Երեւան Չի Յստակացներ, Որ Արդեօք Արցախի Վերաբերեալ Դրոյթ Կա՞յ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի 6րդ Տարբերակին Մէջ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը չյստակացուց, որ արդեօք Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան 6րդ տարբերակին մէջ կա՞յ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ որեւէ դրոյթ: Անիկա պաշտօնական Պաքուին փոխանցուեցաւ 21 Նոյեմբերին։

Պաքուի առաջարկները հայկական կողմը ստացած էր նախքան Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումը:

Պատասխանելով «Ազատութեան» ուղղած գրաւոր հարցումին, որ արդեօք վերջին խմբագրութեան մէջ կա՞յ Արցախի հայերուն իրաւունքներուն եւ ապահովութեան վերաբերող դրոյթ՝ արտաքին գործող նախարարութիւնը պատասխանեց՝ ըսելով. «Հայաստանի համար առաջնային է Հայաստանի եւ Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը, երկու երկրների միջեւ սահմանի սահմանազատման ուղղութեամբ աշխատելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը` հիմնուելով Խորհրդային Միութեան գլխաւոր շտաբի ամենաթարմ քարտէզների վրայ, տարածաշրջանային կապուղիների ապաշրջափակումը` հիմնուած ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքների վրայ»։

«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի հայաթափումէն ընդամէնը երկու ամիս առաջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը յայտարարէր, թէ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն մէջ Երեւանի կարմիր գիծերէն է նաեւ Արցախի հայութեան իրաւունքներու եւ ապահովութեան հարցը:  «Այժմ ո՞րն է հարցի վերաբերեալ պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը: Արտաքին գործերի նախարարութիւնից յղում են անում Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործերի նախարարի եւ միւս պաշտօնեաների հրապարակային ելոյթներին: Այդ ելոյթներում Փաշինեանն ու թիմակիցները Ղարաբաղի ժողովրդի իրաւունքներին եւ անվտանգութեանն առնչուող որեւէ դիրքորոշում չեն յայտնում», նշեց  «Ազատութիւն»ը:

Նախորդ շաբաթ՝ արձագանգլով Արցախի ապագային վերաբերեալ ընդդիմութեան հարցումին` Փաշինեան յայտարարեց, թէ իր հարցը Հայաստանի Հանրապետութեան ապագան է:

Comments are closed.