Ըստ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան, Ազրպէյճան Կորսնցուցած Է Իր Քանակական Եւ Արհեստագիտական Առաւելութիւնը

27 հոկտեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը  ընթացքին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, որ  Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին ընթացքին ազրպէյճանական բանակը, անոր աջակցող թրքական եւ ահաբեկչական ուժերը կորսնցուցած են իրենց հսկայական քանակական եւ թեքնիք առաւելութիւնը:

«Պատերազմը իր բնոյթը որոշակիօրէն փոխած է: Մեր զինուած ուժերը կը վարեն բարդ մարտեր լեռներու վրայ, անտառներու եւ կիրճերու մէջ: Այսօր ոչնչացուած են քանի մը հետախուզական ներթափանցող խումբեր, քանի մը հատը փախուստի մատնուած` ձգելով որոշակի զինուորական մեքենաներ, բայց այս պատերազմը իր բնոյթով որոշակի բարդութիւն ունի: Թշնամին այլեւս կորսնցուցած է իր ահռելի քանակական առաւելութիւնը, իր արհեստագիտական առաւելութիւնը», յայտնեց Արծրուն Յովհաննիսեան:

Արծրուն Յովհաննիսեան նշեց, որ 27 հոկտեմբերի առաւօտեան ազրպէյճանական զինուած ուժերը կրկին շարունակած են յարձակողական գործողութիւններ իրականացնել տարբեր ուղղութիւններով, միաժամանակ քանի մը բնակավայրերու խաղաղ բնակիչներուն նկատմամբ կիրարկուած է հրետանի:

Անոր համաձայն, գիւղերուն ուղղութեամբ, իբրեւ կանոն, կը մօտենան ազրպէյճանական հետախուզական փոքր խումբեր, որոնք կը բերեն թեթեւազէն սպառազինութիւն:

Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնը օրուան ընթացքին յայտնեց, որ ռմբակոծուած են Արցախի Ասկերանի շրջանի Սարուշէն եւ Խաչմաչ գիւղերը, ինչպէս նաեւ Մարտունիի շրջանի Ննգի գիւղի բնակելի հատուածները, ուր ապաստանած էին տարբեր շրջաններէ ժամանակաւորապէս տեղահանուած քաղաքացիներ: Արձանագրուած են վիրաւորներ:

Միւս կողմէ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր  Շուշան Ստեփանեան նշեց, որ 27 հոկտեմբերի առաւօտեան, ժամը 10:00-10:15-ի շուրջ, հերթական անգամ խախտելով հրադադարի դրութիւնը, ազրպէյճանական կողմը անօդաչուներով (որոնցմէ մէկը ինկած է Հայաստանի տարածքին մէջ) եւ հրթիռահրետանային միջոցներով ռմբակոծած է Հայաստանի հարաւային սահմանի Իրանի հետ հատման կէտի հայկական սահմանապահ ուժերու դիրքերը:

Հայաստանի հարաւային ուղղութեամբ թշնամիին այդ ոտնձգութիւնները կանխելու նպատակով Հայաստանի սահմանապահ ուժերը դիմած են կանխարգելիչ գործողութիւններու` հակառակորդին պատճառելով զգալի վնասներ եւ կորուստներ:  Ստեփանեան նշեց, որ հակառակորդը սահմանի տուեալ հատուածին մէջ օգտագործած է անօդաչու թռչող սարք:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ:

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ազրպէյճանական-թրքական յարձակումներուն պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեամբ թշնամիի գործողութիւններուն դէմ պայքարին միտուած քայլերը:

Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետը Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը յայտնեց  Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութիւններուն` Արցախի ժողովուրդի ազատ ու անկախ կեանքի իրաւունքի պաշտպանութեան արդար պայքարին մէջ:

Երէկ ժողովուրդին յղուած ուղերձին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Արցախի ժողովուրդը, հայ ժողովուրդը, ամբողջ հայութիւնը պիտի կռուի անմնացորդ` ամէն ծառի, ամէն քարի, ամէն սանթիմեթրի եւ ամէն միլիմեթրի համար, եւ անհրաժեշտ պահուն ճշգրիտ հասցուած հակահարուածը թշնամիին համար կործանարար փլուզման ազդեցութիւն պիտի ունենայ:

Արցախի պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար զօր. Ջալալ Յարութիւնեան զերծ կացուցուեցաւ իր պաշտօնէն` վիրաւորուած ըլլալուն պատճառով, եւ անոր փոխարէն նշանակուեցաւ Միքայէլ Արզումանեան, որուն շնորհուած է զօրավար-տեղակալի զինուորական կոչում:

Այս մասին Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան գրեց. «Ջալալ Յարութիւնեանի ազատման որոշումը պահու հրամայական է`  պայմանաւորուած օրերս մարտական դիրքերու վրայ անոր ստացած վիրաւորումով եւ տարամեկնաբանութիւններու առիթ պէտք չէ հանդիսանայ:

«Ապաքինում կը մաղթեմ Ջալալ Յարութիւնեանին եւ համոզուած եմ, որ ան շատ շուտով պիտի վերադառնայ հայրենիքին ծառայութեան:

«Վստահ եմ, որ Միքայէլ Արզումանեանը նոր պաշտօնով կը գիտակցի  պատասխանատուութեան աստիճանը եւ ջանք ու եռանդ պիտի չխնայէ  այդ վստահութիւնը արդարացնելու»:

Միքայէլ Արզումանեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին բարձր վստահութեան համար` խոստանալով կարելին ընել ժողովուրդին ակնկալութիւնները լաւագոյնս արդարացնելու համար. «Կը ծառայեմ հայրենիքիս», հաստատեց ան:

Արցախի նախագահի մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեան աւելի ուշ յայտնեց, որ բանակի նոր նշանակուած հրամանատար, զօր. Միքայէլ Արզումանեան արդէն հրամանատարական կէտին վրայ է եւ լիարժէք կը կատարէ իրեն վստահուած պարտականութիւնները` շեշտելով, որ Միքայէլ Արզումանեան տարիներէ ի վեր եղած է թշնամիին ահ ու սարսափը:

Վահրամ Պօղոսեան նաեւ դիտել տուաւ, որ Ջալալ Յարութիւնեանի կեանքին վտանգ չի սպառնար, մարտական դիրքերէն մէկուն մէջ անոր վիրաւորուելէն ետք այժմ բուժման ենթակայ է:

Հայաստանի Ազգային ժողովը առաջին ընթերցումով ընդունեց «Պաշտպանութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին եւ յարակից օրէնքներու մէջ լրացումներ կատարելու մասին օրէնսդրական փաթեթը, որով կը ստեղծուի աշխարհազօր եւ կը սահմանուի այդ եզրոյթը: Այս մասին օրէնսդրական փաթեթը 27 հոկտեմբերին հրաւիրուած Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ներկայացուց պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Գաբրիէլ Բալայեան:

Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորները ծաղիկներ զետեղեցին եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին 27 հոկտեմբերի ոճրագործութեան զոհերու յիշատակին` անոնց յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին մօտ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.