Թրքական Ապրանքներու Հայաստան Ներածման Արգելքը Վերցուեցաւ

Հայաստանի մէջ միջնախարարական քննարկումներու հիմամբ որոշում տրուած է չերկարաձգելու թրքական ապրանքներու ներմուծման արգելքը: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութիւնը:
 
Երէկ` 30 դեկտեմբերին, Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին թրքական ապրանքներուն նկատմամբ դրուած արգելքը ունեցած է դրական եւ բացասական տնտեսական անդրադարձներ. «Դրական հետեւանքներէն են շարք մը նոր հիմնուած կամ ընդլայնուած արտադրութիւնները թեթեւ արդիւնաբերութեան, շինանիւթերու եւ կահոյքի արտադրութեան, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ, սակայն արգելքի հիմնական բացասական հետեւանքն է գնաճին վրայ էական ազդեցութիւնը, ինչ որ դրսեւորուած է յատկապէս լայն սպառման շարք մը ապրանքախումբերու վրայ»:
 
Նշենք, որ հոկտեմբեր 2020-ին, Հայաստանի կառավարութեան որոշումով, արգիլուեցաւ թրքական ապրանքներու Հայաստան ներածումը` հաշուի առնելով Անգարայի անթաքոյց աջակցութիւնը Պաքուին` 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին:
 
Իսկ 31 դեկտեմբեր 2020-էն ուժի մէջ մտած արգելքը ճշդուեցաւ կէս տարուան համար: Այնուհետեւ` յունիս 2021-ին, անիկա երկարաձգուեցաւ կէս տարիով եւս, իսկ այս ժամկէտը արդէն կ՛աւարտի 31 դեկտեմբեր 2021-ին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.