Թուրքիոյ Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն Շիշլիի շրջանին մէջ յաղթած է Սելինա Տողանը
Այս ընտրութիւնները մեզի համար քիչ մը տարբեր էին, որովհետեւ Շիշլիի մէջ շատ քիչեր կը հաւատային մեր յաղթանակին: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Թուրքիոյ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն Պոլսոյ Շիշլի շրջանին մէջ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած եւ ընտրուած, նախկին երեսփոխան Սելինա Տողան:
«Շիշլին կարիքը ունի թարմ եւ մաքուր էջի: Այստեղի ընտրողները, ներառեալ հայերը, շրջապատուած էին նախկին քաղաքապետին գերիշխանութեամբ եւ չէին հաւատար, որ մենք ընտրութիւններուն պիտի յաղթենք», ըսած է ան:
Սելինա Տողանի կարծիքով` այդ վախն ու գերիշխանութիւնը նաեւ իրենց օգնած են, որ ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրեն: «Ի հարկէ, Հանրապետական ժողովուրդի եւ «Լաւ» կուսակցութիւնները եւս ունէին իրենց նշանակալի ներդրումը մեր յաղթանակին մէջ: Ես անձնապէս իմ ազդեցութիւնս զգացած եմ ոչ իսլամ համայնքին վրայ», ըսած է նախկին երեսփոխանը: