Թորոնթոյի ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի 2022-2023 Տարեշրջանի Շրջանաւարտից Ամավերջի Հանդէսներ
ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանին համար յունիս 2023ը տօնական ամիս էր, որու ընթացքին տեղի ունեցան «Պապայեան» Մանկապարտէզի, «Գոլոլեան» Նախակրթարանի եւ «Լափոյեան» Երկրորդական Վարժարանի Ամավերջի հանդէսներն ու Վկայականներու Բաշխումները, ներկայութեամբ ծնողներուն, ուսուցչակազմին, պաշտօնէութեան, համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ հանրութեան:
Ուրբաթ 9 յունիսին, երեկոյեան ժամը 5:30էն սկսեալ եռուզեր էր Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի մուտքին: 44 մանուկներ, իրենց ծնողներու ընկերակցութեամբ ժամանեցին կեդրոն ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծելով:
Ձեռնարկը սկսաւ «Համազգային» թատերասրահին մէջ, յիշատակի նկարներու յարակցումով մը որ կը ներկայացնէր Ծիլ կարգէն մինչեւ Ծաղիկ կարգի մեր աշակերտներուն գործունէութիւնները: Մինչ հանդիսատեսը սուզուած էր յիշատակներու ծովին մէջ, 44 շրջանաւարտ ծաղիկները կը շարուին բեմին վրայ, վարագոյրներու ետին: Կ’աւարտի ներկայացումը: Կը հնչեն Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգները, ու ապա վարժարանի տնօրէն՝ Րաֆֆի Սարիգսեանը կ’ողջունէ ներկաները եւ պաշտօնապէս բացուած կը յայտարարէ հանդէսը: Կը բացուի վարագոյրը: Շրջանաւարտները մեզ կը դիմաւորեն իրենց անմեղ ժպիտներով եւ յայտագիրը կը բանան «Իմ Արցախ Աշխարհ» երգով (խօսք՝ Լիլիթ Հէյբաթեանի, երաժշտ.՝ Եւա Եղոյեանց-Զարգարեանի) եւ Ռուբէն Մխիթարեանի «Իմ Երկիր, իմ Հայաստան» ասմունքով: Անգլերէն լեզուով կ’ասմունքեն «Kindergarten Graduation» կտորը եւ կ’երգեն «Just Dance» երգը, իսկ ֆրասներէնով կ’երգեն «Alouette» երգը: Հանդէսի առաջին բաժինը կը փակուի Իրինա Խաչատրեանի «Հրաժեշտ Մանկապարտէզին» երգով:
Եւ կը հասնի սպասուած պահը: Փոխ-տնօրէն՝ Տիկին Զէլա Գագուսեան բեմ կը հրաւիրէ մանկապարտէզի ուսուցիչները եւ անոնց կը նուիրէ ծաղիկներ: Տնօրէն՝ Րաֆֆի Սարիգսեանի, փոխ-տնօրէն՝ Զէլա Գագուսեանի եւ ծաղիկ կարգի ուսուցիչներու ձեռամբ կը կատարուի վկայականներու բաշխումը: Այսպէս, ծաղիկները հրաժեշտ տուին մանկապարտէզի ջերմ կեանքին եւ ուրախ խաղերուն, եւ ցոյց տուին իրենց պատրաստակամութիւնը` անցնելու նախակրթարանի Ա. Դասարան՝ պարելով «Կենաց Հերոսների» պարը։
Սբ. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանի սրտի խօսքով ու պահպանիչով վերջ գտաւ հոգեթով հանդիսութիւնը:
Յաջորդող ուրբաթ օր, 16 յունիսին, «Գոլոլեան» Նախակրթարանի ընթացքը աւարտող 35 աշակերտներու «Համազգային» թատերասրահ հանդիսաւոր մուտքով եւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ տեղի ունեցաւ վարժարանի 8րդ կարգի հանդէս-վկայականներու բաշխումի երեկոն: Ձեռնարկը կը հանդիսավարէր վարժարանիս Հայերէն լեզուի եւ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցիչ՝ Տիկին Յասմիկ Պապեանը:
Շրջանաւարտները հանդէս եկան «Ձօն Մեսրոպ Մաշտոցին եւ Մեր Գոյատեւման Ազդակ՝ Հայ Լեզուին» խորագիրով Հայոց Լեզուին նուիրուած ծաղկաքաղով մը, զոր համադրած էր Տիկին Պապեան: Երախտիքի խօսքեր արտասանեցին Հայերէնով՝ Նարինէ Արթին, անգլերէնով՝ Շանթ Մաքսուտլեան եւ Ֆրանսերէնով՝ Քարինա Սարգիսեան:
Տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց տնօրէն՝ Րաֆֆի Սարգիսեան, որ յայտնեց թէ վարժարանիս համայնքը իր յաջողութիւններու առիւծի բաժինը կը պարտի «աննման, ժրաջան եւ նուիրուած անձնակազմին»: Սարգիսեան լուսարձակի տակ առաւ հեռատես եւ նուիրեալ համայնքի ղեկավարներու տեսիլքն ու աշխատանքը, որով հիմը դրին այս վարժարանին:
Ապա, 8րդ կարգի ուսուցիչներուն, տնօրէնին եւ կրթական խորհուրդի ատենապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ Մրցանակ-վկայականներու բաշխումը:
Կրթական խորհուրդի ատենապետ՝ Տիար Վազրիկ Շարապխանեան շնորհաւորանքի խօսք ուղղեց շրջանաւարտներուն, ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն: Ապա բեմ հրաւիրեց բազմավաստակ կրթական մշակ, 33 տարիներ նախակրթարանին մէջ հայոց լեզու եւ պատմութիւն աւանդած, սերունդներ դաստիարակած, Կիլիկիոյ Կաթողոկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանաին արժանացած, բոլորին սիրելի՝ Տիկին Սիլվա Փայլեանը: Շարապխանեան վեր առաւ Փայլեանի տարիներու վաստակը, ու ապա պարգեւատրեց զինք ապակեայ գնահատագիրով եւ Մայքըլ Արամի ձեռամբ պատրաստուած յուշամետաղով, որուն վրայ պատկերուած էր ՀՕՄի զինանշանը՝ շրջապատուած մանուկներով: Իր կարգին, Տիկին Փայլեան փոխանցեց սրտի խօսքը, շնորհաւորեց նախակրթարանի տարիներուն իրեն աշակերտած շրջանաւարտ այս սերունդը եւ վեր առաւ Հայ Վարժարանի կարեւոր դերը: Ապա հրաժեշտ տուաւ վարժարանին, յայտնելով որ ան որոշած է կոչուիլ հանգստեան: Հանդիսատեսը յոտնկայս ծափողջոյններով իր գնահատանքը յայտնեց Տիկին Փայլեանի տարիներու վաստակին:
Տէր Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան արտասանեց իր սրտի խօսքն ու կատարեց պահպանիչը:
Շրջանաւարտներու հանդիսաւոր ելքով փակուեցաւ հանդիսութիւնը։
Եւ վերջապէս, 23 յունիս, երեկոյեան ժամը 7:00ին, Մանկապարտէզի եւ Նախակրթարանի վկայականներով արդէն զինուած, եւ երկրորդական Վարժարանի ընթացքը աւարտած 20 երիտասարդներ, շաբաթ մը ամբողջ հետեւելով երկրորդական կարգերու հայ գրականութեան եւ հայ դատի ուսուցիչ՝ Տիկին Աշխէն Մալխասեանի ցուցմուքներուն եւ ուսուցողութեան, հանդիսաւոր մուտքով շարուեցան Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահի բեմին վրայ: Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներէն ետք, Տիկին Մալխասեան ողջունեց ներկաները եւ կը հաստատեց ներկայութիւնը ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի եւ «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէի, եկեղեկիներու եւ կրօնական հայրերու, Հայ Կեդրոնի յարակից միութիւններու, ՀՕՄի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի ներկայացուցիչներուն, եւ բարերարներուն: Մալխասեան յայտնեց որ այս 20 երիտասարդները «մեր աչքերուն առջեւ կազմաւորուեցան եւ դաստիարակուեցան իբրեւ տիպար քաղաքացիներ ու հայրենասէր հայեր եւ այսօր հաստատ քայլերով պիտի շարունակեն իրենց երթը դէպի նորանոր բարձունքներ»:
Շրջանաւարտները հանդէս եկան Ժագ Ս. Յակոբեանի «Մենք» քերթուածի խմբական ներկայացումով: Հրաժեշտի ուղերձներ արտասանեցին Հայերէնով՝ Արամ Թիքճեան եւ Անուշ Յարութիւնեան, Անգլերէնով՝ Քրիստ Տապաղեան եւ Ֆրանսերէնով՝ Գայանէ Թորոսեան:
Բեմ հրաւիրուեցաւ տնօրէն՝ Րաֆֆի Սարգիսեան: Ան նշեց որ այսօրուան ստանալիք վկայականներով շրջանաւարտները կը միանան ծանր պատասխանատուութիւններ կրող այն փաղանգին որ իր յաճախած միջավայրերուն մէջ կը դառնայ Հայ ազգի ու դատի առաքեալը եւ իր յաջողութիւնները միշտ կը ծառայեցնէ ազգի վերելքին, շեշտելով, որ այդ հոգիով է որ թորոնթոհայ համայնքը կրցած է գոյատեւել: Սարգիսեան յայտնեց որ այս հունձքը յատուկ է որովհետեւ առաջինն էր որ այցելեց հայրենիք, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, որ սակայն չկրցաւ տեսնել թշնամիին յանձնուած Արցախը: Սարգիսեան վերյիշեցուց, որ անցեալ աւարտական հանդէսին վարժարանը ստեղծեց աւանդութիւն մը՝ յաջորդական հունձքերը անուանելու Հայրենիքի տարածքներու անուններով, ամրապնդելու մեր շրջանաւարտներու պահանջատէր ոգին. «Վկայելով ձեր տարիներու ընթացքին ցուցաբերած ազգանպաստ գործերն ու ձեր բուռն հայրէնասիրութիւնը, տպաւորուելով ձեր խմբային այն նկարէն ուր ձեր աչքերը յարած էիք դէպի շղթայուած Արարատ, եւ լսելով ձեր արտասանած բանաստեղծութեան «Մե՛նք աշխարհակալ անկախ Արարատ»ը, ձեր հունձքը կ’անուանենք ԱՐԱՐԱՏ հունձք: Ժամանակ մը, մեր սուրբ Արարատն ալ ոմանք վաճաօքի հանած էին: Մենք, այսօր, մեր առջեւ կանգնած Արարատ հոնձքին հետ միասին կը հաստատե,նք որ Արարատը մե՛ր սիրտն է, մե՛ր հոգին է, մե՛ր անմար պայքարի սրբազան խորհրդանիշն է» յայտարարեց Սարգիսեան:
12րդ կարգի ուսուցիչներուն, տնօրէնին եւ կրթական խորհուրդի ատենապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ Մրցանակ-վկայականներու բաշխումը:
Խօսք առաւ կրթական խորհուրդի ատենապետ՝ Տիար Շարապխանեանը, շնորհաւորելով շրջանաւարտները, ծնողները եւ ուսուցիչները: Ապա բեմ հրաւիրեց բազմավաստակ կրթական մշակ, 37 տարիներ վարժարանիս նախակրթարանին եւ միջնակարգին մէջ հայոց լեզու եւ գրականութիւն, ու պատմութիւն աւանդած, սերունդներ դաստիարակած, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքաշանին արժանացած, բոլորին սիրելի՝ Տիկին Յասմիկ Պապեանը: Շարապխանեան վեր առաւ Պապեանի տարիներու վաստակը, նշելով որ ան եղած է իր եւ Տնօրէն՝ Րաֆֆի Սարգիսեանին ուսուցիչը: Շարապխանեան յանձնեց պարգեւեալին ապակեայ գնահատագիր եւ Մայքըլ Արամի ձեռամբ պատրաստուած յուշամետաղ, որուն վրայ պատկերուած էր ՀՕՄի զինանշանը՝ շրջապատուած մանուկներով: Իր կարգին, պարգեւատրեալը փոխանեց իր սրտի խօսքը, նշելով յիշատակելի դէպքեր, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նախկին թէ ներկայ տնօրէններուն եւ պաշտօնակիցներուն եւ ապա յայտնեց որ պիտի կոչուի հանգստեան: Ներկաները յոտնկայս ծափողջոյններով իրենց գնահատանքը յայտնեցին Տիկին Պապեանի տարիներու վաստակին:
Սբ. Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հայր Վարդան Ծրգ. Վարդապետի սրտի խօսքէն եւ օրհնանքէն ետք հնչեց «վերջին զանգ»ը, «Արարատ» հունձքի շրջանաւարտները նետեցին իրենց գլխարկները, վերջին անգամ ըլլալով նկարուեցան ուսուցիչներուն հետ ու սրահէն դուրս ելլելով բարձր թռիչքով, հայու հոգիով, հայու առաքելութեամբ ու հայու հպարտութեամբ հրաժեշտ տուին վարժարանին՝ ուղուելու դէպի լուսաշող ապագայ:
Խ. Գուլաճեան
Comments are closed.