Ընդդիմութեան Ծանր Օրակարգը. Ի՞նչ Են Լուծումները

Horizon Weekly Newspaper

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Մեր հայրենիքը օրէ օր աւելի ու աւելի կ՛ընկղմի կործանումի խորխորատն ի վար: Եւ` բոլո՛ր բնագաւառներէն ներս:

Թշնամին գրաւած է մեր հայրենիքի տարածքին 25 տոկոսը: Ան մխրճուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներէն ներս` հակառակ սուտիշխանութիւններու սկզբնական հաւաստիացումներուն, թէ «Սեւ լճի մէկ երրորդը մեր հակակշռին տակ է», կամ` «Ձիւնապատ լեռներու համար պիտի չկռուինք», կամ` «Բանակը ժողովո՛ւրդը եւ ոչ թէ ամայի տարածքները պաշտպանելու համար է» եւ նման բազում եւ բազում անհեթեթութիւններ:

Այս սուտիշխանութիւնները կազմակերպուած անկազմակերպուածութիւն ստեղծեցին պատերազմի առաջի՛ն իսկ օրէն` շրջանցելով բանակին կարգակառոյցը ու ստեղծելով միտումնաւոր քաոս: Բան մը, որ մեզ առաջնորդեց անխուսափելի կորուստներու:

Նոյն սուտիշխանութիւնները կազմակերպուած քաոս ստեղծած են մեր երկրի օրինական, օրէնսդրական, դատական, տնտեսական ու հանրային բարոյահոգեբանական բնագաւառներէն ներս` քանդելով պետութեան հիմքերը ամէնօրեայ կշռոյթով:

Անոնք կ՛ուրանան թէ՛ Թուրքիայէն եւ թէ՛ Ազրպէյճանէն մեր ժողովուրդին ունեցած արդար պահանջներն ու իրաւունքները: Սուտիշխանութիւնները կը գործեն իբրեւ թշնամիին կողմէ մեր երկիրը ներմուծուած-մաքսանենգուած Տրովադայի ձի ու` ամենա՛յն լկտիութեամբ ու անբարոյութեամբ:

Այս սուտ իշխանութիւնները ամէնօրեայ դրութեամբ կը խաբեն ու կը մոլորեցնեն մեր ժողովուրդը: Անոնք կը գործեն բացառապէս ու ի գին ամէն ինչի իրենց իշխանութիւնը պահպանելու տրամաբանութեամբ: Անոնք չունին այլ օրակարգ: Ուժային կառոյցներու պարագային, սուտիշխանութիւնները նիւթապէս կը կաշառեն (իրենց բառերով` պարգեւավճար) իրենց իշխանութեան յենարան անձերը` բացէն ի բաց, ու կարգ մը գործարար շրջանակներու համար կը ստեղծեն նիւթական նպաստաւոր պայմաններ (ի հեճուկս ժողովուրդի բարօրութեան)` այս ձեւով գնելով նաեւ նոյն այս շրջանակներուն հաւատարմութիւնը:

Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան կա՛մ շինծու օրէնքներով եւ կա՛մ գործող օրէնքի ու օրինականութեան բացայայտ խախտումներով, որովհետեւ, ինչպէս ըսինք, սուտիշխանութիւնները (ժողովրդային բառերով) թքա՛ծ ունին օրէնքին ու օրինականութեան վրայ: Վերջին օրինակը կու գայ նոր մահացած քաղաքական բանտարկեալ Արմէն Գրիգորեանի հարցով դատաւոր Արուսեակ Ալեքսանեանէն, որ այս առիթով գրած է. «Միակ բանը, որ ես ցաւում եմ, որ մարդ է մահացել: Այլ առիթով ես անհանգստանալու կարիք չեմ տեսնում»: Այսինքն ինք (կը ներէք) թքա՛ծ ունի այն փաստին վրայ, որ Արմէն Գրիգորեանը ապօրինաբար ձերբակալուած է, որ Արմէն Գրիգորեանը բանտն է պարզապէս իր քաղաքական հայեացքներուն համար, որոնք հակադրուած են սուտիշխանութեան վարքագծին:

Իրենց այս վարքագիծին մէջ, այս սուտիշխանութիւնները կը վայելեն մեր թշնամի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի, ինչպէս նաեւ ընդհանրական Արեւմուտքի (ԱՄՆ եւ Եւրոպական միութիւն) եւ Ռուսիոյ բացայայտ, կամ ծածուկ զօրակցութիւնը եւ քաջալերանքը:

Այս պատճառով ալ մեր երկիրը դադրած է քաղաքական ազդակ ըլլալէ: Սուտիշխանութիւնները շատոնց դադրած են պետութեան շահերը պաշտպանելէ ու դարձած են մահացու պալար` մեր ազգի օրկանիզմէն ներս:

Մեր երկիրը, պետութիւնն ու ազգը` իբրեւ ամբողջութիւն, ամէն օր կը գլորին կործանումի խորխորատն ի վար, ու կը ազգովին կը դիմագրաւենք գոյութենական խնդիր:

Ընդդիմութեան ընելիքը

Խորապէս համոզուած եմ, որ այսօր ինչպէս ընդդիմութեան, այնպէս ալ բոլոր ողջմիտ հայերու դիմաց դրուած է մեր ազգի լինել-չլինելու խնդիրը: Այդպէս բնորոշեց ընդդիմութեան առաջնորդ Իշխան Սաղաթելեանը: Բազմիցս այդպէս բնորոշեցին նաեւ ընդդիմութեան հարթակէն պաշտօնական խօսք առնողները:

Աչքի առջեւ ունենալով այս սուտիշխանութեան ի ծնէ խարդախ ու դաւաճանական էութիւնը` ընդդիմութիւնը պարտի գործելու այնպէս, ինչպէս եթէ ինք ըլլար երկրի ղեկին:

Ընդդիմութիւնը մեր երկիրն ու ժողովուրդը պիտի առաջնորդէ ցարդ չկոխուած ճամբաներէ: Թէ՛ իր խօսքով եւ թէ՛ իր գործով, ընդդիմութիւնը հանրութեան պիտի ներկայանայ առանց լղոզելու ու շատ անկեղծ: Ընդդիմութեան այս յատկանիշը թէեւ եղած է տեսանելի, սակայն ցարդ չէ եղած տիրական ու գերիշխող: Մարդիկ պատրուակ պիտի չգտնեն ընդդիմութեան գինիին մէջ ջուր փնտռելու:

Ընդդիմութիւնը պարտի յայտարարելու հետեւեալը Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքով պիտի ամրագրուի, որ երկրի ազգային անվտանգութիւնը, հողային ամբողջականութիւնը, ազգային ներքին համերաշխութիւնը եւ ընկերային արդարութիւնը կը կազմեն մէկ ու միացեալ ամբողջութիւն եւ գերագոյն արժէքներ են: Հետեւաբար բոլոր անոնք, որոնք իրենց գործով կամ խօսքով կը վնասեն այս արժէքային համակարգին, հետեւաբար նաեւ` երկրի լինելութեան, պատասխանատու պիտի համարուին օրէնքին առջեւ:

Այսօրուան իշխանութիւնները իրենց բոլոր տեսակի ապօրինութիւնները, ընդդիմութեան նկատմամբ հալածանքները կը փորձեն «օրինականացնել»:

Տարբեր խօսքով, օրէնքներ կը հնարեն, որպէսզի կարենան երկիրը իրենց ամբողջական հակակշիռին տակ պահել: Առ այս, ընդդիմութիւնը պարտի յայտարարելու, որ ժողովուրդը իրաւունք ունի ըստ այնմ վերաբերելու, ի հարկին` ընդվզելու բոլոր անարդար օրէնքներուն դէմ, եւ որ իր առաքելութիւնն է առաջնորդելու ժողովուրդը բոլոր տեսակի անարդարութեանց դէմ անոր պայքարին մէջ: Որովհետեւ նոյնիսկ Քրիստոս ինք 2000 տարի առաջ յայտարարած էր, որ օրէնքը մարդուն համար է եւ ոչ թէ մարդը` օրէնքին համար:

Տարբեր խօսքով, ընդդիմութիւնը պիտի գործէ «ասիմեթրիք» (տարականոն) մեթոտաբանութեամբ ու պիտի ըլլայ վճռական: Ընդդիմութիւնը պիտի մերժէ խաղալ սուտիշխանութեան հաստատած խաղի կանոններով, այլ ընդհակառակը` պիտի աշխատի իշխանութիւնը բռնագրաւած խմբակը բերել ի՛ր իսկ սահմանած ու սահմանագծած ռազմադաշտը: Ու հո՛ն պիտի տայ վճռական հարուածը:

Ընդդիմութիւնը նաեւ արտաքին աշխարհին, մեզի խօսակից որ թշնամի, յստակ պատգամ պիտի ուղարկէ, թէ մեր ժողովուրդը կը մերժէ՛ իրեն պարտադրուած պարտութեան օրակարգը, եւ որ` Տրովադայի ձիուն հետ պիտի վարուինք այնպէս, ինչպէս կը թելադրէ մեր երկրի ազգային անվտանգութիւնը:

Երբ իշխանութիւնը գործէ այս ներքին տրամաբանութեամբ, ինքնաբերաբար ու աստիճանաբար ան Հայաստանին կը վերադարձնէ քաղաքական ազդակի ստորոգելիները: Ու այն ատեն է, որ մեր արտաքին խօսակիցները եւ թշնամիները պիտի սկսին մեր երկիրը հաշուի առնելու: Այն ատեն է, որ մեր երկրի կործանման ընթացքը կանգ կ՛առնէ, ու կը սկսի առաջընթացը: Այս կէտին վրայ այլեւս մանրամասնութեան կը վերածուի սուտիշխանութեան խնդիրը, ու անոր հեռացումը կրնայ շատ կարճ ժամանակի խնդիր ըլլալ:

Բայց այլեւս կարելի չէ յապաղիլ: Մեր երկիրը այլեւս կրնայ չդիմանալ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.