Ժընեւի Նահանգային Խորհուրդը Արցախի Հայերու Ինքնորոշման Իրաւունքը Ճանչնալու Կոչով Բանաձեւ Որդեգրած Է

Զուիցերիոյ Ժընեւ նահանգի նահանգային մեծ խորհուրդը 14 հոկտեմբերին քննարկեց եւ որդեգրեց «Հայաստանի գոյատեւման համար» Զուիցերիական ընկերվարական կուսակցութեան եւ Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական կուսակցութեան շարք մը անդամներու կողմէ միասնաբար նախաձեռնած բանաձեւը:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ բանաձեւով Զուիցերիոյ դաշնակցային խորհրդարանին կոչ կ՛ուղղուի` դատապարտելու Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ գործուած յարձակումը, ձեռնարկելու քայլերու, որպէսզի Ազրպէյճանի գործողութիւնները չֆինանսաւորուին Զուիցերիոյ մէջ ազրպէյճանական ուժանիւթի վաճառքէն ստացուող եկամուտներէն:

Բացի ատկէ, կոչ կ՛ուղղուի ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ինքնորոշման իրաւունքը եւ կարելին ընելու հայ պատերազմական գերիներու հայրենադարձման համար:

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.