ԷՐՏՈՂԱՆԻ «ՄԱՍՏԸՐ ԿԼԱՍ»-ԻՆ ՊԷՏՔ ՉՈՒՆԻՆՔ
Խ. Տէր Ղուկասեան
Ի սկզբանէ յստակացում մը. այս ակնարկը Հայաստանի երկրորդ Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի 28 Սեպտեմբեր 2022-ի մամլոյ ասուլիսին քննարկումը չէ: Այդ մամլոյ ասուլիսին, Քոչարեան բացատրեց իր և Լևոն Տէր Պետրոսեանի տեսակէտներու տարբերութիւնը ինչ կը վերաբերի ներկայ ճգնաժամէն դուրս գալու միջոցներուն: Արտայայտուած գաղափարները, չըսուածներն ու մինչև իսկ երկրորդ Նախագահին լռութիւնները առանձին մեկնաբանական վերլուծումի կը կարօտին ի մտի ունենալով ե՛ւ իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը, ե՛ւ ընդդիմութեան պարզած իրավիճակը: Կարելի է համակրիլ կամ ոչ Քոչարեանին, կարելի է համաձայն ըլլալ կամ ոչ հետը, և հակառակ իր նախագահութեան երկու ժամանակաշրջաններու բազմաթիւ թերիներուն որոնք երկարաժամկէտ ազդեցութիւն ունեցան ընդհանրապէս հայրենի քաղաքական գործընթացին վրայ, ի մասնաւորի ներ-Հայաստանեան ոլորտին մէջ, ոչ ոք կրնայ ժխտել իր պետական մարդու յատկանիշը, խօսածին յստակութիւնը և արտայայտած տեսակէտներուն անկեղծութիւնը:
Առաւելաբար կեդրոնանալով ազրպէյճանական անմիջական սպառնալիքին և հայ-ռուսական ու հայ-պարսկական յարաբերութիւններուն վրայ, Քոչարեան անխուսափելիօրէն անդրադարձաւ նաև հայ-թրքական յարաբերութիւններուն և Էրտողանին: Այս վերջինը, ըսաւ, միջազգային քաղաքականութեան «մաստըր կլաս» մը կրնայ տալ: Այդ ըսելով, Քոչարեան ի մտի ունէր Էրտողանի յաջողութիւնը Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը երրորդ կողմի, ի մասնաւորի ԱՄՆ-ի և Ռուսիոյ, ազդեցութիւններէ զերծ պահելու նախանձախնդրութեան մէջ: Այս հաստատումը չի՛ կրնար տարակարծութեան առիթ տալ: Ընդհակառակը, անոնք որոնք հակուած են Էրտողանի Թուրքիան լոկ Ուաշինկթընի կամակատարը նկատելու, Արևմուտքի ձեռքին պարզ գործիք՝ Ռուսիան տկարացնելու միտուած, և նման պարզացուած տրամաբանութեան միակ հիմնաւորում կը նշեն երկրի անդամակցութիւնը Հիւսիս Ատլանտեան Համաձայնագրի Կազմակերպութեան (ՆԱԹՕ), Քոչարեանի այս մամլոյ ասուլիսէն յետոյ թերևս քիչ մը աւելի խորը մտածեն նման պարզունակ վերլուծումներով հանդէս գալէ առաջ:
Քոչարեան, այո, իրաւունք ունի Էրտողանին պետական մարդու կերպարին մասին իր վկայութեամբ: Այդ մէկը սակայն չի նշանակեր որ անհրաժեշտ էր Թուրքիոյ «զօրաւոր մարդ»ուն նկատել «մաստըր կլաս» տուող մը, ինչ որ իր տրամաբանութեամբ կ’ենթադրէ նաև անոր ականջալուր ըլլալ և իրմէ դասեր առնել: Էրտողանի, և իր հայրենասիրութեան, մասին հիացումով կրնայ արտայայտուիլ Սփիւռքի ինչ որ թերթի մը խմբագիրը չես գիտեր ի՛նչ դրդապատճառով կամ որու/որոնց հետ յօդուածով մը հաշիւ մաքրելու մտադրութեամբ: Բայց ոչ երկրորդ Նախագահը: Քոչարեան վստահաբար Էրտողանին կը նկատէ հայութեան թշնամի, Հայաստանի սպառնալիք: Ատով հանդերձ, զգոյշ պիտի ըլլար իր բառերու ընտրութեան մէջ երկու պատճառով:
Առաջին, 1990-ականներուն փանթրքութեան սպառնալիքը ժխտելու ճիգ ընող ՀՀՇ-ականներէն մինչև այսօր Թուրքիոյ հետ «չթշնամանք»ային յարաբերութիւններու չքնաղային տեսութիւններու մշակման փորձով զբաղուող ՔՊ-ական սոփեստները, որոնք Թուրքիոյ հետ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման իրենց փութկոտութեան մէջ շատ հաւանաբար պատրաստ ըլլան նաև «պրակմատիկ» թէ ռէալ հիացում մը ունենալ Էրտողանին հանդէպ, առիթը պիտի չփախցնեն յիշեցնելու որ Քոչարեանը համաձայն եղած է իրենց հետ և մէջբերելու հարցազրոյցի այս նախադասութիւնը: Արդարև, եթէ երկրորդ Նախագահը կը խօսի Էրտողանի միջազգային քաղաքականութեան մասին որպէս «մաստըր կլաս», ապա եթէ այս վերջինը Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքէ, այդ ևս պիտի ըլլայ իր մէկ նոր «մաստըր կլաս»ը: Կարելի է այս հեռանկարային ենթադրութիւնը նկատել շատ «մազերէն քաշուած», բայց պէտք է գիտակցիլ թէ իշխանութեան վրայ գտնուող քաղաքական ուժը հայրենի իրականութեան մէջ գործող քաղաքական բոլոր ուժերէն ամենէն աւելին տիրապետած է Փի.Ար.-ի թելնիքներուն, այնքան որ, փաստօրէն, քաղաքականութիւնը նոյնացուցած է Փի.Ար.-ի հետ, և բնաւ հարց պիտի չունենայ այս տրամաբանութեան հետևումով իրականութեան ֆէյքացման ամբողջ արշաւ մը սկսելու:
Երկրորդ պատճառը որուն համար Քոչարեան տարբեր բառապաշարով պիտի ըսէր այն ինչ կ’ուզէր փոխանցել Էրտողանի մասին, «մաստըր կլաս»ի պատկերաւորման ենթադրած հետևումներուն կը վերաբերի: Բացի անոնցմէ որոնք կը հաւատան Ազրպէյճանի վերացման թէզերուն, իր վերապրումին համար մաքարող և հողերու ազատագրութեան ձգտող Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը չեն կրնար դասեր քաղել մեծապետական նկրտումներով Միջին Արևելքէն մինչև Հիւսիսային Ափրիկէ, Եգէականէն մինչև Կովկաս զինուորական ուղղակի միջամտութեամբ թէ իսլամիստ հրոսակներու ճամբով այլ երկիրներու և ժողովուրդներու ողբերգութեանց ու աղէտի պատճառ դարձող արտաքին քաղաքականութենէ մը:’
Եթէ «մաստըր կլաս» տուող պետական անձնաւորութիւններ կան որոնց պիտի նայիլ որպէս Հայաստան և հայ ժողովուրդ, ապա և անոնք Չէ Կեվարաներն ու Նելսոն Մանտելաներն են, Օլաֆ Փալմէներն ու Ֆրանսուա Միթերաններն են, Ինասիօ Լուլա Տա Սիլվան ու Խոսէ Փէփէ Մուխիքան են: Անոնցմէ ոմանք ազատագրական պայքարներու ակտիւ մասնակիցներ եղած են, և բոլորը անխտիր, երբ միջազգային քաղաքականութեան մէջ դերակատարութեան առիթ ունեցած են, յանձնառու եղած են այլ ժողովուրդներու ազատագրութեան դատերուն, փորձած են արտաքին քաղաքականութեան անխուսափելի իրապաշտութեան մէջ իրենց հաւատացած համամարդկային սկզբունքներուն տեղ տալ ի խնդիր աւելի ազատ, աւելի արդար, աւելի հաւասար և աւելի համերաշխ աշխարհակարգի, և, ամէն պարագայի, երբեք չեն իտէալականացուցած ռազմատենչութիւնը, կայսերական սնապաշտութիւնը և մեծապետական նկրտումները:
Այդ վարքագիծը, բնականաբար, կ’ենթադրէ նաև ներքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ յանձնառութիւն ժողովրդավարութեան, մարդ անհատի, փոքրամասնութեանց թէ տաբեր բնոյթի հաւաքականութիւններու իրաւունքներու ընդլայման, ընկերային արդար կարգերու ուր կրօնական թէ այլ ամէն տեսակի խտրականութիւն պիտի վերանայ և ուր ժողովուրդը, աշխատաւոր հանրութիւնը, իր բարօրութիւնը և ազատ զարգացումը ապահովելու ամէն երաշխիք կ’ունենայ: Այս բոլորը երբեք կարելի պիտի չըլլայ գտնել Էրտողանի, թէ իր նման և իրեն գաղափարակից թէ պայմանական գործընկեր ամբողջատիրական դէմքերու ոևէ մէկուն «մաստըր կլաս»ներուն մէջ: