սէուտիի հետ:

Սէուտական միապետութեան եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները սկսած են Ատրպէյճանի անկախացմամբ. Սէուտական Արաբիան առաջիններէն էր, որ ճանչցաւ Ատրպէյճանի անկախութիւնը, եւ երկու երկիրները համապատասխանաբար դեսպանատուներ ունին Պաքուի եւ Էլ-Ռիյատի մէջ: Մինչեւ վերջին տարիները երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները ակնբախ էին իրենց «ջերմութեամբ», թէեւ ընդհանուր առմամբ բնականոն բնոյթ կը կրէին: Իսկ վերջին շրջանին երկու երկիրներուն յարաբերութիւններուն առնչութեամբ էական առաջընթաց գրանցուած է: Ընդհանուր առմամբ, շեշտը դրուած է առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման վրայ: Աւելին, ինչպէս ատրպէյճանցի վերլուծաբանները յաճախ կը սիրեն յիշեցնել, «Սէուտական Արաբիան Ատրպէյճանը կը համարէ իր հիմնական գործընկերը տարածաշրջանին մէջ»:

Ոմանք ատրպէյճանա-սէուտական յարաբերութիւններու խորացումը կը բացատրեն իսլամական աշխարհի առաջատար դիրքերու համար պայքարի ծիրէն ներս շիական Իրանի եւ սուննիական Սէուտական Արաբիոյ վաղեմի մրցակցութեամբ, ինչ որ կը դրդէ միապետութիւնը՝ աւելի խորացնելու իր յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ՝ փորձելով հակազդել իրանական ջանքերուն եւ կանխել շիական ճամբարին մէջ Ատրպէյճանի աքթիւացումը, ինչպէս նաեւ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Ատրպէյճանը «ռեսուրսային» երկիր կը համարուի:

Այս տեսակէտը, անշուշտ, աւելի քան տրամաբանական եւ ընդունելի է, բայց ոչ ամբողջական: Վերջին տարիներուն երկու երկիրները զգալի ջանքեր ի գործ դրած են «իսլամական գործօնը» ատրպէյճանա-սէուտական յարաբերութիւններու էական տարր դարձնելու համար: Թերեւս պատահական չէ, որ վերջին տարիներուն անոնց համագործակցութիւնը աւելի ակնյայտ կը դառնայ ռազմական ոլորտին մէջ եւ միջազգային զանազան կազմակերպութիւններու շրջանակներուն մէջ:

Չնայած ատրպէյճանական կողմի պնդումներուն առ այն, որ «Ատրպէյճանը խաղաղասէր երկիր է» եւ «զգալի ջանքեր կը գործադրէ տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան թուլացման եւ բարի դրացիական մթնոլորտի հաստատման համար»՝ իրականութեան մէջ Պաքու ամէն կերպ կ’օգտագործէ իսլամական գործօնը իր ռազմական ներուժը ամրապնդելու եւ Ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցով «իսլամական միասնութիւն» ձեւաւորելու համար:

Հասկնալի է, որ «իսլամական գործօնի» առաջ մղման տեսանկիւնէն Պաքուի շահերը աւելի քան կը հակին Էլ-Ռիյատի հիմնական  քաղաքականութեան հետ, եւ պատահական չէ, որ Ատրպէյճանն ու Սէուտական Արաբիան սերտօրէն կը համագործակցին յատկապէս իսլամական կազմակերպութիւններու շրջանակներուն մէջ:

Հետեւաբար, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարի՝ Էլ-Ռիյատ կատարած այցէն վստահօրէն կարելի է ակնկալել երկու երկրներուն յարաբերութիւններու խորացում առնուազն երկու ուղղութեամբ՝ ռազմական համագործակցութիւն եւ գործողութիւններու հետագայ համակարգում իսլամական կազմակերպութիւններու շրջանակներուն մէջ:

Այս, ի հարկէ, դեռ չի նշանակեր, թէ սէուտա-ատրպէյճանական գործընկերութեան խորացումը անխոչընդոտ պիտի ընթանայ: Վստահաբար կարելի է պնդել, որ այս յարաբերութիւնները չեն վրիպիր Իրանի ուշադրութենէն, եւ թերեւս պատահական չէ այն հանգամանքը, որ Ատրպէյճանը կը փորձէ հնարաւորինս զգոյշ ըլլալ հակաիրանական քայլեր ձեռնարկելէ: 

«Արմեդիա» տեղեկատուական, վերլուծական գործակալութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.