Թեհրան Յանձնառու Կը Մնայ Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան «Կարմիր Գիծերուն» Նկատմամբ
- (0)

Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի Երեքշաբթի, 17 Յունիսին շեշտեց, որ իր երկիրը յանձնառու կը մնայ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան «Կարմիր գիծերուն» նկատմամբ:
Նշենք, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ը բանալու գաղափարէն չհրաժարող Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմախօսը Իրանն է:
Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին, որ արդեօք Ատրպէյճանի հետ քննարկա՞ծ են Հայաստանի Սիւնիքի մարզին վրայ հաւանական յարձակումներու հարցը, եւ արդեօք Պաքուէն հաւաստիացում ստացա՞ծ են, որ այդպիսի քայլի մը չդիմէ` օգտուելով ստեղծուած իրավիճակէն՝ Սոպհանի ըսաւ. «Մեզ հետաքրքրող հարցերուն շուրջ, ինչպէս նաեւ հաւանական մտահոգութիւններու մասին խօսած ենք եւ պիտի խօսինք»։
Մինչ այդ Սոպհանի յայտնած էր, որ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն հետ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենան:
«Մենք կը խորհրդակցինք եւ կապ ունինք տարածաշրջանի երկիրներուն հետ, մեր կարմիր գիծերը յստակ են, ապացուցած ենք, որ երբեք չենք շեղիր անոնցմէ: Անշուշտ կ՛ապրինք հաւանականութիւններու աշխարհին մէջ, բայց մենք փաստերու հետ կը գործենք: Մենք կը պահպանենք զգօնութիւնը. Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը եւս կը հետեւի զարգացումներուն: Մենք անընդհատ Հայաստանի կառավարութեան հետ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենա՛նք», ըսաւ Սոպհանի՝ աւելցնելով. «Մեր դիրքորոշումը յստակ է. Ատրպէյճանի դիրքորոշումն ալ յստակ արտայայտուած է`անոնք դատապարտած են յարձակող վարչակարգին կողմէ կատարուած գործողութիւնները»:
Արձագանգելով այն դիտարկումին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը յորդորած է ժողովուրդը Թեհրանէն տարհանել՝ ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութեան մասին տեղեակ եղած է մամուլէն: Մեզի համար յստակ է, որ Միացեալ Նահանգները այս պատերազմին պիտի աջակցի Իսրայէլին: Միացեալ Նահանգներու նախագահին սպառնալիքները կը խօսին այն մասին, որ թշնամին պարտուելու շեմին է: Իրավիճակը դուրս եկած է վերահսկողութենէն: Թրամփ սատկած ձի վարելու ընթացքի մէջ է», ըսաւ Սոպհանի: