Եւրոպական Խորհրդարանի Յանձնախումբը Ազրպէյճանի Դէմ Պատժամիջոցներ Կիրարկելու Կոչ Ուղղած Է
Եւրոպական խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը ընդունած է Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան միասնական քաղաքականութեան իրականացման եւ ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան իրականացման տարեկան զեկուցումները:
«Արմէնփրես»-ի Պրիւքսելի թղթակիցին համաձայն, զեկուցումները կը դատապարտեն Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, նախապէս ծրագրուած ռազմական յարձակումը Արցախի դէմ: Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան միասնական քաղաքականութեան իրականացման տարեկան զեկուցումին մէջ նշուած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած յարձակումը չի կրնար անհետեւանք մնալ, եւ կոչ կ՛ուղղուի Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներ կիրարկելու ազրպէյճանական իշխանութիւններուն դէմ, որոնք պատասխանատու են հրադադարի բազմաթիւ խախտումներուն համար: Ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղուի կասեցնելու ուժանիւթի վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիրը, եւ հաշուի առնելով վերջին իրադարձութիւններն ու Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու ողբալի իրավիճակը դադրեցնելու նոր գործընկերութեան համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւնները Ազրպէյճանի հետ:
«Ազրպէյճանի հետ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններու որեւէ խորացում պէտք է պայմանաւորուի անով, որ երկիրը էական յառաջընթաց արձանագրէ մարդու իրաւունքներու, օրէնքի գերակայութեան, ժողովրդավարութեան եւ հիմնարար ազատութիւններու, որոնց շարքին` ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան հարցին մէջ», նշուած է զեկուցումին մէջ:
Զեկուցումը կ՛ողջունէ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան ստեղծումը, որուն նպատակն է նպաստել շրջանին մէջ անվտանգութեան բարձրացման, կոչ կ՛ուղղէ Եւրոպական խորհուրդին աւելցնելու առաքելութեան կազմին մէջ տեղակայուած փորձագէտներու թիւը, աւելցնելու առաքելութեան կարողութիւնները եւ աշխարհագրական շրջանակը, ինչպէս նաեւ երկարաձգելու անոր տեղակայման ժամկէտը եւս հինգ տարիով: Ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղուի թոյլ տալու նոյն առաքելութեան տեղակայումը իր տարածքին եւ Արցախի մէջ: Զեկուցումին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Հայաստանի անվտանգութեան, անկախութեան ու ինքնիշխանութեան պաշտպանութեան հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան աջակցութեան մասին: Զեկուցումին մէջ կոչ կ՛ուղղուի «նպաստելու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ կողմերուն միջեւ յաւելեալ համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան»:
Եւրոպական խորհրդարանի ընդունած ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան իրականացման տարեկան զեկուցումը իր կարգին կը դատապարտէ Ազրպէյճանի նախապէս ծրագրուած եւ չարդարացուած յարձակումը Արցախի հայութեան վրայ եւ կը պահանջէ պաշտպանել հայկական մշակութային, պատմական եւ կրօնական ժառանգութիւնը Արցախի մէջ` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի չափանիշներուն եւ Ազրպէյճանի միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան: Զեկուցումը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող խաղաղ բանակցութիւններուն, որոնք լրջօրէն խոչընդոտուած են Արցախի դէմ վերջին ռազմական գործողութեան եւ տէ ֆաքթօ ցեղային զտումներուն պատճառով:
Comments are closed.