Թուրքիոյ Մէջ Գանձ Որոնողները Աւերած են Հայկական Հոգուոց Վանքը
Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող Վանի Կիւրփընար (Հայոց ձոր) եւ Չաթաք շրջաններուն միջեւ՝ հայկական պատմական Հոգուոց (Հոգեաց, Հոգոց) վանքը աւերուած է գանձ որոնողներու կողմէ եւ այժմ ոչնչացման եզրին է։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով
Hakkariobjektifhaber.com-ը։
«Van CEVDER» պատմական յուշարձաններու պահպանութեան միութեան ղեկավարներէն Ալի Քալչըքը յայտնած է, որ գանձ որոնողները վանքի բոլոր քարերը տեղահան ըրած են։
«Ասիկա վայրագութիւն է»,- նշած է Քալչըքը՝ ընդգծելով, որ, առանց այդ ալ, այժմ գրեթէ անհնար է մուտք գործել տարիներ շարունակ որպէս անասնագոմ օգտագործուող սրբատեղի՝ այնտեղ առկայ գոմաղբին պատճառով։ Ան նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ ոչնչացուած է տասնեակ նման պատմական վայր։ Շեշտած է, որ մարդիկ, պետութիւնները, հասարակական կազմակերպութիւնները ի վերջոյ պէտք է խախտեն լռութիւնը, ոչ ըսեն այդ ջարդին, համաշխարհային ժառանգութեան ոչնչացման։
20 տարի շարունակ պարբերաբար վանք այցելած Ֆազըլ Օզթեքինը նշած է, որ անիկա սկիզբը կանգուն էր, սակայն այժմ ոչնչացման եզրին է։
«Երբ սկիզբը վանք կու գայի, անիկա լիովին կանգուն էր։ Զանգակատունէն միչեւ պատերու զարդանախշերը կը պահպանուէին այնպէս, ինչպէս եղած էին»,- ընդգծած է ան։
Նշենք, որ Հոգուոց վանքը գտնուած է Մեծ Հայքի Վասպուրական նահանգի Անձեւացիք գաւառին մէջ, Վանայ լիճէն հարաւ, Կասրիկ գիւղին մօտ։ Ըստ Մովսէս Խորենացիի վերագրուած աւանդութեան մը, Բարդուղիմէոս առաքեալը Մեծ Հայք բերած է Աստուածածնի դիմապատկերը, քանդել տուած Կանգավար աւանէն եւ Դարբնոց քարէն ոչ հեռու գտնուող Անահիտի տաճարը, տեղը կառուցած է Ս․Աստուածածին եկեղեցին, կից՝ կուսանոց, յանձնած պատկերը՝ հիմնելով Հոգեաց վանքը։
Քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակուելէն ետք՝ Գրիգոր Լուսաւորիչը Հոգեաց վանքին մէջ կառուցած է Սուրբ Սիոն եկեղեցին, ուր, ըստ աւանդութեան, ամփոփուած են Տրդատ Մեծի, Աշխէն թագուհիի, Խոսրովիդուխտ քրոջ աճիւնները։ IV դարուն Հոգեաց վանքը եղած է եպիսկոպոսանիստ։ Հոգեաց վանքը XVII դարուն յայտնի գրչութեան կեդրոն եղած է։ Անիկա 1730-65-ին վերակառուցուած է, 1895-ին աւերուած, 1904-ին՝ վերանորոգուած, 1915-ին՝ լքուած։