Թեհրանի Մաջիտիէ հայկական թաղամասին մէջ բնակելի շէնք մը վնասուած է հրթիռային հարուածով
- (0)

Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով հրթիռային հարուածի թիրախ դարձած է Թեհրանի հին հայկական Մաջիտիէ թաղամասին մէջ գտնուող բնակելի շէնք մը, կը հաղորդէ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատունը։
Տեղեկութիւններու համաձայն՝ բարեբախտաբար բնակչութեան մէջ զոհեր չեն արձանագրուած, սակայն որոշ բնակիչներ փլատակներուն տակ մնացած են, եւ փրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին։
Մաջիտիէն կը համարուի Թեհրանի հին հայկական թաղամասերէն մէկը։ Տարիներ շարունակ այն յայտնի եղած է իր աշխոյժ համայնքային կեանքով եւ զարգացած ենթակառուցուածքներով, որոնց կազմաւորման եւ զարգացման մէջ նշանակալի դեր ունեցած են իրանահայերը։