Ընդդմիադիր Կուսակցապետը Ցեղասպանութիւնը Ուրանալու Հարցով Կ՛աջակցի Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն
3496
0
Թուրքիոյ ազգայնամոլներու Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն անջատուածներուն գոյացուցած «Լաւ» կուսակցութեան նախագահ Մերալ Աքշեներ իր աջակցութիւնը յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու իշխանութիւններուն ջանքերուն: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։
Ընդդիմադիր կուսակցապետը նշեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ յաճախ կ՛ընդդիմանայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի քայլերուն, ինք ամբողջութեամբ կը զօրակցի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրներուն դէմ Էրտողանի խիստ հակադարձութիւններուն, պնդելով, որ «ցեղասպանական պնդումները զրպարտանք են»:
«Ամէն տարուան Ապրիլ ամսուան մէջ որոշ երկիրներ կը ջանան Թուրքիոյ վարկը սեւցնել 1915ի դէպքերուն գծով: Պատմութիւնը ակնյայտ է իր ամբողջ ճշմարտութեամբ», աւելցուց Աքշեներ: