ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆԻ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏՈՒՆԸ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

9 Մարտ 2022ի առաւօտեան ժամը 8:45ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահէն ներս, Օնթարիօ Նահանգի Երկարատեւ Խնամքի նախարար՝ Փօլ Քալանտրա, ներկայութեամբ խորհրդարանի անդամներ՝ Արիս Պապիկեանի, Վինսընթ Քէի եւ Ռապին Մարթինի, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Նախագահ եւ ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» Կոմիտէի հերթապահ՝ Սեւակ Խօշեանի, տուաւ մամուլի ասուլիս մը, որու ընթացքին յայտարարեց որ Օնթարիոյի կառավարութիւնը պիտի աւելցնէ 1328 նոր եւ 641 վերանորոգուած երկարատեւ խնամքի անկողիններ՝ Թորոնթոյի 9 ոչ-շահութաբեր երկարատեւ խնամքի տուներու մէջ:

Այս յայտարարութեամբ, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին տրուեցան 256 անկողիններու արտօնագիրներ, այսպէս հնարաւորութիւն ընձեռելով Հայ Կեդրոնին, մեկնարկելու Հայ Կեդրոնի Տարեցներու Տուն (Hallcrown Seniors Home) ծրագիրը: Այս յայտարարութիւնը առաջին քայլն է այդ ծրագիրը իրականութիւն դարձնելու կեդրոնիս երկարամեայ ճիգերուն: Յառաջիկայ ամիսներուն, Հայ Կեդրոնի Երկարատեւ Խնամքի ծրագրումի յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները:

Հայ Կեդրոնի Տարեցներու Տունը պիտի ունենայ 256 նոր անկողիններ՝ օժանդակելով Մեծն Թորոնթոյի մէջ ապրող տարեցներու համայնքին: Հաստատութիւնը պիտի ներառէ ժամանակակից արհեստավարժութիւն, ծառայութիւններ եւ ծրագրաւորում՝ տարեցներու համար, երկարատեւ խնամքի կառավարումի իր գործընկերներուն հետ: Հայ Կեդրոնի բարեսիրական առաքելութեան եւ հիմնական արժէքներու համաձայն՝ երկարատեւ խնամքի տունը պիտի գործէ որպէս ոչ-շահութաբեր հաստատութիւն:

«Մեր Կառավարութիւնը պիտի բարելաւէ երկարատեւ խնամքի ծառայութիւնը եւ այդ ծրագիրի ամէնակարեւոր ազդակը՝ ժամանակակից, ապահով եւ հանգիստ տարեցներու տուներու կառուցումն է» յայտնեց Քալենտրա:

Թորոնթոհայ համայնքի զաւակ եւ Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ՝ Արիս Պապիկեան ըսաւ. «Հպարտ եմ մասնակից ըլլալու այս պատմական յայտարարութեան: Այսօրուան յայտարարութեանը մեծ նշանակութիւն ունի գանատական կարգ մը համայնքներու համար: 25 տարի ետք, Հայ Կեդրոնի երկարատեւ խնամքի երազը իրականութիւն դառնալու ճամբուն վրան է»:

Իր խօսքին մէջ, Հայ Կեդրոնի Նախագահ՝ Սեւակ Խօշեան ըսաւ. «Հայ Կեդրոնի Երկարատեւ Խնամքի Ծրագիրի յայտարարութեամբ եւ նախարարութեան շնորհած արտօնագիրներով, հպարտութեամբ կը յայտնենք, որ պիտի մատուցենք մեր համայնքի բոլոր զաւակներուն, իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին՝ անզուգական ծառայութիւններ, մեր միութիւններով եւ կազմակերպութիւններով: Հայ Կեդրոնի երկարատեւ խնամքի տունը զգալիօրէն պիտի բարելաւէ տարեցներուն մեր մատուցած ծառայութիւնները՝ ընդլայնելով Հայ Կեդրոնի Երէցներու Ընկերակցութեան, Հայ Օգնութեան Միութեան «Ռուբինա» մասնաճիւղի եւ Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակի գործելադաշտը»:

Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնը յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ յառաջիկային, ՀԱյ Կեդրոնի Տարեցներու Տուն ծրագիրին վերաբերեալ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.