Եւրոպական Դատարանը Պաքուէն Հայ Գերիներու Մասին Հաշուետուութիւն Կը Պահանջէ

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Ազրպէյճանէն կը պահանջէ Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող 23 հայ գերիներու պահման եւ առողջական վիճակի մասին մինչեւ 4 նոյեմբեր հաշուետուութիւն ներկայացնել:

Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող հայ գերիները շուրջ 3 ամիսէ ի վեր յայտնուած են կատարեալ մեկուսացման մէջ, որեւէ միջազգային անկախ կառոյց անոնց հետ չէ տեսակցած: Անոնց պահման, առողջական ու հոգեբանական վիճակին մասին տեղեկութիւն չկայ:

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները վերջին անգամ հայ գերիներուն հետ տեսակցած էին յունիսին: Միջազգային կառոյցը սեպտեմբերէն Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն պահանջով վերջնականապէս դադրեցուց Պաքուի մէջ իր գործունէութիւնը: