Թուրքիան Հայաստանի Հետ Սահմանին Վրայ Ելեկտրոնային Համակարգեր Պիտի Տեղադրէ

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուն խօսած է Իրանի հետ սահմանին կառուցուող պատի շինարակական աշխատանքներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի հետ սահմանին վրայ իրականացուելիք անվտանգութեան միջոցներու մասին:

Վկայակոչելով «Borsagundem» լրատուական կայքը՝ Ermenihaber.am-ը կը հաղորդէ, թէ Սոյլուի խօսքերով՝ այս պահու դրութեամբ՝ թուրք-իրանական սահմանին կառուցուող 144քմ-ոց պատին գրեթէ կէսը կառուցուած է: Նախարարը շեշտած է, որ նշեալ պատը պէտք է կանխէ ապօրինի սահմանահատումները, ինչպէս նաեւ ահաբեկիչներուն մուտքը իրենց երկիր:

Անդրադառնալով հայ-թրքական եւ թուրք-վրացական սահմանին իրականացուելիք անվտանգութեան միջոցներուն` ան տեղեկացուցած է, որ Թուրքիան կ՝ուզէ այնտեղ տեղադրել ելեկտրոնային համակարգեր:

«Կը կարծեմ 1 կամ 2 ամսուան ընթացքին Արտահանի մէջ նմանատիպ միջոցներ պիտի ձեռնարկենք: Առ այժմ այնտեղ պատ չենք կառուցեր, այլ միայն կը տեղադրենք նոր ելեկտրոնային համակարգեր»:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիան նախապէս սկսած էր հայ-թրքական սահմանի Կարս նահանգի հատուածին վրայ տեղադրած տեսախցիկներու փորձարկման աշխատանքները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.