Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի 2025-2026 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսներ

ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանին համար յունիս 2026-ը տօնական ամիս էր, որուն ընթացքին տեղի ունեցան Պապայեան մանկապարտէզի, Գոլոլեան նախակրթարանի եւ Լափոյեան երկրորդական վարժարանի ամավերջի հանդէսներն ու վկայականներու բաշխումը, ներկայութեամբ՝ ծնողներուն, ուսուցչակազմին, պաշտօնէութեան, համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ հանրութեան:

Ուրբաթ, 5 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 5:30-էն սկսեալ եռուզեռ էր Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական կեդրոնի մուտքին: 51 մանուկներ, իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ, ժամանեցին կեդրոն՝ ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծելով:

Ձեռնարկը սկսաւ «Համազգային» թատերասրահին մէջ, նկարներու ցուցադրութեամբ, որ կը ներկայացնէր Ծիլ կարգէն մինչեւ Ծաղիկ կարգի մեր աշակերտներուն գործունէութիւնները: Ապա հնչեցին Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգները, որմէ ետք վարժարանի տնօրէն Րաֆֆի Սարիգսեան ողջունեց ներկաները եւ պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց հանդէսը: 51 շրջանաւարտները հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով երգեցին եւ ասմունքեցին եւ հանդէսի առաջին բաժինը փակեցին հայկական պարով, որ մեծ խանդավառութիւն պատճառեց ներկաներուն:

Անկէ ետք տնօրէն Րաֆֆի Սարիգսեանի, փոխ-տնօրէնուհի Զէլա Գագուսեանի եւ Ծաղիկ կարգի ուսուցիչներու ձեռամբ կատարուեցաւ վկայականներու բաշխումը:

Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ Հոգշ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխըրտմեանի սրտի խօսքով ու «Պահպանիչ»-ով վերջ գտաւ հոգեթով հանդիսութիւնը:

Յաջորդող Ուրբաթ օր, 12 Յունիսին, Գոլոլեան Նախակրթարանի ընթացքը աւարտող 46 աշակերտներու «Համազգային» թատերասրահ հանդիսաւոր մուտքով եւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ տեղի ունեցաւ վարժարանի 8-րդ կարգի հանդէսն ու վկայականներու բաշխումը: Ձեռնարկը կը հանդիսավարէր վարժարանիս հայերէն լեզուի եւ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցչուհի Սիւզի Մելիտոնեան:

Շրջանաւարտները հանդէս եկան ասմունքով: Երախտիքի խօսքեր արտասանեցին հայերէնով՝ Ծովինար Սարգիսեան, անգլերէնով՝ Սեպուհ Սարգիսեան եւ ֆրանսերէնով՝ Արեւ Խաչատուրեան:

Տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան, որ յայտնեց, թէ վարժարանս իր յաջողութիւնները կը պարտի աննման, ժրաջան եւ նուիրուած անձնակազմին: Սարգիսեան լուսարձակի տակ առաւ համայնքի հեռատես եւ նուիրեալ ղեկավարներու տեսիլքն ու աշխատանքը, որով հիմը դրին այս վարժարանին:

Ապա, 8-րդ կարգի ուսուցիչներուն, տնօրէնին եւ կրթական խորհուրդի ատենապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ մրցանակ-վկայականներու բաշխումը:

Հոգշ. Տէր Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխըրտմեան արտասանեց իր սրտի խօսքն ու «Պահպանիչ»-ը: Շրջանաւարտներու հանդիսաւոր ելքով փակուեցաւ հանդիսութիւնը։

Եւ վերջապէս, Ուրբաթ, 19 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի վկայականներով արդէն զինուած, եւ երկրորդական վարժարանի ընթացքը աւարտած 29 երիտասարդներ, շաբաթ մը ամբողջ հետեւելով երկրորդական կարգերու հայ գրականութեան եւ հայ դատի ուսուցչուհի Աշխէն Մալխասեանի ցուցմուքներուն, հանդիսաւոր մուտքով շարուեցան Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահի բեմին վրայ: Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներէն ետք, Մալխասեան ողջունեց ներկաները եւ հաստատեց ներկայութիւնը եկեղեցիներու եւ կրօնական հայրերու, Հայ կեդրոնի յարակից միութիւններու, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ներկայացուցիչներուն եւ բարերարներուն: Մալխասեան յայտնեց, որ այս 29 երիտասարդները «մեր աչքերուն առջեւ կազմաւորուեցան եւ դաստիարակուեցան իբրեւ տիպար քաղաքացիներ ու հայրենասէր հայեր եւ այսօր հաստատ քայլերով պիտի շարունակեն իրենց երթը դէպի նորանոր բարձունքներ»:

Շրջանաւարտները հանդէս եկան բանաստեղծութիւններով: Հրաժեշտի ուղերձներ արտասանեցին հայերէնով՝ Անի Հրեշտակեան, անգլերէնով՝ Միլա Սերայտարեան եւ ֆրանսերէնով՝ Լարա Տէր Մինասեան:

Բեմ հրաւիրուեցաւ տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան: Ան նշեց, որ այսօրուան ստանալիք վկայականներով շրջանաւարտները կը միանան ծանր պատասխանատուութիւններ կրող այն փաղանգին, որ իր յաճախած միջավայրերուն մէջ կը դառնայ հայ ազգի ու դատի առաքեալը եւ իր յաջողութիւնները միշտ կը ծառայեցնէ ազգի վերելքին, շեշտելով որ  այդ հոգիով է, որ թորոնթոհայ համայնքը կրցած է գոյատեւել: Սարգիսեան վերյիշեցուց, որ անցեալ աւարտական հանդէսներուն վարժարանը ստեղծեց աւանդութիւն մը՝ յաջորդական հունձքերը անուանելու հայրենիքի տարածքներու կամ ազգային հերոսներու անուններով, ամրապնդելու մեր շրջանաւարտներու պահանջատէր ոգին:

«Խոստացած էի այս դասարանին, որ նախքան իրենց աւարտելը, միասին պիտի այցելենք 211 Consumers Road-ի մեր նոր շէնքը եւ պիտի ըլլան առաջինները, որոնք պիտի տեսնեն շէնքը եւ այնտեղ ունենան կարճ դասապահ մը միասին: Այցելութեան առիթը ունեցանք երէկ, ուր մեր դասապահին նիւթը նուիրումի մասին էր, թէ ինչպէ՛ս թորոնթոհայ սերունդներ եղան հեռատես եւ անոնց ծրագիրները միշտ ի շահ եղան մեր գաղութի ապագային. հերթը ահաւասիկ այսօր մերն է, որ նուիրուինք ապագայ սերունդներուն դաստիարակման: Այո՛, այս բեմին նստած 29 աշակերտները պիտի չվայելեն այս շէնքը որպէս աշակերտ այսօր, բայց փառք պիտի տան, երբ իրենց զաւակներուն համար տեղ կ’ունենանք այս վարժարանէն ներս տասնեակ տարի յետոյ», ըսաւ Սարգիսեան եւ աւելցուց. «Գարեգին Նժդեհն այս առաքելութիւնը լաւագոյնս պատկերացուցած էր հետեւեալ խօսքերով. “Գերազանցի՛ր նախորդներիդ: Կռուիր այնպէս, որ քո ընթացքով հեշտացնես քեզնից յետոյ միեւնոյն նպատակի համար կռուողների գործը, քանզի ով չի գերազանցում իր նախորդներին, նա անարգում է նրանց անունը՝ մեղանչելով ոգու զարգացման օրէնքի դէմ”, եւ մենք վկայելով ձեր տարիներու ընթացքին ցուցաբերած ազգանպաստ գործերն ու ձեր բուռն հայրենասիրութիւնը, տպաւորուելով ձեր նուիրուածութենէն եւ կամաւոր ոգիէն եւ քաջ գիտնալով որ ձեր մէջ կ’ապրի եւ կը շարունակէ ծաղկիլ հայու հզօր հոգին, ձեր հունձքը, կ’անուանենք «Գարեգին Նժդեհ» հունձք»:

12-րդ կարգի ուսուցիչներուն, տնօրէնին եւ կրթական խորհուրդի ատենապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ մրցանակ-վկայականներու բաշխումը:

Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տէր Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանի սրտի խօսքէն եւ օրհնանքէն ետք հնչեց «վերջին զանգ»ը, «Գարեգին Նժդեհ» հունձքի շրջանաւարտները նետեցին իրենց գլխարկները, վերջին անգամ ըլլալով նկարուեցան ուսուցիչներուն հետ ու սրահէն դուրս ելլելով հրաժեշտ տուին վարժարանին՝ ուղուելու դէպի լուսաշող ապագայ:

ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարան

Լուսանկարները` Յարութ Յակոբեանի