Ըստ «Իզվեսթիա»-ին. «Ռուսիան Հայաստանին Եւ Ազրպէյճանին Օգնած Է Համաձայնութեան Գալ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Ճամբով Մայրուղիի Շուրջ. Կը Մնայ 6 Քիլոմեթր Փոքր Հատուածի Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնել»
Ռուսիան Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին օգնած է «Զանգեզուրի միջանցք»-էն անցնող մայրուղիի շուրջ համաձայնութեան գալու, կը մնայ համաձայնութիւն գոյացնել 6 քիլոմեթրնոց փոքր հատուածի շուրջ:
Այս մասին «Իզվեսթիա»-ին յայտնած է իրազեկ բարձրաստիճան աղբիւրը: Անոր համաձայն, ռուսական «Աւթոտոր»-ը պիտի օգնէ աւարտել երկաթուղիի համակարգումը, ձգձգման պատճառը տեղւոյն լեռնային բնութիւնն է: Ճամբու մնացած 40 քիլոմեթրին վրայ պիտի օգտագործուին հին խորհրդային ճամբաներ: Աղբիւրը նշած է, որ Երեւանը արագացուցած է նախագիծի հաստատումը, երբ Պաքուն սկսած է ոչ թէ Հայաստանէն, այլ Իրանէն ճամբայ կառուցել:
«Իզվեսթիա»-ի հետ զրուցած քաղաքական գործիչներն ու փորձագէտները կը կարծեն, որ միջանցքի բացման յետաձգման հիմնական պատճառը երկու կողմերուն միջեւ վստահութեան բացակայութիւնն է եւ եռակողմ համաձայնագիրներու բնագիրներու ընթերցման տարբերութիւնը:
Բարձրաստիճան աղբիւրը «Իզվեսթիա»-ին յայտնած է, որ հակառակ «երկու կողմերու բաւական կարծր քաղաքական յայտարարութիւններուն, փոխադրամիջոցային միջանցքի շուրջ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ Մոսկուայի միջնորդութեամբ կառուցողական երկխօսութիւն սկսած է»:
«Ազրպէյճանն ու Հայաստանը շատոնց` արդէն անցեալ տարուան աշնան համաձայնած են դէպի Նախիջեւան երկաթուղային միջանցքի շուրջ: Սակայն 3 յունիսին փոխվարչապետներու վերջին հանդիպումի ընթացքին անոնք կրցած են համաձայնիլ ապագայի երկաթուղիի շուրջ, բացառութեամբ բացակայող 6 քիլոմեթրնոց հատուածի: Այնտեղ լեռներ կան, եւ ռուսական «Աւթոտոր»-ը փորձագէտներ կ՛ուղարկէ` պարզ ճարտարապետական լուծում առաջարկելու համար», բացատրած է աղբիւրը:
«Երկաթուղին հայկական կողմէն պիտի անցնի Արաքս գետի երկայնքով: Մնացեալ հատուածին մէջ, ըստ զրուցակիցին, պիտի օգտագործուին հին խորհրդային ճամբաները, որոնք մինչեւ 1992 թուականը Նախիջեւանը հայկական տարածքով կը կապէին Զանգելանի (Կովսական) շրջանին հետ: Անոնք պահպանուած են ապագայ միջանցքի գրեթէ ամբողջ երկայնքին, մնացած է միայն Նախիջեւանի շրջանի եւ Հայաստանի սահմանին վրայ մէկ հատուած», բացատրած է աղբիւրը:
«Իզվեսթիա»-ի զրուցակիցը մանրամասնած է, որ հայկական կողմը արագացուցած է բանակցային հոլովոյթը, երբ Պաքուն այս տարուան մարտին Թեհրանի հետ ստորագրած է յուշագիր` Ազրպէյճանի Արեւելեան Զանգեզուր տնտեսական շրջանէն դէպի Նախիջեւան Իրանի տարածքով ճամբայ բանալու մտադրութեան մասին: